Սուրիացի Գրող, Հայագէտ Նիզար Խալիլի Իր Մահկանացուն Կնքեց
«Գանձասար»- Չորեքշաբթի, 8 Մայիս 2019-ին իր մահկանացուն կնքեց քեսապաբնակ սուրիացի գրող, մանկավարժ եւ հայագէտ 93-ամեայ Նիզար Խալիլին:
Նիզար Խալիլի ծնած է Հալէպ 1925-ին, բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Պէյրութ, Լիբանան։
1943 – 1946 թուականներուն պաշտօնավարած է Հալէպի Նոր Գիւղ Հայկական թաղամասի Զաւարեան վարժարանին մէջ, որպէս արաբերէնի ուսուցիչ։
Հայերէնին տիրապետած է մանկավարժական իր աշխատանքին ընթացքին։ Նիզար ուսումնասիրած է հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, մշակոյթը եւ մասնաւորապէս՝ գեղարուեստական գրականութիւնը։ Քանի մը անգամ այցելած է Հայաստան։
Նիզար Խալիլի հայ մշակոյթին եւ հայ-արաբական գրականութեան նուիրուած բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ է։ Ան առանձին գրքոյկներով արաբերէնի թարգմանած ու հրատարակած է Յովհաննէս Թումանեանի, Գրիգոր Զոհրապի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Յովհաննէս Շիրազի ստեղծագործութիւնները։
Նիզար նաեւ հայերէնի թարգմանած է արաբ հեղինակներու գործերը։ Ինչպէս նաեւ գրած է շատ մը հայերէն բանաստեղծութիւններ։