Ջիւան Գասպարեան Կրտսերը

Տուտուկահար Ջիւան Գասպարեան կրտսերը Եւրոպայի մէջ մասնակցած է համաշխարհային մեծ նախագիծի: Արուեստագէտը օրեր առաջ վերադարձած է Ֆրանսայէն, ուր համագործակցած է չորս «Կրեմմի» մրցանակի արժանացած արտադրող Լարի Քլէյնի հետ` Beyond Music նախագիծի ծիրէն ներս:
Ֆրանսայի La Fabrique Studios ընկերութեան մէջ ձայնագրուած է ալպոմ մը, որուն համար ստեղծագործութիւններ կատարած են աշխարհի տարբեր երկիրներու երաժիշտներ, ներառեալ` Ջիւան Գասպարեանը: Ի դէպ` ալպոմի ստեղծման վրայ աշխատած են արուեստագէտներ, որոնք համագործակցած են Մայքլ Ճեքսընի, Սթիւի Ուանտըրի, Մատոննայի, Սթինկի եւ բազում այլ գերաստղերու հետ:
Սկաւառակը լոյս պիտի տեսնէ քանի մը ամիսէն եւ պիտի ներկայացուի ամենատարբեր հեղինակաւոր մրցոյթներու: Ջիւան Գասպարեանի խօսքով` եթէ այս ալպոմը համերգային ծրագիր դառնայ, ինք շատ մեծ ցանկութիւն ունի, որ այդ համերգը ներկայացուի նաեւ Հայաստանի մէջ:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ Beyond Music նախագիծի համահիմնադիրն է աշխարհահռչակ երգչուհի Թինա Թըրները:
Ի դէպ, սա Լարի Քլէյնի եւ Ջիւան Գասպարեան կրտսերի առաջին համագործակցութիւնը չէ: Վերջերս երգչուհի Մատելին Փերու ձայնագրած է սկաւառակ մը, ուր երկու ստեղծագործութիւններու մէջ կը հնչէ Գասպարեանի անզուգական տուտուկի ձայնը:
Տուտուկահար Ջիւան Գասպարեան կրտսերը ծնած է 1982թ., Երեւան: Տուտուկահար Ջիւան Գասպարեանի թոռն է: Մանուկ հասակէն յաճախած է դաշնամուրի եւ վոկալի: Միեւնոյն ժամանակ մեծհօր մօտ տուտուկ սորված է:
2001թ. «Վիզա» խումբի կազմին մէջ հիւրախաղերով եղած է ԱՄՆ-ի, Եւրոպայի, Գանատայի մէջ: Այնուհետեւ, աւագ Գասպարեանն իր երկեակին մէջ կը ներառէ կրտսեր Ջիւանը: Քանի մը տարի հանդէս եկած է մեծհօր հետ շարք մը երկիրներու մէջ: Աւագ Գասպարեանի հետ «Կլադիատոր» ֆիլմին մէջ կատարած է երկանուագ:
2008թ. մասնակցած է մեծհօր 80-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան, կատարած տուտուկի եռեակ: 2008թ. Լոնտոնի մէջ մասնակցած է Նելսոն Մանտելայի 90-ամեակի տօնակատարութեան: 2009թ. Լոնտոնի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին հետ հանդէս եկած է համերգով, ուր արժանացած է արքայազն Չարլզի ուշադրութեան: 2009թ. Ապու Տապիի մէջ մասնակցած է «Womad» փառատօնին:
Կատարումներ ունեցած է Զուկերոյի, Անտրէաս Վոլենուայտերի, Պորիս Կրեբենշիկովի, Ալան Փերսոնս Փրոջեքթի, Փլանետ Իքսի, Միշէլ Պրուքի եւ այլ յայտնի երաժիշտներու հետ: 2011թ. մասնակցած է միջազգային փառատօնի, որուն կը մասնակցէին աւելի քան 300 մասնակիցներ 51 տարբեր երկիրներէ, անոր կատարումը արժանացած է ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի մրցանակին:2011թ. տուտուկի փառատօնին ժամանակ արժանացած է 1-ին մրցանակի եւ ոսկէ մետալի: Գասպարեան ձայնագրած եւ թողարկած է շարք մը սօլօ սկաւառակներ. անոր անզուգական կատարումները կը հնչեն 50-60 տարբեր արուեստագէտներու սկաւառակներու մէջ:
Այս պահուն Ջիւան Գասպարեան կրտսերը կ՛աշխատի նոր ալպոմի վրայ, կը մշակէ ինքնատիպ ծրագիր: