Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Նոր Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցով Պիտի Դիմէ Նահանգապետարան

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի կրօնական ժողովը Ապրիլ 29-ին որոշած է դիմում ներկայացնել Սթամպուլի նահանգապետարան նոր պատրիարքի ընտրութիւններ կազմակերպելու համար: Այս մասին կը յայտնէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը:

Կրօնական ժողովի ընթացքին տեղի ունեցած գաղտնի քուէարկութեամբ 5 կողմ ձայնով որոշուած է, որ ընտրական գործընթացը պիտի իրականացուի Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանի ղեկավարութեամբ: Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը պատրիարքական տեղապահի ընտրութեամբ սկսելու տարբերակը չէ ընդունուած. ատոր կողմ քուէարկած է կրօնական ժողովի 3 անդամ:

«Որոշուած է առանց յապաղելու դիմել Սթամպուլի նահանգապետարան»,- կ՛ըսուի կրօնական ժողովի որոշումին մէջ:

Պոլսոյ մէջ Մարտ 8-ին 62 տարեկանին մահացած էր Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեան: Ան Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի պաշտօնը կը զբաղեցնէր 1998 թուականէն: 2008 թուականէն Մութաֆեան դէմենցիա հիւանդութեան պատճառով կը գտնուէր Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցը: Պատրիարքը անգիտակից վիճակի մէջ բժիշկներու խնամքին տակ էր եւ չէր կրնար իրականացնել իր պարտականութիւնները։ Այդ իսկ պատճառով 2010-էն պատրիարքական փոխանորդ  նշանակուած էր Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան:

Scroll Up