Նիկոլ Փաշինեան Կարեւորած Է ՀՄԸՄ-ի Դերը Հայապահպանութեան Գործին ՄԷջ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտչեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ինչպէս«Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի մամլոյ ծառայութենէն, Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է կառոյցին դերը հայապահպանութեան գործին մէջ եւ կառավարութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնած քննարկելու ՀՄԸՄ-ի տարբեր նախաձեռնութիւններու իրականացման հնարաւորութիւնները:

Գառնիկ Մկրտչեան վարչապետին  ներկայացուցած է  յառաջիկային Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ նախատեսուած ՀՄԸՄ ձեռնարկներու ծրագիրը: Նշուած է, որ արդէն մայիս 10-11-ին Աթէնքի մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ երիտասարդական համագումարը, որուն պիտի մասնակցին միութեան տարբեր երկիրներու կառոյցներու անդամները:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի մէջ, յատկապէս մարզային համայնքներուն մէջ, սկաուտական շարժման աշխուժացման վերաբերող տարբեր հարցեր ու նախաձեռնութիւններ:

Scroll Up