Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկները Լայն Արձագանք Գտած Են Ուքրանական ԶԼՄ-ներուն ՄԷջ

«Շնորհակալութիւն վերածնելու հնարաւորութեան համար. հայեր» («Дякуємо за шанс розквітнути знову. Вірмени») ընկերային  տեսահոլովակն այս տարի ցուցադրուած է աւելի քան 30 ուքրանական հեռուստաալիքով: Իսկ ապրիլ 23-24-ին կայացած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման ձեռնարկները լուսաբանած են աւելի քան 50 ելեկտրոնային ԶԼՄ, այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ UA-Report.info-ը` վկայակոչելով Ուքրանիոյ հայերու միութեան տուեալները:

Միութեան յատուկ կոմիտէի տուեալներով` ՈւՀՄ-ի կեդրոնական գրասենեակի եւ տարածաշրջանային համայնքներու համակարգմամբ կայացած են շուրջ 30 թեմատիկ ձեռնարկներ Ուքրանիոյ գրեթէ բոլոր տարածաշրջաններուն: Կը նշուի նաեւ, որ ձեռնարկներուն աշխոյժ մասնակցութիւն  ունեցած են Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ հայոց թեմի հոգեւոր դասի ներկայացուցիչները:

«Յիշեցնենք, որ Ուքրանիոյ հայերու միութեան ղեկավար Վիլէն Շատուորեանի նախաձեռնութեամբ 2015 թուականէն երկրի տարբեր տարածաշրջաններու մէջ բացուած է  աւելի քան 20 խաչքար»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Scroll Up