Հայոց Ցեղասպանութեան 104-Րդ Տարելիցին Նուիրուած Կեդրոնական Հանդիսութիւն Հալէպի Մէջ

«Գանձասար»- Հովանաւորութեամբ սուրիահայ երեք համայնքապետներուն, կազմակերպութեամբ հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններուն, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00- ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն ոգեկոչման կեդրոնական հանդիսութիւնը:

Սրահի մուտքին, հանդիսականները դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի եւ Հայ կաթողիկէ համայնքի փողերախումբերուն հնչեցուցած ազգային-հայրենասիրական երգերով։

Հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի ներկայացուցիչ Գերշ. Տ Մակար Եպս. Աշգարեան, Հայ Կաթողիկէ համայնքապետ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեան, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամները, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մարզական, մշակութային եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Տ. Արմէն Չիրիշեան, իսկ հայերէն բացման խօսք՝ Տ. Հուրի Ճուհարեան-Մուսալլի:

Օրուան բանախօսն էր փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան, որ համապարփակ ներկայացումով լուսարձակի տակ առաւ պահանջատիրական մեր պայքարի պատմական, իրաւական հիմքերը, Հայ Դատի անժամանցելիութիւնն ու հայ ժողովուրդին պայքարելու վճռակամութիւնը։

Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցեցան.-
Լարային Քառեակը՝ ներկայացնելով Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն ընտրանի մը,
Արամ Խաչատուրեան՝ մեներգելով «Հայաստան, Երկիր Դրախտավայր», դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռաֆֆի Պալեանի,
Աննա Սաղպազարեան՝ Ասմունքելով «Սասունցիների Պարը»,
Համազգային «Զուարթնոց» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի։

ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգիսեան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առնչուող ՀՀ կառավարութեան, ժողովուրդին եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի գօտեպնդումի խօսքերն ու խորախորհուրդ պատգամը՝ ապրիլ ու միասնական կուռ շարքերով պայքարիլ ու յաղթել ժխտողականութեան ու խաւարին, արարել ու նպատակասլաց աշխատանքով հասնիլ մեր իրաւունքներու տիրացման եւ ցեղասպանութեան միջազգային դատապարտման։

Օրուան եզրափակիչ պատգամը յանուն Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին ուղղեց Գերշ. Տէր Մակար Եպս. Աշգարեան՝ վեր առնելով հայ ժողովուրդի գոյատեւման երաշխիքները։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Scroll Up