Արեան Տուչութեան Մասնակցեցան 104 Հալէպահայ Երիտասարդներ
«Գանձասար»- Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ.Արք. Սարգիսեանի, Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած ՀԵՄ-ի կազամակերպած “Արիւնս Հայրենիքիս” խորագիրով արեան տուչութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2019-ին, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս:
Յաւարտ ծաղկեմատոյցի արարողութեան,
հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վանենի Մինասեան, իսկ արաբերէնով` Արամ Աւագեան։ Ապա տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք իր սրտի խօսքը արտասանեց Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան: