«Սուրիա Ապրող Մեր Հայրենակիցներն Ուշադրութեան Կեդրոնին Մէջ Են». Նազելի Էլբակեան

«Մենք ձեզ հետ ենք» խորագիրին ներքոյ «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնը» հանդէս կու գայ մարդասիրական նախաձեռնութեամբ, որուն մասին «Հայերն այսօր»-ն անդրադարձած է կեդրոնի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու, նախաձեռնութեան համահեղինակ եւ համակարգող Նազելի Էլբակեանի  հետ զրոյցի ընթացքին:

-Նազելի՛, ինչպէ՞ս ծնաւ «Մենք ձեզ հետ ենք» մարդասիրական նախաձեռնութեան գաղափարը:

 -Մեր մասնագէտները փետրուարէն Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն  կ՛իրականացնեն: Ականազերծողներն ու բժիշկներն իրենց մասնագիտական գործունէութիւնը ծաւալելէ բացի, նաեւ ազատ կը շփուին Հալէպի բնակիչներու եւ հալէպահայերու հետ: Այնտեղէն պարբերաբար լուսանկարներ կը ստանանք, որոնցմէ  քանի մը հատին մէջ մեր մասնագէտներուն կողքին սուրիացի երեխաներ են: Այդ լուսանկարներն ալ հիմք դարձան` կեանքի կոչելու «Մենք ձեզ հետ ենք»  նախաձեռնութիւնը: Որոշեցինք ժպիտներ պարգեւել դժուար իրակիճակի մէջ ապրող երեխաներուն:

«Մենք ձեզ հետ ենք» նախաձեռնութեան խորագիրը, կը կարծեմ, լաւագոյն կերպով  կը բնութագրէ մարդասիրական նախաձեռնութիւնը:

-Նախաձեռնութիւնը հանրային դէմքերու կողմէ ի՞նչ արձագանք կը գտնէ, ոգեւորութիւն կը նկատուի՞ անոնց մօտ:

-Հանրային դէմքերը ոգեւորութեամբ կը մասնակցին: Մեզի արդէն միացած են Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Վահագն Թեւոսեանը, Նազելի Բաղդասարեանը, Արմէն Փամբուխչեանը, Սարիկ Մինասեանը, Առողջապահութեան նախարարի խորհրդական Յովհաննէս Յարութիւնեանը, «Մարդկային զարգացման միջազգային կեդրոն» ՀԿ նախագահ Թեւան Պօղոսեանն ընտանիքին հետ, յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ողիմպիական, աշխարհի ու Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը, ծանրամարտի Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեանը, դերասաններ Բաբգէն Չօբանեանը, Գէորգ Չուլեանը, երգչուհի Լիտուշիկը:

Երկիր Մետիայի «Երկիրն այսօր» հաղորդման եթերով հաղորդավար Էտկար Բաղդասարեան տիկնիկ նուիրեց, որպէսզի յանձնենք սուրիացի աղջիկ երեխայի մը: Այսինքն, գաղափարը համախմբած է մարդոց` անկախ մասնագիտութենէն:

-Քաղաքացիները կրնա՞ն մասնակցիլ:

– Ի հարկէ: Կեդրոնի աշխատակիցներով նոյնպէս կը մասնակցինք: Այս ընթացքին ականատես կ՛ըլլանք, իրօք, բարի կամքի դրսեւորումներու հէնց երեխաներուն կողմէ, որոնք շատ կը յուզեն մեզ: Կարինէ անունով գիւմրեցի  աղջիկ մը իր ձեռքով պատրաստած խաղալիքները կ՛ուղարկէ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ դպրոցականներ իրենց սիրելի խաղալիքները կը յանձնեն մեզի` հալէպահայ երեխաներուն փոխանցելու համար:

Ի դէպ, ոչ միայն խաղալիքներ, այլեւ գիրքեր, գրենական պիտոյքներ ու հագուստ   փոխանցած են մեզի: Այժմ նուէրները կը տեսակաւորենք ու դասաւորենք արկղերու մէջ:

–  Նուէրները ինչպէ՞ս պիտի հասնին Հալէպի հայկական համայնք, եւ որեւէ ձեռնարկ  կը նախատեսուի՞ իրականացնել երեխաներուն համար:

-Նուէրները, հաւանաբար, մայիսին կ’ուղարկուին: Իսկ ձեռնարկի կազմակերպման հետ կապուած այս պահուն տարբերակներ կը քննարկենք:

Երեխաներն արդէն տեղեա՞կ են, որ նուէրներ պիտի ստանան:

– Ոչ, անակնկալ պիտի ըլլայ: Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող մեր մասնագէտներն այս մասին ոչինչ  ըսած են անոնց:  Ընդհանուր առմամբ, տարբեր տարիքի հարիւրաւոր երեխաներ նուէրներ պիտի ստանան:

-Ձեր կարծիքով այս նախագիծի իրականացումը բարոյահոգեբանական ի՞նչ ազդեցութիւն կը ձգէ Սուրիա բնակող մեր հայրենակիցներուն վրայ:

 -Միանշանակ անոնք հոգիի ջերմութիւն կը զգան: Նախաձեռնութիւնը նաեւ խորհրդանշական բնոյթ կը կրէ` ցոյց տալու համար, որ մեր հայրենակիցներն ուշադրութեան կեդրոնին մէջ են:

Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի

Scroll Up