«Վերակազմակերպման Արդիւնքով Փոփոխութիւնները Միայն Դրական Պիտի ըլլան». Բաբգէն Տէր Գրիգորեան
Ապրիլ 15-ին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդունեց «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ, Լոնտոնի Թէքէեան խնամակալ մարմնի հիմնադիր անդամ եւ պատուաւոր քարտուղար Վարդան Ուզունեանը եւ «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանը:
Ողջունելով հիւրերը` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան կարեւոր նկատեց կազմակերպութեան հայակեդրոն քաղաքականութիւնը, սերտ համագործակցութիւնը սփիւռքի նախարարութեան եւ համահայկական կառոյցներուն հետ: Պատասխանելով սփիւռքի նախարարութեան վերակազմաւորման հետ կապուած մտահոգութիւններուն` ան հաւաստիացուց, որ յառաջիկային եւս Սփիւռքի հարցերով գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը պիտի շարունակէ հետեւողական աշխատանք տանիլ 4 հիմնական ուղղութեամբ` հայրենադարձութիւն եւ ընդելուզում, հայապահպանութիւն եւ համայնքներուն աջակցութիւն, համահայկական օրակարգի ձեւաւորում եւ սփիւռքի ներուժի նպատակային օգտագործում Հայաստանի զարգացման գործին մէջ: Գրասենեակը պիտի համակարգէ միւս նախարարութիւններու սփիւռքի կառոյցներու հետ տարուող աշխատանքը, պիտի մշակէ հայապահպանութեան համապարփակ ռազմավարութիւն: «Վերակազմակերպման արդիւնքով փոփոխութիւնները միայն դրական պիտի ըլլան: Սփիւռքի համայնքներուն աջակցութեան օրակարգը պիտի թելադրեն համայնքները: Մենք պիտի աշխատինք եւ՛ կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու, եւ՛ անհատներու հետ», – աւելցուց սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանը:
Քննարկուեցան Թէքէեան կեդրոնի կրթական, մշակութային ծրագիրներուն սփիւռքի հարցերով գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի աջակցութեան հետ կապուած հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ յետագայ համագործակցութեան ուղիներուն:
Բաբգէն Տէր Գրիգորեան անգամ մը եւս հաւաստիացուց միասին աշխատելու պատրաստակամութիւնը: Հայապահպանութեան ոլորտին մէջ ունեցած զգալի ներդրման համար` սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Ծուլիկեանին պարգեւատրեց սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլեամ Սարոյեան» մետալով:
Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին արդիւնաւէտ հանդիպման համար, որոշուեցաւ քննարկումներն աւելի յաճախակի եւ շարունակական դարձնել: