«Ճանաչիր Քո Հայրենիքը» Ծրագիրին Նպատակն է Երիտասարդները Ծանօթացնել Պատմամշակութային Կոթողներուն

«Արարիչ» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ իրականացուող «Ճանաչիր քո հայրենիքը» ծրագիրի եօթներորդ փուլին ծիրէն ներս, այսօր, Արցախի Հանրապետութեան Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի 28 ուսանող՝ եռօրեայ այցով մեկնած է Մայր Հայաստան: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
«Արարիչ» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Նարեկ Աւետիսեան ըսած է, որ Արցախի տարբեր համալսարաններէ եւ այլ ուսումնական հաստատութիւններէ՝ աւելի քան 210 երիտասարդ՝ արդէն մասնակցած է ծրագիրին: «Ճանաչիր քո հայրենիքը» ծրագիրը կը կրէ շարունակական բնոյթ:
Տնօրէնին խօսքով՝ ծրագիրը նպատակ ունի մասնակիցները ծանօթացնել մշակութային կոթողներուն, նպաստել անոնց հայրենաճանաչութեան զարգացման, հարստացնել գիտելիքները, հայրենիքի նկատմամբ վերստին սերմանել նուիրուածութիւն եւ սէր:
Ն. Աւետիսեանի կարծիքով՝ ծրագիրը նաեւ պիտի նպաստէ երիտասարդութեան ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան եւ երիտասարդներու համախմբման: