Ֆրանսահայ Բժիշկներն Արցախի ՄԷջ Անվճար Վիրահատութիւններ Կատարած Են

Ֆրանսայէն ժամանած  խումբ մը բժիշկներ Արցախի հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ իրականացուցած են քաղաքացիներու անվճար խորհրդատուութիւններ, հետազօտութիւններ, ինչպէս նաեւ վիրահատութիւններ:

«Արցախպրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին «Հայ-մեդ» ֆրանսական բժշկական-մարդասիրական ընկերութեան նախագահ, anesthesiologist-reanimatologist Յովհաննէս Հեքերեան ըսած է, որ իրենք Արցախ  բերած են բժշկական սարքաւորումներ եւ դեղորայք, որոնք տրամադրած են ինչպէս հանրապետական բժշկական կեդրոնին, այնպէս ալ հանրապետութեան բժշկական կէտերուն:

«Այս անգամ  մեր խումբին ներգրաւուած  եղած են  (ներզատաբան), սրտաբան, վնասուածքաբան-օրթոպեդ, ուռուցքաբան եւ բուժքոյրեր: Մենք կարեւոր կը համարենք հանրապետութեան շրջաններուն մէջ գործող  բժշկական կէտերու դերը, որովհետեւ հիւանդներուն առաջին բժշկական  օգնութիւնը կը տրուի հէնց բժշկական կէտերու մէջ: Վեց օրերուն ընթացքին տեղի մեր գործընկերներուն հետ կատարած ենք 40 վիրահատութիւններ, որոնց  մէկ  մասը բաւական բարդ էին: Ի դէպ, տեղի բժիշկները բաւականին գրագէտ ու պատասխանատու են իրենց գործին նկատմամբ»,- մասնաւորապէս  ըսած է Յովհ.  Հեքերեան:

Խօսելով շաքարախտի  մասին`  ան  նաեւ աւելցուցած է, որ հանրութիւնը պէտք է գիտակցի, որ  հիւանդութիւնը բաւականին տարածուած է, եւ  որուն կանխման համար պէտք է գրագէտ մօտեցում ցուցաբերուի թէ՛ բժիշկներուն, եւ թէ՛ հիւանդներուն  կողմէ:

Ֆրանսայէն Արցախ  ժամանած բժիշկներու խումբի անդամ սրտաբան  Զաւէն Թերզեան  մեզի հետ զրոյցին ըսած  է, որ ինք երկրորդ անգամ   Արցախ կ՛այցելէ:

Խօսելով   հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ իր կողմէ կատարած  աշխատանքներուն  մասին`  Զ.  Թերզեան  աւելցուցած է, որ  իրենք  իրականացուցած են հիւանդներու   խորհրդատուութիւններ, ինչպէս նաեւ տեղի բժիշկներուն հետ ունեցած  փորձի  փոխանակում,  եւ   անոնց  ծանօթացուցած ոլորտի  վերջին նորութիւններուն:

«Հանրապետական բժշկական  կեդրոնի սարքաւորումներն  ամբողջութեամբ   բաւարար  են  սրտի  վիրահատութիւններ իրականացնելու համար: Այստեղ կան վերապատրաստուած խելացի բժիշկներ, որոնք  իրենց գիտելիքներով ու հմտութիւններով չեն զիջեր անգամ այլ երկիրներու  մասնագէտներուն»,-նշած  է   սրտաբանը:

Scroll Up