«ՆերՈւժ»-ցիները կ՛ընեն Իրենց Առաջին Քայլերը Հայաստանի ՄԷջ
Ապրիլ 10-ին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան Հայաստանի գիտութեան եւ արհեստագիտւթիւններու հիմնադրամին մէջ (FAST) հանդիպում ունեցաւ նախարարութեան «ՆերՈւժ» ծրագիրի յաղթող ստարտափերներու հետ, որոնք արդէն տեղափոխուած են Հայաստան եւ կ՛ընեն իրենց գործարարութեան կայացման առաջին քայլերը: Անոնք այժմ կ՛անդամակցին FAST ստարտափ-կեդրոնի` չորս ամիս շարունակ ամբողջական «ուսուցողական» ծրագիրներէն եւ աշխատանքային տարածքէն օգտուելու հնարաւորութեամբ: Նախարարի պաշտօնակատարի հետ հանդիպման ներկայ էր նաեւ FAST-ի արագացման եւ նախապատրաստման գծով փոխնախագահ Տէյվիտ Պեքեթը:
Ողջունելով «ՆերՈւժ»-ցիները` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան կարեւորեց նմանատիպ հանդիպումներու պարբերական իրականացումը, որ թոյլ կու տայ բարձրաձայնել եւ լուծել ընթացիկ խնդիրները: Սփիւռքահայ եւ տեղացի ստարտափները ներկայացուցին իրենց ծրագիրները, ըրած աշխատանքները, խօսեցան խոչընդոտներու մասին: Յատկապէս անոնց կ՛անհանգստացնէին դրամաշնորհներու տրամադրման ընթացիկ բարդութիւնները, իրաւաբանական եւ հարկային ծանրաբեռնուածութիւնը, որոնք թոյլ չեն տար զարգացնել իրենց ստարտափները:
ԱՄՆ-էն Հայաստան տեղափոխուած Միհրան Փափազեան այստեղ կեանքի կը կոչէ «Brushette» ստարտափը` ստեղծելով նորարական ատամի խոզանականեր` փոփոխուող յատուկ գլխիկներով եւ նպատակ ունենալով աւելի հեշտ ու հաճելի դարձնել բերանի խոռոչի խնամքը: Արդէն իսկ արտադրանքի հանդէպ հետաքրքրութիւնը մեծ է, Միհրանը տեղափոխուած է Հայաստան եւ չնայած առկայ խոչընդոտներուն` կը փորձէ շարունակել իր գործը Երեւանի մէջ:
«ՆերՈւժ»-ի մէկ այլ յաղթող Արմէն Ռոստոմեան «GRնV» ստարտափի հիմնադիրն ու տեխնիկական ճարտարապետն է: Այն հիմնականին մէջ երաժշտական ուղղուածութիւն ունի` նպատակ ունենալով հնարաւորութիւն տալ երաժիշտներուն գումար վաստակելու առանց ձայնագրութիւններու վրայ մեծ գումար ծախսելու եւ անոնց դարձնել աւելի անկախ եւ ստեղծագործ: Հանդիպման ընթացքին Արմէն պատմեց, որ արդէն իսկ իր անձնակազմին մէջ ունի ճարտարագէտ եւ ծրագրի համակարգող:
Գանատայէն Հայաստան տեղափոխուած Արեւիկ Վարդանեան նորաձեւութեան գործով կը զբաղուի, lemonadefashion.com կայքի եւ ծրագրի թուային առեւտուրի պատասխանատուն է: Կայքը սպառողներուն կը ներկայացնէ անհատական ոճով պատրաստուած բարձրորակ բացառիկ հաւաքածուներ: Այն պատուիրատուի հագուստի չափագրումը կը կատարէ ընդամէնը ներբեռնուած երկու լուսանկարի միջոցով, հագուստը կը կարուի արհեստավարժ ձեւաւորողներու կողմէ եւ ընտրուած նիւթերու համեմատ բաւականին մատչելի է: Ներուժցի Արեւիկը եւս այսօր մեքենականութեան հետ որոշ խնդիրներ ունի, յատկապէս ֆինանսներու տրամադրման հետ կապուած:
Անդրանիկ Վարդանեան կը ներկայացնէ «Illuria security» ստարտափը, որ կը զբաղուի կիբեռ անվտանգութեամբ, տեղեկատուական պաշտպանուածութեամբ: Գաղափարը խումբ մը հայրենադարձներու է, որոնք կը ցանկան օգնել Հայաստանին լուծել տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրները, ինչպէս նաեւ համագործակցիլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ: Անդրանիկը Բաբգէն Տէր Գրիգորեանին մանրամասն ներկայացուց իրենց գործունէութեան ընթացքը, անդրադարձաւ դժուարութիւններուն յատկապէս այն ստարտափերներուն համար, որոնք կը ստանան կրկնակի ֆինանասաւորում: Յոյս յայտնեց, որ յետագային այս ընթացակարգերն աւելի ճկուն կ՛ըլլան: Ան նաեւ հանդէս եկաւ առաջարկութեամբ իրականացնելու առցանց ժողով «ՆերՈւժ» ծրագրին մասնակից բոլոր ստարտափերներուն հետ, պահպանել եւ ամրացնել կապերը, կիսուիլ փորձով, ստեղծել ցանց: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ հնարաւորութիւն պիտի ըլլայ մէկ սեղանի շուրջ նստիլ կառավարութեան միւս օղակներուն հետ եւս, որոնք կրնան նպաստել Հայաստանի մէջ ստարտափ էքոհամակարգի բարելաւման, առկայ թերութիւններուն, խոչընդոտներու վերացման: