Հայերէն blog-ը Երեք Տարեկան Է

Հայերէն blog-ը (https://hayerenblog.wordpress.com/) երեք տարեկան է: Այս առիթով Հայերէն blog-ի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Իշխան Չիֆթճեան կը գրէ.

«Ամեակի՝ տարեդարձի ու յոբելեանի սիրահար չեմ, եւ թերեւս աւելորդ է հոս աս առթիւ գրառում կատարելը։ Պարզապէս կ՛ուզեմ անհուն երախտագիտութիւնս, շնորհակալութիւնս յայտնել ԲՈԼՈՐ աշխատակիցներուն այս էջին, աւելի քան երկու հարիւր հոգի, 10-70 տարեկան, աշխարհի չորս կողմէն, որոնք շատ յաճախ առանց մեզ՝ մեր վարչութեան անդամները անձամբ ճանչնալու աշխատակցեցան ու տակաւին կ՛աշխատակցին այս էջին եւ կը հաւատան անոր ըրածին ու ընելիքին։

Մենք ունինք գրեթէ օրական տեղադրումներ, ԱՄԲՈՂՋՈՎԻՆ ԱՆՏԻՊ, գրեթէ ԱՄԲՈՂՋՈՎԻՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ։

Մենք արեւմտահայերէնին համար օրական քսանչորս ժամ կ՛աշխատինք, աւելի ճիշդ՝ ի ժամու եւ ի տարաժամու, ի ննջել եւ ի յառնել։

Բարի եկած են ԲՈԼՈՐԸ, որոնք իրենց լեզուն յարգելու, սորվելու, սորվեցնելու եւ զարգացնելու նուազագոյն տրամադրութիւնը ունին»:

Scroll Up