Յովհաննէս Թումանեանի Եւ Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 150-ամեակի Նշում Պէյրութի Մէջ

Կիրակի, 7 Ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ եզրափակուեցաւ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոնին լիբանանեան ներկայացումներու գեղարուեստական ծրագիրը` Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկով: Անիկա կը վայելէր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին նախագահութիւնը եւ իրականացաւ Լիբանանի Հայոց Ազգային առաջնորդարանին եւ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Նախորդող օրերուն` հինգշաբթիէն մինչեւ շաբաթ, լիբանանահայ արուեստասէր հանրութիւնը կարելիութիւնը ունեցաւ թատերական իւրայատուկ պահեր ապրելու Սօս Սարգսեանի ծննդեան 90-ամեակին եւ թատրոնի միջազգային օրուան առիթով Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոնին կողմէ մատուցուած 3 թատերախաղերուն ընդմէջէն` «Արի երազենք», «Յաղթանակի ծննդոց», «Թռիչք քաղաքի վրայով»:

Թատրերգութիւններուն, ինչ

Scroll Up