Դպրոցի Մը Պատմութիւնը. Ֆերահեան Ազգային Վարժարան

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ասպարէզ- 55 տարիներ անցած են այն պատմական թուականէն, երբ Ամերիկայի առաջին հայկական ամէնօրեայ դպրոցը՝ Ֆերահեան ազգային վարժարանը, Լոս Անճելըսի հայ համայնքին առջեւ բացաւ իր դռները: Դարձաւ լոյսի աղբիւր: Ամերիկայի օտար ափերուն հայ աշակերտներ առիթը ունեցան սորվելու իրենց մայրենին, հայոց պատմութիւնը եւ ծանօթացան հայ գրականութեան:

Փա՛ռք ու պատիւ՝ դպրոցի հիմնադիր տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեանին, բարերար Մատթէոս Ֆերահեանին, առաջին ուսուցչական նուիրեալ անձնակազմին, եւ՝ բոլոր անոնց, որոնց ջանքերով կարելի եղաւ իրագործել «անկարելի» կարծուած այս դժուար ծրագիրը:

Խորին շնորհակալութիւնս՝ Գաբրիէլ եւ Ռոզ Ինճէճիկեաններուն եւ Անահիտ Մէյմարեանին, որոնցմէ քաղած լայն տեղեկութիւններուս վրայ հիմնուելով՝ պիտի ջանամ  ներկայացնել Ամերիկայի առաջին ամէնօրեայ հայկական վարժարանին պատմութիւնը:

1964ին, Կիրակի առաւօտ մը, Զաւարեան աշակերտական միութեան մեր հերթական ժողովին մուտք գործեց անծանօթ երիտասարդ մը:

Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան կողմէ յաճախ կ՛ուղարկուէին տարիքով մեզմէ քանի մը տարի մեծ համալսարանականներ, որոնք կը զեկուցէին զանազան նիւթերու շուրջ:

Այդ օրուան անծանօթ երիտասարդ հիւրը զաւարեանական մը չէր:

Ընդհանուրին բարեւելէ ետք գրաւեց մեր ժողովատեղիի ամենաետեւի աթոռներէն մէկը:

Մեր հերթական ժողովը աւարտելուն քանի մը վայրկեան մնացած, հրաւիրեցին զինք՝ յայտնելով, որ պիտի խօսէր խիստ կարեւոր նիւթի մը շուրջ:

Ամերիկայէն ժամանած ուսուցիչ մըն էր: Գաբրիէլ Ինճէճիկեան էր անունը, որ տարիներ առաջ, իր ծննդավայր Քեսապէն գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ՝ բարձրագոյն ուսումը շարունակելու, եւ շատ մը ուսանողներու նման, չէր վերադարձած իր ծննդավայրը:

Իր ստացած բարձրագոյն վկայականով, նիւթական լաւ վարձատրութեամբ, կը  դասաւանդէր ամերիկեան դպրոցներու մէջ, սակայն իր փնտռածը այդ չէր: Ի տես ամերիկաբնակ հայերու կտրտուած հայերէն խօսակցութեան, մեծամասնութեամբ անծանօթ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի մեծասքանչ հայ գիրերուն, իր երազն էր հիմնել հայկական վարժարան մը, որպէսզի հայ աշակերտներ պատեհութիւնը ունենան սորվելու իրենց մայրենին, ծանօթանալու հայոց պատմութեան, հայ գրականութեան:

Միջին Արեւելքի մէջ բախտաւոր եղած ենք: Ունինք տասնեակներով հայկական վարժարաններ, մշակութային կեդրոններ, եկեղեցիներ, հայ մամուլ: Անդին՝ երկրագունդին հակառակ կողմը, Միացեալ Նահանգներու մէջ, այն տպաւորութիւնը ունէինք, որ հոն հաստատուածները մեզմէ աւելի բախտաւոր հայեր են: Հաւանաբար մեզմէ աւելի լաւ պայմաններու մէջ կ՛ապրին, սակայն ի՞նչ իմաստ ունի «լաւ պայմաններու» մէջ ապրիլը, երբ անծանօթ են մեր մեծասքանչ լեզուին:

«Որոշած եմ Լոս Անճելըսի մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը բանալ,- մեզի յայտնեց երիտասարդ հիւրը: – Առաջին տարին  նոյնիսկ եթէ մէկ աշակերտով սկսինք, յաջորդ տարին աշակերտութեան թիւը 100 տոկոս յաւելում պիտի արձանագրէ, եւ պիտի ունենանք երկու աշակերտ», կատակեց Ինճէճիկեանը:

Բոլորս խնդացինք: Խնդացինք իր «հիւմըրին», միեւնոյն ժամանակ հիացանք իր ինքնավստահութեան:

Համոզուած էր, որ պիտի յաջողի եւ … յաջողեցաւ:

Այդ օր մեզի բաժնեց խոստումնաքարտեր, որպէսզի իւրաքանչիւրս 10 լիբանանեան թղթոսկիով մեր մասնակցութիւնը բերենք՝ օգտակար հանդիսանալու ազգանուէր այդ սուրբ գործին:

Շատ մը տեղեկատուութիւններ կարդացած եմ Ամերիկայի առաջին ամէնօրեայ «Ֆերահեան» վարժարանի հիմնադրութեան եւ սկզբնական տարիներու մասին, սակայն նախընտրեցի ջուրը աղբիւրէն խմել եւ ստանալու համար ճշգրիտ տեղեկութիւններ՝ այցելեցի Ինճէճիկեաններու բնակարանը եւ Գաբրիէլ եւ Ռոզ Ինճեճիկեաններէն ստացայ լայն տեղեկութիւններ:

Շատ բան յիշեցին, սակայն վստահաբար շատ մը մանրամասնութիւններ կրնային մոռցուած ըլլալ:

«Պէտք էր գրի առնէի, բայց …», չշարունակեց Ինճեճիկեանը: Վս-տահաբար եթէ գրի առած ըլլար, հիանալի հատորի մը կրնար վերածուիլ պատմական այդ տարիներու պատմութիւնը:

Հակառակ իրենց տուած լայն տեղեկութիւններուն՝ երկուքն ալ յանձնարարեցին Անահիտ Մէյմարեանին անունը, որ եղած է Ֆերահեան վարժարանի առաջին ուսուցչուհիներէն, որմէ կարելի էր ստանալ յաւելեալ մանրամասնութիւններ:

Վերջինս սիրայօժար պատմեց, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ ծնունդ առաւ Ամերիկայի առաջին հայկական դպրոցը: Ազգային «Ֆերահեան» բարձրագոյն վարժարանը:

* * *

Ամերիկայի մէջ մեծ էր Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթած պանդուխտ հայերու թիւը: Աւելի ուշ աւելցան նաեւ Արեւելեան Եւրոպայէն գաղթական հայեր՝ ռումանահայեր եւ պուլկարահայեր, սակայն Կիլիկիայէն Միջին Արեւելք գաղթած հայերու նման՝ չկառուցեցին հայկական վարժարաններ: Բաւարարուեցան շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ շաբաթական քանի մը ժամ հայերէն դասաւանդելով, իսկ այդ դպրոցներէն շրջանաւարտները հազիւ թէ կարենային հայերէն քանի մը տող կարդալ կամ գրել: Հաւատք չունէին, որ քանի մը հարիւր հոգի հայերէն գրել-կարդալ սորվելով՝ կարելի պիտի ըլլար գաղութը փրկել ձուլումէն: Փոխարէնը՝ Միջին Ա-րեւելքի հայկական գաղութներուն նիւթապէս օգտակար հանդիսանալով՝ ձեւով մը իրենց ճիտին պարտքը կատարած կը համարէին: Դպրոց եւ եկեղեցի կառուցելու միտումով յաճախ բաւական մեծ գումարներ կ՛ուղարկէին: Հայկական վարժարաններու մէջ սաներ կը պահէին, սակայն իրենց համար անկարելի կը թուէր Ամերիկայի մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ կառուցելը:

Այդպէս չէր մտածեր Մատթէոս Ֆերահեանը:

Նախ՝ պարտք կը զգամ ծանօթացնելու  ազգային բարերար Մատթէոս Ֆերահեանը, որուն անունով կը կոչուի Ամերիկայի առաջին հայկական վարժարանը, ինչպէս նաեւ՝ դպրոցի հիմնադիր Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը:

Մատթէոս Ֆերահեան ծնած է Անգարա, 1870ին: Պատանի տարիքէն մաս կազմած է ՀՅԴի շարքերուն: 20 տարեկանին, զէնք փոխադրելու ժամանակ, ձերբակալուած եւ թրքական բանտերուն մէջ դիմացած է չարչարանքներուն եւ չէ մատնած իր գործընկերները:

Յաջողած է փախչիլ բանտէն: Անցած է Երուսաղէմ: Յաճախած է ժառանգաւորաց դպրեվանքը, եւ հոն է, որ սորված է հայերէն գրել-կարդալ: Քանի մը տարի ետք հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ:

1915ին Լոս Անճելըսի USC (University of Southern California) համալսարանէն վկայուած է որպէս իրաւաբան:

Իր իրաւաբանական ասպարէզի ընթացքին օգտակար կը հանդիսանայ բազմաթիւ հայ գաղթականներու օրինաւոր կեցութեան թուղթերը ապահովելու, բոլորը՝ անվճար:

Մատթէոս Ֆերահեան ամուսնացած էր իրեն նման Անգարայի ծնունդ Եւնիկէ Շիշմանեանի հետ: Իրենց շքեղ բնակարանը ամէն Շաբաթ երեկոյեան հրաւիրուած փոքրաթիւ լոսանճելըսաբնակ հայերը, որոնց կարգին՝ հայր եւ որդի Միհրդատ եւ Արշակ Տիգրանեանները, յաճախ կ՛արծարծէին հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը հիմնելու կարիքը:

Ֆերահեանը կը հաւատար, որ ամերիկահայութիւնը ձուլումէ փրկելու ամենակարեւոր միջոցը հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ հիմնելն է, որպէսզի հայ պատանիներ ոչ միայն սորվին իրենց մայրենին, այլեւ տէր կանգնին հայ մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան:

Այդ տարիներուն Լոս Անճելըսի մէջ գոյութիւն ունէր «Մեսրոպեան» շաբաթօրեայ  վարժարանը, սակայն Մատթէոս Ֆերահեանին երազն էր հիմնել ամէնօրեայ վարժարան մը: Այդ մէկը պարտաւորութիւն մը դարձած էր, որուն առաջին նախաձեռնողը եղաւ Գաբրիէլ Ինճեճիկեանը:

Մատթէոս Ֆերահեանը կը մահանայ 1955ին՝ նախքան իր երազին իրականանալը:

Ֆերահեան ամոլը անզաւակ էր: Իրենց շքեղ բնակարանը կը կտակեն հայ ամէնօրեայ վարժարան մը հիմնելու ֆոնտին՝ կտակը իրականացնող նշանակելով Արշակ Տիգրանեանը:

«Ապրիլ՝ սորվելու, սիրելու եւ ծառայելու համար», գրուած է Ֆերահեան ամոլի գերեզմանաքարին վրայ:

Ֆերահեան աչքերը փակեց նախքան իր երազին իրականանալը, սակայն գտնուեցաւ անձ մը, որ տարիներ ետք իրականացուց շատերու կողմէ «անիրականանալի» կարծուած մեծ բարերարին երազը:

Քեսապի իր ծննդավայրէն գաղթած՝ Գաբրիէլ Ինճէճիկեան էր այդ «խենթ»ին անունը, որ մէկդի ձգելով իր անձնական շահերը, անտեսելով Ամերիկայի մէջ իր «հանգիստ» կեանքը՝ յանդգնութիւնը ունեցաւ հետապնդելու եւ 50 տարիներու ուշացած հայկական վարժարան մը բանալու ծրագիրը, զոր իրականացուց:

«Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»: Այս էր Ինճեճիկեանին նշանաբանը:

Գաբրիէլ Ինճէճիկեան ծնած է 1930ին, Քեսապ: Իր հայրը՝ տոքթ. Աւետիս Ինճէճիկեան, Քեսապի եւ շրջակայ եօթը գիւղերու միակ բժիշկն էր:

Գաբրիէլ բարձրագոյն ուսում ստանալու պատեհութիւնը չունէր Քեսապի մէջ: 15 տարեկանին կը հեռանայ ծննդավայրէն: Քանի մը տարի կ՛ուսանի Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութեան մէջ, որպէսզի ծանօթանայ իրեն անծանօթ անգլերէն լեզուին: Քեսապի մէջ դասաւանդուող լեզուն ֆրանսերէն էր:

Կ՛անցնի Պէյրութ: Կը յաճախէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը (AUB):

1953ին բարձրագոյն ուսումը շարունակելու միտումով կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ եւ կը յաճախէ Տիթրոյիթի «Ուէյն» համալսարանը, ուր կը հետեւի ընկերաբանութեան, մանկավարժութեան եւ դպրոցական տնօրէնութեան ճիւղերուն եւ կը ստանայ պսակաւոր արուեստից եւ մագիստրոսի տիտղոսները:

Ուսանողութեան շրջանին, երկու տարի կը դասաւանդէ ամերիկեան պետական վարժարանի մը մէջ, ինչպէս նաեւ՝ շաբաթը երկու անգամ  ՀՕՄի գիշերային վարժարանին մէջ:

Տիթրոյիթի մէջ էր, որ ականատես կը դառնայ ամերիկահայ նոր սերունդի ձուլումի վտանգին:

Անտեղեակ Մատթէոս Ֆերահեանի փափաքին, ինք եւս միեւնոյն մտածումը կ՛ունենայ: Բանալ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ՝ Ամերիկայի տարածքին, փրկելու համար  ամերիկահայութիւնը ձուլումէ:

1955ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած ՀՅԴ Շրջանային ժողովին պրն. Ինճէճիկեան օրակարգի վրայ կը դնէ ամէնօրեայ հայկական վարժարաններ բանալու հարցը:

– Գնա՛, ուսումնասիրէ եւ մեզի տեղեկացուր,- պատասխանը կը կրկնուի քանի մը տարի:

1957ին կը փոխադրուի Լոս Անճելըս: Երեք տարի կը դասաւանդէ Ուիտիէրի պետական երկրորդական վարժարանի մը մէջ: Միեւնոյն դպրոցին մէջ կ՛ուսանէր իր ապագայ կողակիցը՝ Ռոզ Դաւիթեան:

«Աշակերտուհիս չէ եղած Ռոզը, այլապէս իրեն յաւիտեան A պիտի շնորհէի», իր տան մէջ մտերմիկ խօսակցութեան մը ընթացքին կատակեց պրն. Ինճէճիկեան:

Միեւնոյն ժամանակ կը յաճախէ «Քալիֆորնիա սթէյթ եունիվըրսիթի» եւ կը վկայուի ուսուցչական ու տնօրէնութեան վկայականներով:

1960ին ՀՅԴ Շրջանային ժողովը վերջապէս կը վաւերացնէ Լոս Անճելըսի մէջ դպրոց հիմնելու առաջարկը:

1961ի Սեպտեմբերին Լոս Անճելըսի Հայ կեդրոնին մէջ էր, որ պիտի բացուէր դպրոցը՝ ուսուցիչներ ունենալով Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը եւ դոկտ. Օննիկ Քէշիշեանը, սակայն տակաւին կային մարդիկ, որոնք համոզուած չէին սկսելու այդ խիստ կարեւոր գործին:

40-50 երեւելի ազգայիններով գումարուած արտակարգ ժողովը կը բաժնուի երկու խումբերու: Թեր ու դէմ կարծիքներ եւ յաջորդ աշնան դպրոցը բանալու ծրագիրը դժբախտաբար կը ձախողի եւ կը յետաձգուի անորոշ թուականով:

1961ին Գաբրիէլ Ինճէճիկեան կ՛ամուսնանայ Ռոզ Դաւիթեանի հետ: Նախընտրելով դասաւանդել հայ ուսանողներու՝ կը դիմէ Պէյրութի Հայկազեան քոլեճի  տնօրէնութեան (ներկայիս՝ Հայկազեան համալսարան): Կ՛ընդունուի եւ 1961ի ամրան կը մեկնին Պէյրութ, ուր ոտք դրած օրէն Ամերիկայի մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարան բանալու ծրագիրներ կը մշակէ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. վեհափառի յուղարկաւորութեան օրը անզուգական ասմունքող Յակոբ Կիւլոյեանը, մօտենալով՝ կը փսփսայ Ինճեճիկեանի ականջին.

«Տարիներու երազդ՝ հայ դպրոց Ամերիկայի մէջ, վերածէ նպատակի: Այս վայրկեանիս վեհափառին բաց շիրիմին վրայ պիտի ուխտես եւ կեանքիդ նպատակը պիտի դարձնես ամերիկահայ դպրոցը»:

Գաբրիէլ Ինճէճիկեան անգլերէնով նամակ մը կը գրէ Մատթէոս Ֆերահեանի կտակարար Արշակ Տիգրանեանին, որմէ մաքուր հայերէնով նամակ մը կը ստանայ՝ բացատրելով կտակին մանրամասնութիւնները:

Պէյրութի մէջ քաղաքի երեւելի անձնաւորութիւններէ բաղկացած կեդրոնական յանձնախումբ մը կը կազմուի, որոնցմէ կարելի է յիշել քանի մը անուններ՝Հրաչ Տասնապետեան, Յակոբ Կիւլոյեան, Գուրգէն Խանճեան, Երուանդ Պարսումեան, Նշան Թիւսիւզեան, Յարութիւն Տէր Պալեան, Կարօ Պետրոսեան եւ Գաբրիէլ Ինճէճիկեան:

Այս յանձնախումբին շուրջ կը բոլորուին 165 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ՝ տանելու պէտք եղած աշխատանքները:

Հանգանակութեան համար կը տպուին 4000 խոստումնաքարտեր, որոնց վրայ գրուած էր.

«Եթէ Սեպտեմբեր 1964ին Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ հայկական բարձրագոյն վարժարան մը չհիմնուի, խոստումները չեղեալ պիտի նկատուին»:

Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանին մէջ կեդրոնական յանձնախումբը կը կազմակերպէ մամլոյ ասուլիս մը: Պրն. Ինճէճիկեան մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Ամերիկայի մէջ գտնուող տարբեր ազգերու կամ համայնքներու թիւն ու անոնց ունեցած վարժարանները:

Յոյներ եւ ուրիշ ազգեր ունէին իրենց դպրոցները: Մեծ թիւով հրեաներ կը յաճախէին հրէական վարժարաններ, իսկ ամերիկաբնակ աւելի քան քառորդ միլիոն հայեր ոչ իսկ մէկ հայկական ամէնօրեայ վարժարան ունէին:

Առաջին խոստումնագիրը ստորագրողը կ՛ըլլայ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. վեհափառ հայրապետը, որուն կը հետեւին առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեան, դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպս. Սարգիսեան (հետագային՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոս, իսկ աւելի ուշ՝ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս):

Երեք տարի Հայկազեան քոլեճի մէջ մանկավարժութիւն դասաւանդելէ, նաեւ որպէս այցելու դասախօս Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին եւ Պէյրութի կանանց քոլեճին մէջ դասաւանդելէ ետք, 1964ին, երեք զաւակներով բախտաւորուած, Ինճեճիկեան ընտանիքը կը վերադառնայ Լոս Անճելըս՝ իրեն հետ տանելով 3000 խոստումնաքարտեր:

Ամերիկա ոտք կոխելուն՝ կ՛ուղղուի Քալիֆորնիա նահանգի մայրաքաղաք Սաքրամենթօ՝ տեղեկանալու դպրոց բանալու պայմաններուն:

Ո՛չ մէկ արգելք՝ ծխական դպրոց մը բանալու, այնքան ատեն որ ունի 6 աշակերտ եւ շէնքը կը լրացնէ ապահովութեան օրէնքները:

Լոս Անճելըս հասնելով՝ Ինճեճիկեանի առաջին գործը կ՛ըլլայ տեսնուիլ Ֆերահեանի կտակի գործակատար Արշակ Տիգրանեանին, Մեսրոպեան շաբաթօրեայ վարժարանի խնամակալ մարմինին եւ կուսակցական ղեկավարներու հետ:

1964ին հայ համայնքի պատասխանատու ազգայիններով ժողով մը կը գումարուի: Ինճէճիկեանին կ՛առաջարկուի տարի մը սպասել՝ մինչեւ Մեսրոպեան վարժարանի շէնքի կառուցման աւարտիլը, սակայն Ինճէճիկեան կարելիութիւնը չունէր տարի մը յետաձգելու: 3000 խոստումնաքարտերու պայմանաժամը մինչ այդ աւարտած պիտի ըլլար:

Կը դիմէ Հայ կրթական հիմնարկութեան, ՀՕՄին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, որպէսզի ստանձնեն դպրոցին հովանաւորութիւնը, սակայն բոլորին պատասխանը կ՛ըլլայ ժխտական:

Կը մնար Լոս Անճելըսէն 20 մղոն հեռու, Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի Էնսինօ քաղաքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ կից կառուցել նոր դպրոցը, ուր այդ տարիներուն հայութիւնը կը հաշուէր միայն 4000 հոգի: Միջին Արեւելքը տակաւին չէր բռնկած, եւ մեծ թիւով գաղթականներ չէին հաստատուած հեռաւոր Ամերիկայի ափերը: Եթէ համեմատաբար աւելի մեծ թիւ հաշուող Հոլիվուտէն պիտի գային որոշ թիւով աշակերտներ, պէտք էր ստեղծուէր պասի դրութիւն, որ յաւելեալ ծախս մըն էր:

Ինճէճիկեան ուրիշ ճար չունէր՝ բացի դիմելէ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ  հոգաբարձութեան:

1964ի Յուլիս 17ին հերթական ժողովին կը բացատրէ իր նպատակը, ցոյց կու տայ խոստումնաքարտերը: Կը խօսի Պէյրութի մէջ կատարուած ժողովներու, ճաշկերոյթներու եւ դասախօսութիւններու դրական մթնոլորտի մասին:

Հոգաբարձութիւնը, խանդավառուած, միաձայնութեամբ կ՛որոշէ բանալ Ամերիկայի առաջին հայկական բարձրագոյն վարժարանը:

Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հսկայ հողամասը նուիրած էր Ֆրեզնոյի ազգային բարերար Գրիգոր Առաքելեանը իր կնոջ՝ Սաթենիկի հօր՝ բանտի մէջ նահատակուած Տէր Վարդան քհնյ. Ասլանեանի յիշատակին: Հողամասին վրայ կը գտնուի ընդարձակ բնակարան մը: Քանի մը շաբթուան ընթացքին պէտք եղած նորոգութիւնները կը կատարուին, պատերը կը ներկուին, կը գնուին դպրոցական գրասեղաններն ու գրատախտակները:

Շէնքը պատրաստ էր: Կը մնար ուսուցիչ եւ աշակերտ հայթայթել:

Ինճէճիկեան տունէ տուն պտըտ-ելով՝ հայ աշակերտներ «կը մուրար»: Կը համոզէր, որ իրենց զաւակները հայկական վարժարան յաճախեն: Մեծամասնութիւնը դէմ էր: Հանրային վարժարանները անվճար  էին (ինչպէս ներկայիս), սակայն այդ տարիներուն ուսումնական մակարդակը շատ աւելի բարձր էր եւ միջավայրը՝ ապահով:

13 Սեպտեմբեր 1964: Անդաստանով մը կ՛օրհնուի դպրոցին շէնքը եւ 14 Սեպտեմբեր 1964ին 50 տարիներու սպասուած հայկական ամէնօրեայ վարժարանը կը բանայ իր դռները:

Այդ պատմական առաւօտուն, երբ հովիւ, տնօրէն եւ ուսուցիչներ սրտատրոփ կը սպասէին, նարնջագոյն դպրոցական պաս մը մուտք կը գործէ Սրբոց Նահատակաց շրջափակէն ներս, եւ 12 աշակերտներ կ՛առաջնորդուին դպրոցի դռնէն ներս, դէպի իրենց դասարանները: 12 աշակերտ: 12 առաքեալներ:

Մեծամասնութեամբ ռումանահայեր էին: Աշակերտութեան թիւը աւելցնելու համար՝  Ինճեճիկեան Գերմանիայէն բերել տուած էր՝ նաեւ իր քրոջ աղջիկը՝ Քրիսթինան:

Կը հնչէ առաջին դպրոցական զանգը: Ամերիկահայ աշակերտներ հայերէն պիտի սորվին, իրարու հետ հայերէն պիտի խօսին:

Ինճէճիկեանի ուրախութիւնը անսահման է: Տարիներու երազը վերջապէս իրականացած է:

***

Առաջին տարուան ուսուցչական կազմին մաս կը կազմէին՝ Վահրիճ քհնյ. Շիրինեան, Ռազմիկ Մատէնլեան, Անահիտ Մէյմարեան, Լիլի Մրիկեան, տոքթ. Ժոզեֆ Անտոնեան, Րաֆֆի Սէթեան, Յակոբ Ինճէճիկեան (Գաբրիէլ Ինճեճիկեանի եղբայրը), Անգինէ Մուրատեան, առաւել՝ հինգ օտար ուսուցիչներ: Նշենք, որ հայ ուսուցիչներուն մեծամասնութիւնը կը դասաւանդէին նիւթական խորհրդանշական՝ չնչին վարձատրութեամբ:

Դպրոցը բոլորովին անվճար ըլլալով՝ պիւտճէն հաւասարակշռելու համար, Լիբանանէն, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութենէն, ռումանահայերու «Րաֆֆի» հայրենակցական միութենէն, Կարնոյ հայրենակցական միութենէն, տէր եւ տիկին Արշակ Տիգրանեանէն, նորածին հայկական առաջին ամէնօրեայ հայկական վարժարանը չկորսնցնելու նպատակով, կաթիլ առ կաթիլ նուիրատուութիւններ կ՛ուղարկուին:

Գաբրիէլ Ինճէճիկեան ամէն ինչ է՝ տնօրէն, ուսուցիչ, դպրոցական պասի շարժավար, ի հարկին, մինչեւ իսկ բաղնիքները ի՛նք կը մաքրէ խնայելու համար դպրոցի պիւտճէն, իսկ նուիրեալ ուսուցիչներուն նիւթական արդար իրաւունքը շատ յաճախ անկարելի կ՛ըլլար գոյացնել, եւ անոնք իրենց ստանալիք չնչին գումարն անգամ սիրայօժար կը նուիրեն դպրոցին, իսկ Ինճէճիկեան ամսուան աւարտին տուն կը մեկնի «դատարկ գրպանով»:

1965ի Յունիսին տեղի կ՛ունենայ դպրոցին անդրանիկ պարահանդէսը: Օրուան հանդիսավարն էր Արշակ Տիգրանեան, իսկ պատգամաբերը՝ Ճորճ Մարտիկեան:

Երկրորդ տարեշրջանը կը սկսի 43 աշակերտներով:

Հիմա որ դպրոցը շատ աւելի ամուր հիմերու վրայ է, ժամանակն է Մտաթէոս Ֆերահեանին կտակը տրամադրելու առաջին հայկական վարժարանին:

Կտակարարներ Արշակ Տիգրանեանն ու Ալպերթ Յարութիւնեանը առաջնորդ հօր կը յանձնեն Ֆերահեանի կտակէն 235.000 տոլարի չեք մը, իսկ Արշակ Տիգրանեան եւ Ալպերթ Յարութիւնեան, որոնք պէտք էր ստանային 15.000 տոլար՝ իբրեւ կտակի գործակատարներ, այդ գումարը ամբողջութեամբ նուիրեցին դպրոցին:

Սկզբնական շրջանին դպրոցը կը կոչուէր Սրբոց Նահատակաց ազգային բարձրագոյն վարժարան: Այդ օրէն սկսեալ՝ դպրոցը բարերարին անունով կը կոչուի Ֆերահեան ազգային վարժարան:

Գումարին երկու երրորդը կը յատկացուի  Ֆերահեան վարժարանին, իսկ մէկ երրորդը՝ Ազգային Մեսրոպեան վարժարանին, որ տարի մը ետք պիտի դառնար Լոս Անճելըսի երկրորդ հայկական ամէնօրեայ վարժարանը:

Միացեալ Նահանգներ գտնուող հայերու ուղարկելու միտումով՝ 15.000 տպաքանակով լոյս կը տեսնէ  «Յաղթանակ» պարբերաթերթը: Աշակերտները բաւականաչափ սորված են իրենց մայրենին եւ հայոց պատմութիւնը:

Այս մէկը իսկապէս յաղթանակ մըն է:

Յաջորդ 14 տարիներուն «տուն» դպրոցին մէջ տարուէ տարի կ՛աճի աշակերտութեան թիւը եւ բնականաբար, նաեւ ուսուցչական կազմը:

«Տուն» դպրոցը  դարձած էր հարիւրաւոր հայ պատանիներու եւ պարմանուհիներու երկրորդ տուն մը:

Առաջին տարիներուն, դպրոցը կ՛ընդունէր միայն երկրորդական կարգի աշակերտներ (9էն 12րդ):

1969ին, խնամակալ մարմինը, դպրոցի հիւսիսային կողմը գտնուող հսկայ հողաշերտը կը գնէ 58,000 տոլարի: Յաջորդաբար 1970ին եւ 1973ին կը գնեն նաեւ  կողքի երկու տուները եւ այս բոլորը  Ֆերահեան ամոլին կտակով:

Դպրոցի հիմնադրութենէն 10 տարի ետք, 1974ին տեղի կ՛ունենայ կառուցուելիք համալիրի 4 թեւերէն առաջինին հիմնարկէքը:

Կ՛որոշուի յաջորդաբար կառուցել համալիրի մնացեալ 4 թեւերը: Կը ստիպուին դրամատունէն մեծ գումարներ փոխ առնել, կարելի եղածին չափ շուտ ամբողջացնելու  համալիրին կառուցումը:

Դրամատուներէ փոխ առնուած գումարներու կողքին, կը գոյանան մեծագումար նուիրատուութիւններ, որոնցմէ կարելի է յիշել Գէորգ Աւետիսեանի անունը՝ 100,000 տոլար: Համալիրի հսկայ մարզասրահը իր անունով կը կոչուի «Աւետիսեան Սրահ»:

Քաջալերուած՝ մեծ թիւով ազգայիններու նուիրատուութիւններէն, 1987ին «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ համալիրի պարտամուրհակի հրկիզումը:

* * *

Վրայ հասան Միջին Արեւելքի դաժան տարիները: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ, որուն՝ քանի մը տարի տարբերութեամբ յաջորդեցին Իրան-Իրաք պատերազմը, Իրաքի մենատիրոջ տապալումը, Իրանի յեղափոխութիւնը, իսկ աւելի ուշ՝ Սուրիոյ դաժան տարիները:

Այս բոլորը պատճառ դարձան,  որ մեծ թիւով հայեր գաղթեն Ամերիկայի այս հեռաւոր ափերը, մեծամասնութեամբ՝ Լոս Անճելըս: Ասոնց աւելցան Մայր Հայրենիքէն արտագաղթող բազմահազար հայեր:

Հիմնադրութենէն 14 տարի ետք, 1978ի աշնան, միեւնոյն համալիրին մէջ հիմը կը դրուի Սրբոց Նահատակաց նախակրթարանին եւ մանկապարտէզին:

Ֆերահեան վարժարանը սկսած էր նեղ գալ: Նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի հիմնուելէն 10 տարի ետք, Էնսինոյի համալիրէն ո՛չ շատ հեռու, «Նորթ Հիլզ»ի շրջանին մէջ կը գնուի նոր դպրոցին համալիրը եւ այսպէսով դպրոցը կ՛ունենայ երկու համալիր:

«Նորթ Հիլզ»ի համալիրին մէջ կը գտնուին մանկապարտէզի ու նախակրթարանի բաժինները, որուն աւելի ուշ կ՛աւելնայ «Աշխէն Փիլաւճեան» մանկամսուրը:

1990ին, Ֆերահեան վարժարանի հիմնադիր տնօրէն պրն. Գաբրիէլ  Ինճէճիկեան,  26 տարիներու դժուար պայմաններու մէջ դպրոցը կայուն վիճակի հասցընելէ ետք, կը հրաժարի դպրոցի տնօրէնութեան պաշտօնէն, սակայն ներկայ կը գտնուի ամավերջի հանդէսներու, եւ մեծ կամ փոքր դպրոցական ձեռնարկներու:

Յաջորդաբար տնօրէն նշանակուած են հետեւեալ նուիրեալ հայորդիները:

1990էն 1993, Վարդգէս Ղազարեան: Փոխ տնօրէն՝ Լեւոն Գասպարեան:

1993էն 1997, Լեւոն Գասպարեան: Փոխ տնօրէն՝ Փօլ Մուրատեան:

1997էն 2001, Դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեան: Փոխ տնօրէն՝ Վարդ-գէս Նալպանտեան:

2001էն 2015, Ժան Գոսագեան: Փոխ տնօրէն՝ Վարդգէս Նալպանտեան:

2016էն մինչեւ օրս՝ Սօսի Շանլեան երկրորդականի տնօրէն: Փոխ տնօրէն՝ Վարդգէս Նալպանտեան, իսկ Ժան Գոսաքեան կը ստանձնէ «Նորթ Հիլզ» համալիրի, նախակրթարանի տնօրէնի պաշտօնը:

* * *

Ամերիկայի առաջին հայկական ամէնօրեայ վարժարանի մեծ ու փոքր բարերար-նուիրատուները բազմաթիւ են եւ կարելի չէ յիշել բոլորին անունները, սակայն պարտք կը զգամ յիշելու  գէթ քանի մը հատին անունները:

Առաջին եւ ամենամեծ նուիրատուն եղած է Մատթէոս Ֆերահեան, որուն անունով կը յիշուի դպրոցը:

Իրանահայ Գէորգ Աւետիսեան, որուն անունով կը կոչուի դպրոցի հսկայ մարզասրահը՝ «Աւետիսեան Սրահ»:

Ֆրեզնոյէն՝  Ճան Կարապետեան: Իր անունով կը յիշուի դպրոցի առաջին գրադարանը:

Արշակ Տիգրանեան՝ որուն անունով կը յիշուի դպրոցի համեմատաբար աւելի փոքր «Տիգրանեան Սրահ»ը:

«Նորթ Հիլզ» համալիրի մէջ գործող նախակրթարանը եւ մանկամսուրը կը կոչուին իրենց բարերարներու անուններով, ՄարիԳապայեան նախակրթարան, եւ ՀՕՄի «Աշխէն Փիլաւճեան» մանկամսուր:

2001-2002 տարեշրջանին, Ֆերահեան վարժարանի առաջին տուն դպրոցի շէնքը  փոխարինուեցաւ արդիական նոր կառոյցով մը: Այդ շէնքին մէջ փոխադրուեցան դպրոցի տնօրէնութիւնը, եկեղեցւոյ վարչական եւ գաղութի զանազան կազմակերպութիւններու գրասենեակները:

Բարերարին անունով կոչուեցաւ Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեան (Karaghossian) շէնք:

Էնսինոյի համալիրը, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիով, Ֆերահեան երկրորդական վարժարանով, ՀՅԴ Ռոստոմ կոմիտէութեամբ, ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղով, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղով, եւ իր հովանիին տակ գտնուող «Նայիրի» պարախումբով, ՀՄԸՄի «Մասիս» եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Սարդարապատ» մասնաճիւղերով, դարձած է կատարեալ «Մեղուի փեթակ» մը:

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ գիշերուայ ուշ ժամերը, աննկարագրելի եռուզեռ մը կը տիրէ միութենական ժողովներով, մարզական խաղերով եւ տարբեր տեսակի մշակութային ձեռնարկներով, իսկ եկեղեցւոյ շրջափակը, Ս. Ծնունդի, Ծաղկազարդի կամ Զատկուայ տօներուն, խուռներամ բազմութեամբ այնքա՜ն կը յիշեցնէ Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակը:

Վստահաբար, լոսանճելսաբնակ թուրքերը նկատած են այդ նախանձելի եռուզեռը: Ինչպէ՞ս կրնային հանդուրժել Ամերիկայի մէջ կերտուած փոքրիկ «Հայաստան» մը:

Էնսինոյի «Ֆերահեան» եւ ՀԲԸՄի «Մարի Մանուկեան» համալիրներու պատերուն վրայ թրքական դրօշակներ զետեղելով, վրէժ լուծելու խաբկանքը ունեցան, առանց անդրադառնալու որ հայոց ցեղասպանութեան քարոզչութիւն մըն էր իրենց նենգ արարքը:

Ամբողջ շաբաթ մը, ամերիկեան հեռատեսիլի տարբեր կայաններէ եւ մամուլէն, թուրքերու կողմէ գործադրուած հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսուեցաւ եւ գրուեցաւ, նաեւ՝ հայերու մօտ միասնակամութիւն ստեղծեց, Ապրիլ 24ի տօնակատարութիւններուն նման:

* * *

Երկար տարիներ, ամերիկահայերը նիւթապէս օգտակար հանդիսացած էին Միջին Արեւելքի հայերուն, կառուցելու եկեղեցի եւ դպրոց: Շատեր, այդ ազնուասիրտ հայերուն, «կթան կով» կ՛անուանէին:

Լեւոն Շանթ եւ Սիմոն Վրացեան, հանգանակութեան համար երբ կ՛այցելեն Ամերիկա, տեսնելով  ամերիկահայերու կտրտուած հայերէնը, Լեւոն Շանթ կ՛ըսէ:

– «Մենք Ամերիկայէն օգնութիւն խնդրելու եկած ենք, մինչդեռ Ամերիկա՛ն մեր օգնութեան կարիքը ունի: Յաջորդող սերունդները պիտի կորսուին: Ամերիկայի մէջ եւս Ճեմարաններ պէտք է բանանք»:

Միացեալ Նահանգներ իրենց հանգանակած գումարներով է, որ կերտեցին Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, սակայն Լեւոն Շանթ չկրցաւ իրականացնել Ամերիկայի մէջ Ճեմարաններ բանալու իր երազը: Տարիներ ետք, Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, որ շատ հաւանաբար տեղեակ իսկ չէր Ամերիկայի մէջ հայկական դպրոց հիմնելու Շանթի գաղափարէն, իրականացուց մեծ նուիրեալ, Լեւոն Շանթի երազը: Ճեմարանի փոխարէն հիմնեց «Ֆերահեան» ամէնօրեայ վարժարանը:

Ի՞նչ տարբերութիւն, դպրոցը Ճեմարա՞ն կը կոչուի թէ «Ֆերահեան»: Կարեւորը, Շանթի երազը իրականացած է:

Մէկական առաքեալներ էին Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան եւ Սիմոն Վրացեան:

Առաքեա՛լ մըն է, նաեւ Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, որուն աննկուն կամքին արդիւնքն է Ամերիկայի ամէնօրեայ առաջին հայկական դպրոցը:

«Ֆերահեան» վարժարանը յոյս ներշնչեց  եւ փաստեց՝ որ Ամերիկայի մէջ անկարելի չէ հայ դպրոցներ կառուցելը:

Խանդավառուած՝ տարբեր համայնքի հայեր հիմնեցին իրենց վարժարանները:

25 տարի՝ 25 հայկական վարժարաններ:

Յիշենք քանի մը հատին անունները.

Ազգային վարժարաններ՝

Ֆերահեան, Մեսրոպեան, Ալէք Փիլիպոս, Վահան եւ ԱՆուշ Շամլեան, Գռուզեան-Զաքարեան (Սան Ֆրանսիսքո), Արի Կիրակոս Մինասեան (Սանթա Անա):

Հայ Աւետարանական Մերտինեան Վարժարան:

Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն՝

Արշակ Տիգրանեան, Մարի Մանուկեան, Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան:

Կայ Կաթողիկէ՝

Հայ Քոյրերու Վարժարան, Մխիթարեան (Այժմ փակուած):

Այս ցանկին կարելի է աւելցնել ՀՕՄի տասնեակ մը շաբաթօրեայ վարժարանները, բոլոր այն աշակերտներուն համար, որոնք զանազան պատճառներով կարելիութիւնը չունին ամէնօրեայ հայկական վարժարաններ յաճախելու:

Շարքը երկար է, եւ այս մէկը Ամերիկայի հայկական վարժարաններու լրիւ ցանկը չէ:

Կարգ մը դպրոցներու մէջ, մեր մայրենին կը դասաւանդուի արեւելահայերէն, իսկ ուրիշ դպրոցներու մէջ՝ արեւմտահայերէն: Գոյութիւն ունին նաեւ վարժարաններ, ուր կը դասաւանդուին երկուքը: Արեւելահայ աշակերտներուն կը դասաւանդուի արեւելահայերէնով, իսկ  արեւմտահայ աշակերտներուն՝ արեւմտահայերէնով:

Հայկական վարժարանները մեծամասնութեամբ միեւնոյն ծրագիրը որդեգրած են:

Նախակրթարանի 5րդ դասարանի աշակերտները, ամէն տարի կ՛այցելեն Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթօ:

Միջնակարգ վարժարանի աւարտական 8րդ դասարանի աշակերտները կը մեկնին Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք՝ Ուաշինկթըն Տի.Սի. ծանօթանալու Ամերիկայի պատմութեան եւ այցելելու կառավարական պատմական վայրեր, ինչպէս նաեւ «Սպիտակ Տուն», ընկերակցութեամբ իրենց ամերիկեան պատմութեան ուսուչցին նաեւ քանի մը ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու:

Իւրաքանչիւր դպրոցական տարեշրջանի աւարտին, երկու շաբթուայ համար, երկրորդականի 11րդ դասարանի աշակերտ-աշակերտուհիները, ընկերակցութեամբ քանի մը ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, կը մեկնին Հայաստան եւ Արցախ, ծանօթանալու իրենց հայրենիքին:

* * *

Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի համար, Ֆերահեան վարժարանը բազմանդամ ընտանիք մըն է, որուն աշակերտները, իր հոգեհարազատ զաւակներն են:

Իր կողակիցին հետ, ան ներկայ կը գտնուի Ֆերահեանէն շրջանաւարտներու ամուսնութիւններուն: Գերերջանիկ է նոր ընտանիք կազմող իր «սանուկներով», մանաւանդ երբ անոնք կը կազմեն հա՛յ ընտանիքներ:

Դժբախտաբար վերջերս, իր առողջական վիճակը չի ներեր ներկայ գտնուելու մինչեւ իսկ գեղարուեստական եւ մշակութային ձեռնարկներու:

Ինճէճիկեան՝ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց հայ լեզուի պահպանման սուրբ գործին: Ոսկետառ գիրերով իր անունը պիտի յիշուի սերունդէ սերունդ, Ամերիկայի հայ  դպրոցի պատմութեան մէջ:

Շատ հաւանաբար տարիներ ետք, Միջին Արեւելքէն տասնեակ հազարաւոր հայերու գաղթը, դէպի այս հեռաւոր ափերը, մտածել պիտի տար հիմնելու հայկական վարժարաններ, սակայն մինչեւ այդ թուականը, նուազագոյնը երկու սերունդ անծանօթ իրենց մայրենիին, պիտի նետուէին ձուլումի գիրկը: Հայ գիրերուն անծանօթ  երիտասարդին համար, շատ բնական երեւոյթ պիտի ըլլար օտար ամուսնութիւնը, եւ կէս կատար մայրենիին ծանօթ հայերուն յաջորդող սերունդը, պիտի ըլլար անգլիախօս:

Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մէջ, ամէն առաւօտ օրը կը սկսէինք «Առաւօտ Լուսոյ» ով կամ «Հայր Մեր»ով:

Ֆերահեանի մէջ, օրը կը սկսի հայ մնալու խոստումով:

«Հայ եմ ես, իմ հայրենիքս կը կոչուի Հայաստան…»:

Ճեմարանի մէջ, այդ խոստումին կարիքը չունէինք: Այդ մէկը լռելեան հասկնալի էր: Ձուլումի մտահոգութիւն գոյութիւն չունի Միջին Արեւելքի հայահոծ քաղաքներուն մէջ:

Երախտապարտ եմ ծնողքիս, որ հակառակ իրենց նիւթական դժուար պայմաններուն, քոյրս եւ զիս, ուղարկած են Ճեմարան:

Երախտապարտ պէտք է ըլլան իրենց ծնողներուն, բոլոր այն հայ աշակերտները, որոնք Ամերիկայի նման հսկայ ձուլարանի մը մէջ, կը յաճախեն լոյսի աղբիւր,  հայկական ամէնօրեայ կամ շաբաթօրեայ վարժարաններ:

Պատահական չէ, որ Ֆերահեանի աշակերտներուն մեծ տոկոսը, Ճեմարան յաճախած ծնողներուն զաւակներ եւ թոռներ են: Ֆերահեան դարձած է երկրորդ Ճեմարան մը:

Գաբրիէլ Ինճէճիկեան, ի զուր տեղը չէ ընտրած ուսուցչական ասպարէզը: Այդ մէկը փաստ մըն է իր սիրոյն ու պատկառանքին հանդէպ ուսանող սերունդին:

Ուսուցչութիւնը նուիրում է: Չափազանցած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ, նաեւ՝ կոչում է:

Դժբախտաբար մեծ է հակառակը մտածողներու թիւը, մասնաւորաբար հայկական նիւթեր դասաւանդող նուիրեալներուն, ըսելով որ ուսուցչութենէ տարբեր ասպարէզ ընտրելով շատ աւելի «հանգիստ» եւ բարեկեցիկ կեանք մը կարելի է ապահովել:

Տարիներ առաջ, Ամերիկա ուսանելու գացած եւ յետագային ուսուցչութեան ասպարէզի նուիրուած բարեկամներէս մէկուն ծնողքը, դժգոհութիւն յայտնած էր ըսելով՝

– «Մենք քեզի Ամերիկա ղրկեցինք  որ մարդ ըլլաս, սակայն դուն ուսուցիչ դարձար», առանց անդրադառնալու  որ իրենց զաւակը նուիրուելով ուսուցչական ասպարէզին, դարձաւ իսկական մարդ: ՀԱՅ ՄԱՐԴ:

Բիւր յարգանք բոլոր հայ դպրոցի ծառայող նուիրեալներուն:

«ԱՐՄԷՆԶ»

Խօսիլ Ֆերահեան վարժարանի մասին, առանց անդրադառնալու դպրոցի «Արմէնզ» մարզական միութեան, վստահաբար անարդար պիտի ըլլար:

Շատերու համար «Ֆերահեան» եւ «Արմէնզ»  հոմանիշներ են, իսկ երբ կը խօսինք «Արմէնզ»ի մասին, ինքնաբերաբար մեր աչքերուն առջեւ կը ներկայանայ մարզական պատասխանատու՝ Վարանդ Վարդապետեանին անունը, կամ պարզապէս՝ «Քոչ Վարանդ»ը, որ մեծ ներդրում ունեցած է «Արմէնզ»ի կատարած հսկայ նուաճումներուն մէջ:

Հայկական առաջին ամէնօրեայ Ֆերահեան վարժարանին կառուցուելէն միայն 5 տարիներ ետք, 1968-1969 տարեշրջանին, դպրոցը ունեցաւ տղոց պասքէթպոլի խումբը՝ «Արմէնզ»ը:

«Առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ»:

1980էն 1984, Վարանդ Վարդապետեան կը սկսի պաշտօնավարել Ֆերահեանէն ներս, որպէս այցելու ուսուցիչ:

Սկիզբի տարիներուն, «նորածին» դպրոցը մարզական տարբեր տեսակի խումբեր պահելու բաւարար թիւով աշակերտութիւն չունէր: Տարուէ տարի, աշակերտութեան թիւի աճին հետ, տղոց պասքէթպոլի խումբի կողքին «Արմէնզ» ունեցաւ տղոց եւ աղջիկներու պասքէթպոլի, Վոլի Պոլի, «Սաքըր»ի (ֆութպոլ), Track and Field եւ Cross Country վազքերու, տարբեր տարիքի բազմաթիւ մարզական խումբեր:

1984-1985ի վերամուտին պրն. Ինճէճիկեան, դպրոցի մարզական պատասխանատու եւ «Արմէնզ»ի մարզիչ կը նշանակէ Վարանդը:

Տարուէ տարի, Լոս Անճելըսի մէջ բազմացան ամէնօրեայ հայկական վարժարանները եւ բնականաբար, անոնք եւս ունեցան իրենց մարզական խումբերը, որոնց մեծամասնութիւնը օտար անուններ կը կրեն, ինչպէս Eagles, Titans, Spartans եւ շատ ուրիշներ: Նոյնը չէ պարագան Ֆերահեանի մարզական միութեան: «Արմէնզ»  անունը հայութիւն կը խորհրդանշէ եւ օտար վարժարաններու հետ ունեցած մրցումներու ժամանակ, ինքնաբերաբար կը յիշուի, որ անոնք կը մրցին հայկական  խումբի մը դէմ:

Դպրոց մը աշխուժացնողները եղած են մարզական մրցումներն ու մշակութային ձեռնարկները: Երկուքին աշխոյժ գործունէութեան յաճախ կը հանդիպինք Ֆերահեան վարժարանէն ներս, սակայն ներկայիս զանց պիտի առնեմ մշակութային ձեռնարկները, եւ պիտի անդրադառնամ միայն «Արմէնզ»ի ծնունդին, նուաճումներուն եւ ապագայ ծրագիրներու մասին:

Խօսելով «Արմէնզ»ի լայն շրջապատի մասին, կարելի է հաստատել, որ դպրոցի աշակերտութեան 90 տոկոսէն աւելին անդամ են «Արմէնզ»ի մարզական խումբերուն: Այս թիւին վրայ կ՛աւելնան նախապէս «Արմէնզ»ի մաս կազմած Ֆերահեանի շրջանաւարտ մարզիկները: Համալսարանի ուսանողներ կամ արդէն իսկ կեանքի ասպարէզ նետուած նախկին Ֆերահեանականներ, կը մնան «Արմէնզ»ի մեծ ընտանիքի անդամ: Ի զուր տեղը չէ «Արմէնզ»ի նշանաբանը՝ Once an Armen, Always an Armen. Յաւիտենական «Արմէնզ»ի անդամ:

Այսպիսի մարզական միութիւն մը, կարիքը ունի մեծ թիւով մարզիչներու: «Արմէնզ»ի գլխաւոր մարզիչ Վարանդ Վարդապետեանի կողքին, լիաժամ աշխատող մարզիչներէն կ՛արժէ յիշել Արշակ Մարգարեանի, Գօգօ Գաբրիէլեանի եւ Նշան Քէնճոյեանի անունները: Ասոնց վրայ կ՛աւելնան 20 այցելու օգնական մարզիչներ, որոնք ներկայի եւ անցեալի «Արմէնզ»ի մարզիկներ են:

Իւրաքանչիւր տարի, Գոհաբանութեան տօնին նախորդող օրը, «Աւետիսեան» մարզասրահին մէջ տեղի կ՛ունենան շրջանաւարտ եւ ներկայ «Արմէն»ականներու մրցաշարքերը: Տարբեր նահանգներու համալսարաններու մէջ ուսանողներ, քանի մը օրուայ համար կը վերադառնան իրենց ընտանիքներուն հետ միասին տօնելու Ամերիկայի ամենայատկանշական տօնը: Լաւ առիթ մը, նաեւ միանալու «Արմէնզ»ի մեծ ընտանիքի անդամներուն:

Ասոնց կողքին, արդէն իսկ կեանքի ասպարէզ նետուած տարիքով աւելի մեծ Ֆերահեանականներ, դաշտ կը ներկայանան ընկերակցութեամբ իրենց կողակիցներուն եւ զաւակներուն, որոնք՝ նմանապէս «Արմէնզ»ի անդամներ են: Երկար տարիներ դադրած ըլլալով մարզական փորձերէ, մեծամասնութեամբ կշիռքով ծանրացած, կորսնցուցած իրենց երբեմնի ճկունութիւնը, կը մրցին իրենցմէ շատ աւելի երիտասարդ տարիքով, ներկայի ֆերահեանականներուն դէմ, սակայն կը պատահի, որ «վեթերանները» պարտութեան մատնեն իրենց կէս տարիքը ունեցող պատանիներուն:

Աննկարագրելի եռուզեռ կը տիրէ դպրոցի շրջափակէն ներս: Մարզասրահին մէկ անկիւնը, «Արմէնզ»ի օժանդակ մարմնի տիկինները, համով սանտուիչներ կը հրամցնեն ներկաներուն եւ այդ մէկը կոկիկ գումար մը կ՛ապահովէ բազմածախս մարզական միութեան:

Գրեթէ ամէն շաբաթ, «Արմէնզ» կը հիւրընկալէ տարբեր երկրորդական վարժարաններու խումբեր: Յաղթանակներու կողքին, կ՛արձանագրուին պարտութիւններ, սակայն «Արմէնզ»ի մարզիկները, մի՛շտ կը պահեն իրենց մարզական ոգին: Այդպէս դաստիարակուած են:

Յաճախ, մրցումներ տեղի կ’ունենան Ֆերահեանի շրջափակէն հեռու Քալիֆորնիոյ տարբեր հայ կամ օտար վարժարաններու դէմ: Մարզիկները կը փոխադրուին «Արմէնզ»ի յատուկ փոխադրակառքերով, իսկ երբ հասնին աւարտական մրցումին, մեծ թիւով ներկայ եւ նախկին Ֆերահեանականներ կ՛ուղղուին դէպի դաշտ, քաջալերելու դպրոցի մարզիկները, որոնց յաճախ կ՛ընկերանայ նաեւ դպրոցի տնօրէնը:

«Արմէնզ»ի մաս կազմելու նախապայման է, որ աշակերտը ապահովէ բաւական բարձր ուսումնական միջին եւ այդ միջինը չապահովող մարզիկը, կը զրկուի «Արմէնզ»ի մաս կազմելու հաճոյքէն, նոյնիսկ եթէ ան ըլլայ բացառիկ կարողութեան տէր մարզիկ մը: Նաեւ, պայման է, որ մարզիկը ըլլայ պարտաճանաչ: Փորձի մը չներկայացող աշակերտը, կը կախակայուի եւ իրաւունք չ՛ունենար մասնակցելու 3 յաջորդական մրցումներու, իսկ առանց բանաւոր պատճառի, 3 յաջորդական փորձերու բացակայ մարզիկը, ինքնաբերաբար կը հեռացուի «Արմէնզ»ի շարքերէն, նոյնիսկ եթէ ան ըլլայ խումբի ամենաշատ կէտեր ապահովողը:

Ուսման մակարդակը եւ կարգապահութիւնը առաջնահերթ պայմաններ են «Արմէնզ»ին:

* * *

Իւրաքանչիւր դպրոցական տարեշրջանի աւարտին, «Աւետիսեան» մարզասրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Արմէնզ»ի տարեկան ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին կը կատարուին մրցանակաբաշխութիւնները: Ծնողներ եւ «Արմէնզ»ի համակիրներ, ներկայ կ՛ըլլան այդ ձեռնարկին:

Մրցումերու կամ փորձերու ժամանակ յատկանշական եւ յիշատակելի նկարներ, զետեղուած կ՛ըլլան մարզասրահի պատերուն: Կը ցուցադրուին զանազան մրցումներէ առնուած տեսերիզներ, ուր յաճախ կը հանդիպինք հաճելի եւ անակնկալ տեսարաններու:

Ամէն անգամ, որ «Արմէնզ» ապահովէ ախոյեանութիւն մը, այդ տարուայ խումբի լաւագոյն մարզիկին շապիկը «հանգստեան» կը կոչուի եւ այդ թիւը կրող շապիկը, շրջանակի առնուած, կը տեղաւորուի «Աւետիսեան» մարզասրահին պատուոյ անկիւնը:

«Արմէնզ» ապահոված է բազմաթիւ ախոյանութիւններ, որ-ոնցմէ կ՛ուզեմ յիշել միայն երկուքը.

2012ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ երկրորդական վարժարաններու Դաշնակցութեան (C. I. F.) մրցումներուն «Արմէնզ»ի տղոց պասքէթպոլի խումբը խլեց առաջնութիւնը , իսկ 2016ին, միեւնոյն մրցաշարքին ախոյանութեան տիրացաւ «Արմէնզ»ի աղջկանց պասքէթպոլի խումբը:

Բազմաթիւ մեծարանքի երեկոներ կազմակերպուած են պատուելու դպրոցի հիմնադիր տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը, սակայն ամենաշատ գնահատողը եղաւ «Արմէնզ» մարզական միութեան վարչութիւնը:

Արդէն իսկ կառուցուելու վրայ է դպրոցի նոր մարզահամալիրը, որ պիտի փոխարինէ Ֆերահեանի նախկին մարզադաշտը: Նորակառոյց մարզահամալիրը պիտի ունենայ կողովագնդակի (basketball) եւ ցանցագնդակի (volleyball) մէկական դաշտ նուիրուած դպրոցի վաղամեռիկ աշակերտ Կարօ Մատէնլեանի յիշատակին: Իսկ, ոտնագնդակի դաշտի անունը պիտի կոչուի դպրոցի  առաջին տասնամեակի հոգաբարձութեան ատենապետ Սուրէն Սարոյանի անունով: Մարզական այս համալիրը պիտի կոչուի դպրոցի հիմնադիր տնօրէնի անունով՝ «Գաբրիէլ եւ Ռոզ Ինճէճիկեան Մարզական Համալիր»:

Խօսելով «Արմէնզ»ի լայն շրջապատի մասին, կարելի է հաստատել, որ դպրոցի աշակերտութեան 90 տոկոսէն աւելին անդամ են «Արմէնզ»ի մարզական խումբերուն: Այս թիւին վրայ կ՛աւելնան նախապէս «Արմէնզ»ի մաս կազմած Ֆերահեանի շրջանաւարտ մարզիկները:

Անուններ, որոնք արժանի են ամէն տեսակ գնահատանքի եւ մեծարանքի:

Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի համար Ֆերահեանը մեծ ընտանիք մըն է, որուն աշակերտները իր «սանուկներն» են:

«Քոչ Վարանդ»ին «սանուկներն» են «Արմէնզ»ի ներկայի եւ անցեալի մարզիկները, իսկ «Արմէն»ականներուն կեանքի մէկ անբաժան մասնիկը դարձած է «Արմէնզ»ը:

Once An Armen, Always An Armen.

Scroll Up