Յոբելենական Հանդիսութիւն Մեծանուն Խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի 90րդ Տարեդարձին Առթիւ

Ասպարէզ- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Ուրբաթ, 22 Մարտի երեկոյեան, Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն մը՝ մեծանուն խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի ծննդեան 90րդ տարեդարձին առիթով։ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ իրաւամբ «Ազգային հերոս»ի պատիւին արժանացած վաստակաւոր խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեան այդ օր արժանաւոր կերպով ի պատուի էր։

Օրուան հանդիսավարն էր Շրջանային վարչութեան անդամ Քնար Գորթոշեան, որ  փոխանցեց Շրջանային վարչութեան խօսքը, որուն մէջ ան ըսաւ. «Փրոֆ. Չէքիճեան հայ երգի ու երաժշտութեան երախտաւոր մըն է, որ տասնամեակներ շարունակ, Պոլիսէն մինչեւ Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, աւելի քան 60 տարի իր տաղանդն ու վաստակը ի սպաս դրած է հայ ժողովուրդին, եւ երաժշտութեան։ Իր չԷՔիճեանական մշակումով ու կատարողական բարձր վարպետութեամբ՝ մեծանուն երաժիշտներու յօրինումները, մասնաւորաբար կոմիտասեանը, արձանագրած են թռիչքներ ու նուաճած են բարձունքներ»։ Ապա, մէջբերելով Պ. Սեւակի հետեւեալ խօսքը. «Պիտի գար Յովհաննէսը՝ իր հոգեւոր ուժը հայրենիքից առնելու, նրանով զօրացնելու աստուածաշնորհ իր տաղանդը. պիտի գար կախարդական փայտիկի տիրակալը, որպէսզի էջ առ էջ թերթեր Կոմիտասի երգարանը. պիտի որ գար Չէքիճեանը ում հոգեւոր պարտքը Կոմիտասն է»՝ ան շնորհաւորեց  յոբելեարը, նշելով նաեւ, որ այս ձեռնարկին նախածրագրումը սկսած էր Համազգայինի 90րդ ամեակին նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, որովհետեւ Համազգայինը իբրեւ մշակութանուէր առաքելութեան տէր կազմակերպութիւն անտարբեր չէր կրնար մնալ  «Չէքիճեան»ի վաստակին։

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ թենոր Սուրէն Մկրտչեան, մեծարեալին նուիրուած իտալերէն եւ Կոմիտասէն 2 երգով, դաշնակի ընկերակցութեամբ։

Գայիանէ Բարսեղեան իր յուշերը թարմացնելով, երախտագիտութեան եւ գնահատանքի խօսքերով ներկայացուց Չէքիճեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, շնորհաւորելով խմբավարը եւ նորանոր տարեդարձներ մաղթելով անոր, ապա Վարուժան Տ. Սիմոնեան գեղարուեստական շունչով եւ իր պատրաստած տեսերիզին միջոցով ներկայացուց խմբավարին կենսագրականը եւ վաստակը, Չէքիճեան մարդն ու արուեստագէտը՝ շեշտելով մասնաւորաբար, որ Պոլսոյ մէջ Չէքիճեան 17 երգչախումբերէ բաղկացած, 450 տղամարդոց հետ միասին կը խմբավարէ կոմիտասեան պատարագը։ Ապա ան վկայեց, թէ «որքան սերտեցի եւ խորացայ Չէքիճեանի վիթխարի գործունէութեան մէջ, այնքան աւելի անզօր զգացի զինք ներկայացնելու՝ մանաւանդ այս կարճ ժամանակահատուածին մէջ»։

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Յովնան արք. Տէրտէրեան փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը եւ յետադարձ հայեացքով վերյիշեց իր պատանեկան տարիներուն ծանօթացած Չէքիճեանը, որուն աւելի քան 70 տարիներու վաստակը բեմ կը բերուէր այդ օր, զայն դասելով «մեծերու» շարքին, աւելցնելով, թէ արուեստագէտը Աստուծոյ մօտ կանգնած ոսկի կամուրջ մըն է մարդուն եւ Իր միջեւ, որ իր հոգեւոր կախարդականութեամբ կրնայ հրաշագործել նոր եռանդով եւ նոր մեկնաբանութեամբ»։

Գեղարուեստական յայտագիրին մէջ բաժին ունեցան նաեւ Անժելա Ամիրեան եւ ՐաՖՖի Թորոսեան դաշնակի եւ ջութակի վրայ ներկայացնելով գեղեցիկ փունջ մը։

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Անահիտ Ներսիսեան երկու երգով։

Սրտի խօսք արտասանեց, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սեդա Սիմոնեան, որ շնորհաւորելէ ետք յոբելեարը՝ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Մանուկ Չուխաճեանի եւ դոկտ. Տիգրան Պապիկեանի ընկերակցութեամբ՝ յանուն Համազգայինի խմբավարը պարգեւատրեց յուշատախտակով մը, ինչպէս նաեւ գնահատագիրներ յանձնուեցան ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի եւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանի կողմէ։

Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան իր սրտի խօսքը արտասանեց խօսքը ուղղելով Չէքիճեանին. «Բոլորիս կողմէ մեծապէս յարգուած՝ դուք արարող եւ ստեղծագործ մարդ էք պրն. Յովհաննէս Չէքիճեան, մեր մեծերը ուղի են հարթում, եւ դուք այն երգահանն էք, որ դիւանագէտների համար, մեր մշակոյթը ներկայացրել էք միւս ազգերին»։ Ինչպէս նաեւ ան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ «մեր ազգը որքան օգտուած է հայրենադարձութեան բարիքներէն, հակառակ այն դաժան քաղաքականութեան, որուն ենթարկուած էր ան։ Իբր ազգային հերոս խոնարհւում եմ ձեր առջեւ»։

Թեմիս առաջնորդ սր-բազանը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Յ. Չէքիճեանի տաղանդին մասին՝ մէջբերելով «հերոսներ կան եւ դիւցազներ կան. հերոսները կը յիշուին եւ դիւցազները երբեք չեն մեռնիր» խօսքը՝ ըսաւ. «Սիրելի փրոֆեսէօր, դուք ոչ միայն «Ազգային հերոս» էք, այլ անմահն դիւցազն. կ՛աղօթեմ առ Աստուած, որ օրհնէ ձեզ եւ արուեստագէտի իրա՛ւ հայու ձեր հարուստ վաստակը, զայն ուռճացնելու բազմաթիւ տարիներ պարգեւէ, որպէսզի մեր երգի աշխարհը հեռու մնայ խոտորումներէ, եւ կոմիտասեան շունչով պարուրուած մեր դարաւոր երգը շարունակէ ծաղկիլ հայրենի եւ արտերկրի անդաստաններուն մէջ։ Ձեր վարձքը կատար, ձեր ճիպոտը մնայ մի՛շտ դալար, յարգա՛նք ձեզի, Աստուած օրհնէ ձեզ։ Շնորհաւոր 90ամեակ։ Բարի տարեդարձ։ Պատիւս արժանաւորաց», ապա մեծարեալին իբրեւ նուէր յանձնեց խմբավարի ծննդավայր՝ Պոլսոյ հայ վարժարաններու մասին հրատարակուած պատմական գիրք մը, որուն մէջ յիշուած է Յ. Չէքիճեանի յաճախած Մխիթարեան վարժարանը։

Յայտագիրի վերջաւորութեան, ներկաներուն յիշատակելի եւ պատմական պահետ շնորհեց խմբավարը, երբ անձնապէս ղեկավարեց իր նախկին երգչախումբի մասնակիցներէն խմբակի մը  «Ո՜վ Հայոց Աշխարհ» երգի ներկայացումը, որմէ ետք  խօսք առաւ յոբելեարը՝ ըսելով. «Աղօթքը իմ կեանքի ուղեցոյցն է, առանց աղօթքի ես օր չունեմ… աղօթքը այն աղերսն է առ Աստուած, որ չշեղիմ իմ սրտի կանչից եւ ինձ ուղիղ ճանապարհի մէջ պահի։ Երբ իմ խիղճը մաքուր է, այդ կը նշանակէ, որ Աստուած իմ մէջ է»։ Ան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս մանկութեան օրերուն, Պոլսոյ մէջ իր մեծ մայրը ամէն Կիրակի զինք եկեղեցի կ՛առաջնորդէր, այդպիսով ինք ալ որդեգրած էր այդ բարի սովորութիւնը, որ դարձած էր իր կեանքի անբաժան մասնիկը։ Ան իր երախտագիտական զգացումները արտայայտեց յատկապէս Համազգայինին եւ յայտագիրին բոլոր մասնակցողներուն եւ իր կեանքին ու գործունէութեան մասին հրատարակուած գիրքը նուիրեց Համազգայինին։

Scroll Up