Նոր Զելանտայի ՄԷջ Ձեռնարկ Նուիրուած Թումանեանի եւ Կոմիտասի 150-ամեակներուն

2017 թուականէն էն  ի վեր, Նոր Զելանտայի Հայկական Միութիւնը եւ Հայկական Վիրտուալ Համալսարանը  կը համագործակցին, հայոց լեզուի դասընթացներ կազմակերպելով: Այս անգամ շաբաթ, մարտ 16-ին, իւրայատուկ ձեռնարկ մը կազմակեպած են նուիրուած հայ մեծանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի եւ երգահան Կոմիտասի 150-ամեակներուն: Շատ բովանդակալից եւ հետաքրքրիր վիրտուալ այց մը ունեցած են Կոմիտասի եւ Թումանեանի տուն-թանգարանները, որ թոյլ տուած է ծանօթանալու հայ մեծերու կեանքին եւ գործունէութեան: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն Նոր Զելանտայի հայկական համայնքէն:

ՀԲԸՄ Հայկական Վիրտուալ Համալսարանի մասնագէտները՝ Հիբրիդ կրթութեան եւ Ազատ դասընթացներ ծրագիրներու համակարգող Արփինէ Թաւաքալեանը եւ ուսուցչուհի Զեփիւռ Խպլիկեանը մանրամասն ներկայացուցած են տեղեկատուութիւնը:

Նոր Զելանտայի հայկական համայնքի ձեռնարկի մասնակիցները նիւթին վերաբերեալ  բազմաթիւ հարցեր ուղղած են, որոնց տրուած են սպառիչ պատասխաններ: Համալսարանի մասնագէրներուն հետ շատ անկաշկանդ շփուած են նաեւ երեխաները: Առաջարկներ հնչած են մօտ ապագային նմանատիպ հանդիպումներ կազմակերպելու:

Scroll Up