Կովսականի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Լիբանանահայ Հայրենադարձ Երգիչ Գէորգ Հաճեանի Համերգը

Համազգայինի Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Քաշաթաղի վարչակազմի համագործակցութեամբ Քաշաթաղի շրջանի ամէնէն հեռաւոր, սահմանամերձ Կովսական քաղաքին մէջ, Մարտ 22 -ին տեղի ունեցաւ լիբանանահայ հայրենադարձ երգիչ Գէորգ Հաճեանի համերգը՝ նուիրուած մեծն Կոմիտասի ծննդեան 1500-ամեակին: Այս մասին կը հաղորդէ “Ապարաժ”-ը։

Համերգին, իր բացման խօսքին մէջ երգիչը անդրադարձաւ Կոմիտաս վարդապետի գործունէութեան եւ մեծ դերին հայոց երգարուեստի բնագաւառին մէջ:

Երգիչը նաեւ խօսեցաւ Համազգայինի առաքելութեան մասին:

Բացօթեայ համերգին ներկաները հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին Կոմիտասի երգերը: Այնուհետեւ հնչեցին շարք մը ազգային-հայրենասիրական երգեր:

Երգիչը նշեց, որ եօթը օր պիտի մնայ Կովսականի մէջ եւ դպրոցականներուն ու բոլոր փափաքողներուն երգեր պիտի սորվեցնէ, այնուհետեւ դարձեալ համերգ պիտի տայ:

Scroll Up