Մեծարանքի Երեկոյ ի Պատիւ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանին

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրակի, Մարտ 24, 2019, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պոլսահայերու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ մեծարանքի եւ գնահատանքի արդար ձեռնարկ մը, ի պատիւ՝ Լոս Անճելոսի հայութեան երկարամեայ ծառայողներէն, եւ մանաւանդ՝ Պոլսահայերու ամբողջանուէր անդամներէն Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանին:

Ձեռնարկը կը կազմակերպուի մեր գաղութէն ներս իր բազմաբեղուն ծառայութիւններով հանրածանօթ Պոլսահայերու միութեան կողմէ:

Այդ օր իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը եւ մեծարեալը պիտի պատուեն հայ ժողովուրդի բարեկամ՝ Դոկտ. Թանէր Աքչամ եւ վերջերս Հայաստան հաստատուած, ֆրանսահայ ծանօթ մտաւորական՝ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսը, ինչպէս նաեւ գաղութիս մտաւորականներու եւ ազգային գործիչներու հոյլ մը:

Գրել Տոքթ. Յովհաննէս Աւետիքեանի ծառայութիւններուն մասին, կը նշանակէ գրել յետ եղեռնեան սերունդին մասին. այն գործիչներու եւ ազգայիններու մասին, որոնք վերջին 70-100 տարիներուն Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ մէջ գործող կամ գոյութիւն ունեցող հայ եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ մշակութային կեանքին տէր ու պահապան եղան: Այդ սերունդը իր կեանքը վտանգելով, կուրծք տուաւ թուրք ազգայնամոլ իշխանութիւններուն եւ պաշտպան եղաւ մեր ժառանգութեանց եւ հաստատութեանց: Անոնցմէ մին է Տոքթ. Աւետիքեան, որ իր եռանդուն գործունէութեամբ Պոլսոյ մէջ դպրոցներու, եկեղեցիներու, երգչախումբերու եւ մշակութային հաստատութիւններու  կեանք եւ աւիշ տուած է իր ողջ կեանքի ընթացքին:

1977-ին Տոքթ. Աւետիքեան իր նորահարս տիկնոջ՝ Սեդային հետ Ա.Մ.Ն. կը տեղափոխուի: Այստեղ  տարի մը իր վկայականները վաւերացնելէ ետք,  կը լծուի մեր գաղութի բազմաթիւ եւ բազմատեսակ ծառայութիւններուն:

Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակի անունը անխզելիօրէն կապուած է իր այնքան սիրած եւ ծառայած Պոլսահայերու Միութեան հետ, որ երկուքը իրարու հոմանիշ դարձած են կարծես:

Քառասուն տարիէ ի վեր ծանօթ ենք Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակի ազգային անաղմուկ, բեղուն ծառայութիւններուն: Ծանօթ ենք անոր հեզ, խոնարհ եւ բարեկիրթ բնաւորութեան: Անոր հետ աշխատած ենք քանի մը մարմիններու մէջ, եւ միշտ արժանացած է մեր սիրոյն եւ յարգանքին, շնորհիւ իր դրական մտածողութեան եւ իր անսակարկ նուիրումին:

Պոլսահայերու համով-հոտով արեւմտահայերէնով, քաղցրախօսութեամբ եւ մարդկային ազնուագոյն նկարագիրը կրող այս «աղբարիկ» մարդուն մէջ, մենք միշտ ալ տեսած ենք Պոլսոյ պատուական հայութեան տիպարը:

Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան Լոս Անճելոսի մէջ պոլսահայերու միութեան բաբախուն սիրտն է. հոն մօտ քառասուն տարի անընդմէջ ծառայած է մշակութային յանձնախումբի ատենապետի հանգամանքով, բազմաթիւ, բազմատեսակ եւ բազմաբնոյթ մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպելով: Եղած է գաղութի պարծանքը հանդիսացող Արեւմտեան թեմի Մայր Տաճարի Խաչատուրեան քառաձայն երգչախումբի հիմնադիրներէն մին: Արարատ Charter School-ի, գաղութիս Միացեալ Մարմնի հիմնադիրներէն, իսկ Առաջնորդարանի «Զուարթնոց» յանձնախումբի վարչականներէն մին եղած է:

Սկաուտի պէս պատրաստ, ազգային բոլոր նուիրահաւաքներուն մասնակցող, ձեռնարկներուն օժանդակող մեր սիրելի եւ պատուարժան ղեկավարներէն է Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որուն սրտանց կը շնորհաւորենք այս արժանի եւ արդար գնահատանքին համար, մաղթելով իրեն եւ իր թանկագին կողակիցին արեւշատ օրեր եւ մշտատեւ ծառայութիւններ:

Scroll Up