Կիպրահայ Արուեստաբան Հայկ Իւթիճեանի Դասախօսութիւնը Նիկոսիոյ Մէջ. Անձնական Տպաւորութիւններ Փրակի Եւ Նիւ Եորքի Մեծ Ցուցահանդէսներէն

Նիկոսիոյ «Օփուս» ցուցասրահին մէջ, ուր վերջերս ներկայացուեր էին հայկական ժամանակակից արուեստի նկարչական նմուշներ եւ բազմատեսակ հայկական նոր եւ հնատիպ գիրքեր, անոնց հայաբոյր միջավայրին մէջ՝  տեղի ունեցաւ կիպրահայ բազմատաղանդ արուեստաբան, հետազօտող, խմբավար, Դոկտ. Հայկ Իւթիճեանի դասախօսութիւնը՝  1 Փետրուար, 2019-ին, կ.ե. ժամը 7:30-ին,  նիւթ ունենալով՝  իր անձնական տպաւորութիւնները Փրակի եւ Նիւ Եորքի գլխաւոր ցուցահանդէսներէն, կազմակերպութեամբ Նիկոսիոյ «Մուֆլոն» գրատան տէր ու տնօրէն Օրդ. Ռութ Քէշիշեանի եւ ներկայութեամբ հայ թէ օտար արուեստասէր ընտրանի հասարակութեան մը, գլխաւորութեամբ Թեմիս Կաթ. Փոխ. Տէր Խորէն Արք. Տողրամաճեանի եւ Պետ. Ներկ. Տիար Վարդգէս Մահտեսեանի:

Դոկտ. Հայկ Իւթիճեան իր դասախօսութիւնը բաժնեց երկու գլխաւոր մասերու.- իր անդրադարձը՝  իր իսկ կազմակերպած, հայկական միջնադարեան ձեռագիրներու Ստրահովեան ցուցահանդէսին եւ իր տպաւորութիւնները՝  Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ կայացած «Հայաստան» ցուցահանդէսէն:

Առաջին բաժնին մէջ, յարգելի դասախօսը հետաքրքրական կերպով ներկայացուց՝  պաստառադրուած նմուշներու օգնութեամբ, որոնք  իր իսկ լուսանկարած պատկերներն են ամբողջութեամբ, Փրակի Ստրահովեան նշանաւոր վանքի գրադարանի աստուածաբանական դահլիճին մէջ ցուցադրուած ձեռագիրները, որոնք կ’ընդգրկեն Մինաս Ծաղկողի, Թորոս Ռոսլինի եւ այլոց նկարազարդած ոսկեզօծ ու ծիրանեփայլ ձեռագիր էջեր, ուր շարականն ու անոր հետ ներդաշնակօրէն հիւսուած մանրանկարը կը բերեն հայ հոգիի փայլատակումները, երկնասլաց հոգեւորականութիւնը, խորախորհուրդ հաւատքը այլեւ նրբագեղ ճաշակն ու գունային հարուստ մտածողութիւնը…:  Ներկաները մէկ առ մէկ ըմբոշխնեցին՝  Դոկտ. Իւթիճեանի հոյակապ եւ ուսանելի բացատրութիւնները, մեկնաբանութիւնները՝  ընդելուզուած պահ առ պահ իր կարճ այլեւ հոգեթռիչ երգեցողութեամբ:  Էջեր՝  Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան, Վերջին ընթրիքի, Քառասուն մանկանց, Յովհաննէս Աւետարանիչի, Ղազարոսի յարութեան, Պետրոս առաքեալի, Աստուածամօր յարութեան, Տեառնընդառաջի… եւ այլ աստուածաշնչական դէմքերու եւ դէպքերու…

Երկրորդ բաժնին մէջ, Դոկտ. Իւթիւճեան պատմեց իր գործակցութիւնը Նիւ Եորքի հռչակաւոր «Axion Estin Foundation Chanters»-ի հետ, որոնց հրաւէրով եւ մասնակցութեամբ ան խմբավարած եւ կատարած է հայկական շարականներ՝  Մեթրոփոլիթըն թանգարանի մէջ կայացած «Հայաստան» ցուցահանդէսի ոգեշնչող մթնոլորտին մէջ եւ այլուր: Շարականներու կատարումը բարձրօրէն գնահատուած է ներկայ ունկնդիրներուն եւ տեղական մամուլին կողմէ, որպէս խորապէս հոգեյոյզ, երկնային ոլորտ բարձրացնող շարականներու երգեցողութիւն:

Ինչ կը վերաբերի ցուցահանդէսին, յարգելի դասախօսը նշեց, որ այնտեղ հիմնականօրէն ներկայացուած էին ձեռագիրներու բնօրինակներ եւ ընդօրինակութիւններ՝  Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանէն, Վիեննայի եւ Վենետիկի Մխիթարեաններու հաւաքածոյէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հաւաքածոյէն, Երուսաղէմի Պատրիարքարանէն եւ այլ կեդրոններէ կամ անձնական հաւաքածոներէ:

Զիս յատկապէս տպաւորեց Մեթրոփոլիթըն թանգարանի ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի հիասքանչ նրբագեղութեամբ փորագրուած դուռը, որ ձեռքէ ձեռք անցնելով փրկուեր էր եւ հանգրուաներ անձնական հաւաքածոյի մը մէջ եւ տրամադրուեր էր ցուցահանդէսին անոր այժմու սեփականատիրոջ կողմէ:

Ձեռագիրներուն հետ միասին, յարգելի դասախօսը սահիկներով ներկայացուց իր լուսանկարած շատ մը այլ հայկական գանձեր, ինչպէս՝  խորանի բանուած վարագոյրներ, ժամհարներ, բուրվառներ, խաչեր ու խաչքարեր, Ս. Սահակ Պարթեւի Աջը, որ կը պարփակէ իր մասունքը…եւ այլ գանձեր, որոնց մասին իր տուած խոր մեկնաբանութիւնները նոր հետաքրքրութիւն արթնցուցին վստահաբար ներկաներուն մօտ՝  հայ դարաւոր եւ փառաւոր արուեստին նկատմամբ:

Ներկայացուած նմուշներուն մէջ, ուրախալի էր տեսնել՝  սաւանածաւալ պատմական  քարտէս մը, ուր մէկ առ մէկ քարտիսագրուած ու նշուած են անուն առ անուն 17-րդ դարուն գոյութիւն ունեցող բոլոր հայկական վանքերը, ինչ որ հզօր մէկ ապացոյցն ու վկայութիւնն է անոնց գոյութեան, որոնցմէ շատեր հիմնայատակ աւերակուած են ներկայիս:

Երեկոյի աւարտին, ներկաները նաեւ ունկնդրեցին հատուածներ այն շարականներէն, որոնք կատարուած են Հայկ Իւթիճեանի խմբավարութեամբ եւ մասնակցութեամբ՝  Նիւ Եորքի մէջ:

Դասախօսութեան առթած մթնոլորտին մէջ, որքա՛ն տեղին կը հնչեն Վազգէն Շուշանեանի սրտայոյզ տողերը՝  «Ուրկէ՞ կու գաս, ո՛վ ոսկեայ ու ծիրանեփայլ, ո՛վ խունկէ ու զմուռսէ, ո՛վ քաղցրագանգիւն ու տրտմագին շարական:…Ո՞ր հին ու գունատ մատեանէն, ո՞ր կիսակործան այլ փառաւոր վանքէն տարագիր ծիծեռնակի մը թեւերուն վրայ սուրացիր, քիչ մը վիրաւոր Հայաստան բերելու համար մեզի, ո՛վ շատ սիրելիս»:

Հայ հոգեւորութեամբ, հայ հոգիով շնչաւորուած Երեկոյ մը՝ արդարեւ, որ հոգեւոր նոր լիցքերով ոգեշնչեց ներկաները, հայ հոգիի ճառագայթումով լուսաւորեց զանոնք, հայ արուեստի, ձեռագիրներու, երաժշտութեան շունչն ու հմայքը փոխանցեց անոնց՝  ներկայ ժամանակներու խորապէս նիւթականացած առօրեային մէջ….

Վարձքդ՝  կատա՛ր, սրտագին շնորհակալութի՛ւն, սիրելի Հայկ Իւթիճեան, անխոնջ ու նուիրեալ մշակ հայ արուեստի, երաժշտութեան ու մշակոյթի:

ԵՐԱՆ  ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

 

Scroll Up