Ատրպէյճանի Կողմէ Հայկական Յուշարձաններու Ոչնչացումը Կը Գերազանցէ «Իսլամական Պետութեան» Ոճիրները

«Նորարարական փորձագիտական զեկոյցը կ՛ընթանայ Ատրպէյճանի կողմէ միջնադարեան 89 եկեղեցիներու, 5480 նրբազարդ խաչքարերու եւ 22 հազար 700 գերեզմանաքարերու ոչնչացման հետքերով». ասիկա ենթախորագիրն է Սիմոն Մաղաքեանի եւ Սառա Փիքմընի յոյժ գնահատելի յօդուածին, որ անցեալ շաբաթ հրապարակուած է Hyperallergic ամսագիրին մէջ։ Իսկ յօդուածին վերնագիրն է՝ «Վարչակարգը կը թաքցնէ բնիկ հայոց մշակոյթի աւերումը»։

2011 Ապրիլին, երբ Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը փափաքեցաւ այցելել Նախիջեւան՝ հայկական տարածք մը, որ խորհրդային իշխանութեան կողմէ կը դասակարգուէր իբրեւ Ատրպէյճանի «ինքնավար հանրապետութիւն»՝ հազարաւոր պատմական միջնադարեան հայկական խաչքարերու ոչնչացման փաստը ստուգելու համար, ատրպէյճանցի պաշտօնեաները արգիլեցին անոր այս այցը՝ ըսելով, որ այդ կոթողներուն ոչնչացման մասին զեկոյցները սուտ լուրեր են։

Ատրպէյճանական ճնշումներու տակ Նախիջեւանի հնագոյն հայ համայնքը ոչնչացաւ…: Չբաւարարուելով ցեղային զտումներով, ատրպէյճանցիները նաեւ ջնջեցին հայկական յուշարձաններու բոլոր հետքերը՝ պնդելով, որ Նախիջեւանի մէջ բնաւ հայ չէ ապրած։

2005 Դեկտեմբերին Իրանի սահմանապահ ծառայութենէն Հիւսիսային Իրանի հայկական եկեղեցւոյ առաջնորդին զգուշացուցին, որ Ատրպէյճանի մէջ Ջուղայի հսկայական գերեզմանատունը, որ տեսանելի է Ատրպէյճանի հետ սահմանէն, ռազմական յարձակման տակ է։ Եպիսկոպոս Նշան Թոփուզեան եւ անոր վարորդը շտապեցին տեսագրելու հարիւրէ աւելի ատրպէյճանցի զինուորները, որոնք մեծ մուրճերով սպառազինուած, բեռնատարներով եւ ամբարձիչ կրունկներով կ՛ոչնչացնէին գերեզմանատան մնացած 2000 խաչքարերը, իսկ հազարէ աւելի խաչքարեր արդէն ոչնչացուած էին 1998 եւ 2002 թուականներուն», տեղեկացուցած են Մաղաքեան եւ Փիքմըն։

Հարթեցուած տարածքը, ուր դարեր շարունակ կանգուն էին հայկական խաչքարերը, այժմ վերածուած է ռազմական հրաձգարանի։ «Աւերումը «մեծ աւարտ»ն էր Նախիջեւանի հայկական անցեալի», գրած են երկու հեղինակները։

Մաղաքեան եւ Փիքմըն հաղորդած են, որ «Գիտութեան զարգացման ամերիկեան ընկերութիւնը» (AAAS) օգտագործած է հեռակայ պատճենահանման արհեստագիտութիւն՝ մշակութային ոչնչացման ուսումնասիրութեան մէջ։ 2010ին, աշխարհատարածքի մասին անոնց ուսումնասիրութիւնը եզրակացուցած է, որ «արբանեակային տուեալները կը համապատասխանեն տեղւոյն դիտորդներու կողմէ ներկայացուած զեկոյցներուն, որոնք յայտնած են Ջուղայի գերեզմանատան արուեստի նմուշներու ոչնչացման մասին»։

«Բացարձակ սուտ եւ զրպարտող տեղեկութիւններ … [կեղծուած] հայկական լոպիի կողմէ», յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ յաճախ կը սպառնայ Հայաստանի եւ կը խեղաթիւրէ անոր պատմութիւնը:

Հեղինակները նաեւ կը մէջբերեն Նախիջեւանի «տեղական ինքնակալ», նախագահ Ալիեւի ազգական Վասիֆ Թալիպովի Դեկտեմբեր 6, 2005ի թիւ 5-03/S  հրամանագիրը, որով ան «հրամայած է իրականացնել Նախիջեւանի յուշարձաններու մանրամասն գոյքագրումը։ Երեք տարի անց, Թալիպովի համախմբագրութեամբ հետազօտութիւնը ամփոփուած է «Նախիջեւանի յուշարձաններու հանրագիտարանին մէջ՝ անգլերէն եւ ատրպէյճաներէն լեզուներով»։ 522 էջ հաշուող «Հանրագիտարան»էն կը բացակային միջնադարեան 89 եկեղեցիները, 5440 նրբազարդ խաչքարերը եւ 22 հազար 700 գերեզմանաքարերը, զորս [հետազօտող Արգամ] Այվազեան մանրակրկիտ կերպով փաստագրած էր։ Շատ քիչ ծանօթագրութիւններ կան ներկայիս՝ այդ շրջանին մէջ գոյութիւն չունեցող հայկական քրիստոնէական համայնքներու մասին, ինչպէս առաքելական, այդպէս ալ կաթողիկէ։ Այսուամենայնիւ, ատրպէյճանական պաշտօնական հրատարակութեան նախաբանին մէջ «հայերը» յստակօրէն կը բացայայտուին իբրեւ թիւ 5-03/S հրամանագիրի պատճառ. «ատկէ ետք, Դեկտեմբեր 6, 2005ին որոշում գոյացաւ … իւրաքանչիւր յուշարձանի համար անձնագիր տրուեցաւ…: Հայերը մեզի հանդէպ թշնամանք կը ցուցաբերեն, ոչ միայն անարդարացիօրէն հողային պահանջներ ունենալով Նախիջեւանէն, այլ նաեւ մեր պատմական յուշարձաններէն՝ միջազգային հանրութեան տալով կողմնակալ տեղեկատուութիւն։ Կատարուած հետազօտութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ Նախիջեւան կը պատկանի Ատրպէյճանի թուրքերուն…»։

Ոեւէ ատրպէյճանցի, որ կը  համարձակի հանդէս գալ ի պաշտպանութիւն հայերու, նոյնպէս կ՛ենթարկուի յարձակման՝ իբրեւ Ատրպէյճանի թշնամի: Խիզախ ատրպէյճանցի գրող Աքրամ Այլիսլի շատ սուղ գին վճարեց՝ պատմելով ճշմարտութիւնը իր հայրենի Ագուլիս քաղաքին մէջ (այժմ՝ Այլիս) հայկական յուշարձաններու ոչնչացման մասին։ Յայտնի վիպասանը զայրացած էր, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կ՛ոչնչացնէ հայկական եկեղեցիները: Իր «Քարէ երազներ» վէպին մէջ,  գլխաւոր հերոսը Ագուլիսի մտաւորականն է, որ կը յիշատակէ մինչեւ 1990-ականներ գոյատեւած միջնադարեան 12 եկեղեցիներէն ութն եւ կը պաշտպանէ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հակահայկական կոտորածներու զոհին։ Նախագահ Ալիեւ ջնջեց անոր թոշակը եւ զրկեց զայն «Ժողովրդական գրող» կոչումէն։ Անոր գրութիւնները հանուեցան դպրոցական ուսումնական ծրագիրներէ, գիրքերը հրկիզուեցան հրապարակաւ, իսկ անոր ընտանիքի անդամները դուրս դրուեցան աշխատանքէ։ Ան փաստացիօրէն տնային կալանքի տակ կը գտնուէր իր վէպի հրապարակումէն ետք։ Այլիսլի բողոքած է Ագուլիսի մէջ հայկական եկեղեցիներու ոչնչացման դէմ եւ հրաժարած՝ ատրպէյճանական խորհրդարանի երեսփոխանի իր լիազօրութենէն։ 1997-ին ան անվախօրէն հեռագիր յղեց նախագահ Ալիեւի՝  հայկական եկեղեցիներու ոչնչացումը անուանելով «բարբարոսական գործողութիւն՝ գործադրուած զինուած ուժերու ներգրաւմամբ եւ հակահրասայլային ռումբերու կիրարկմամբ»։

Երկու հեղինակները զրուցած են ռուս լրագրող Շուրա Պուրթինի հետ, որ Այլիսլիի հետ հարցազրոյց ունենալէ ետք մեկնած էր Նախիջեւան եւ նշած, որ չէ տեսած «տարածքի փառահեղ անցեալի հետքերը»: Պուրթին եզրափակած է այսպէս. «Նոյնիսկ «Իսլամական պետութիւնը» չէր կրնար նման ծանր ոճիր գործել մարդկութեան դէմ»։

Հեղինակները կը յայտնեն, որ  2018-ին, իր վաւերագրական «Հրաժեշտ» գրութեան մէջ Այլիսլի պնդած է, որ «քանդուած եկեղեցիներէն մէկուն տեղ հինգ տարի առաջ կառուցուած մզկիթը տեղացիներու կողմէ պոյքոթի ենթարկուած է, քանի որ «Այլիսի մէջ բոլորը գիտեն, որ եկեղեցւոյ տեղ կառուցուած մզկիթին մէջ հնչած աղօթքները չեն հասնիր Ալլահի ականջին»։

Նախիջեւանի բնակիչ Արգամ Այվազեան տասնամեակներ շարունակ լուսանկարած է տեղւոյն հայկական յուշարձանները՝ մինչեւ անոնց ոչնչացումը. Մաղաքեան եւ Փիքմըն իրենց գրութեան մէջ Այվազեանը կը մէջբերեն՝ իբրեւ աշխարհի լռութիւնը դատապարտող մը. «Նախիջեւանի հայկական անցեալի ոչնչացումը նաւթով հարուստ Ատրպէյճանի կողմէ, վերջինս կը մատնէ աւելի վատ դրութեան՝ քան «Իսլամական պետութիւնը», սակայն ԵՈՒՆԵՍՔՕ եւ Արեւմտեան երկիրներու մեծ մասը չտեսնել կը ձեւացնեն այս իրողութիւնը»։ «Իսլամական պետութեան» կողմէ քանդուած կառոյցները, ինչպէս՝ Փալմիրան, կարելի է վերականգնել, կը պնդէ Այվազեան, սակայն «այն, ինչ որ մնացած է Նախիջեւանի հայկական եկեղեցիներէն եւ խաչքարերէն, որոնք գոյատեւած էին երկրաշարժներէ, խալիֆներէ, Թամեռլանէ եւ Սթալինէ ետք՝ իմ լուսանկարներն են»։
Յարութ Սասունեան     
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Scroll Up