TAROM Թռիչքուղիները Մուտք Կը Գործեն Հայկական Շուկայ

Միջազգային թռիչքուղիներու ընկերութիւնները կը շարունակեն հետաքրքրութիւն ցուցաբերել հայկական թռիչքուղիներու փոխադրումներու շուկային նկատմամբ: Հայկական շուկայ մուտք կը գործէ ռումանական TAROM թռիչքուղիներու ընկերութիւնը:
Յունուար 18-ին տեղի պիտի ունենայ հայկական շուկայ թռիչքուղիներու ընկերութեան նորամուտի շնորհանդէսը:
Շնորհանդէսին պիտի մասնակցին ՀՀ կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական թռիչքուղիներու գլխաւոր վարչութեան, ՀՀ փոխադրամիջոցի, կապի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու նախարարութեան աշխատակիցներ, ՀՀ-ի մէջ Ռումանիոյ դեսպանութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ իրենց մասնակցութիւնը պիտի ցուցաբերեն մօտ 80 թռիչքուղիներու գործակալութիւններո ներկայացուցիչներ: