Կոմիտաս՝ Հայ երգի «Անլռելի զանգակատունը» 1869-1935

«Երգիչի կարողութիւններս մէկ նպատակի կը ծառայեն. իմ մեծ ժողովուրդիս երգն ու երաժշտութիւնը ծանօթացնել երաժշտական աշխարհին եւ ապացուցել, որ հայ ստեղծագործ ժողովուրդը՝ սկզբնական դարերէն ունեցեր է իր ինքնուրոյն երգն ու երաժշտութիւնը»:

Կոմիտաս Վարդապետ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

      Հայց. Առաքելական Մայր եկեղեցին, գլխաւորութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. շնորհազարդ հայրապետին, 2019-ին աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ գործող եկեղեցիներով պիտի նշէ Կոմիտաս մեծագործ վարդապետին ծննդեան 150-ամեակը եւ պիտի ոգեկոչեն հայ երգի «Անլռելի զանգակատան» անմոռաց յիշատակը:

      Կոմիտաս վարդապետ (աշխարհիկ անունով Սողոմոն Սողոմոնեան), ծնած է 1869-ին, Քէօթահիա քաղաքը: Հայրը՝ Գէորգ Սողոմոնեան կօշկակար էր, շատ գեղեցիկ ձայնով օժտուած անձ մը, որ երգեր կը գրէր եւ կը կատարէր, արժանանալով ունկնդիր հասարակութեան ջերմ գնահատանքին: Մայրը՝ Թագուհին, նոյնքան գեղեցիկ ձայնով օժտուած էր: Ան գորգահիւսութեամբ կը զբաղէր:

     Սողոմոնի մանկութիւնը շատ տխուր եղած է: Փոքր տարիքին կը կորսնցնէ իր մայրը, քանի մը տարի ետք, 11 տարեկանին կը կորսնցնէ հայրը: Փոքրիկն Սողոմոն ֆիզիքականով շատ տկար եւ մտածկոտ մանուկ մըն էր:

    1881-ին Քէօթահիայի եկեղեցւոյ վարդապետ Տէր Գ. Դերձակեան Էջմիածին կը մեկնէր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան համար: Իրեն հետ կը տանի որբուկ Սողոմոնը, որ թէեւ հայերէն չէր գիտեր, բայց հրաշալի ձայն ունէր. կը տանէր Գէորգեան Ճեմարան, որպէս սան արձանագրելու  համար:

     Էջմիածին հասնելով, Սողոմոն Գէորգ Դ. Վեհափառին ներկայացաւ: Երբ Վեհափառը հարցեր կու տար փոքրիկին, Սողոմոն կը պատասխանէր թրքերէնով, թէ ինք հայերէն չի գիտեր: Այնպէս ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերուն մեծամասնութիւնը հայերէն խօսիլ, գրել, կարդալ չէր գիտեր: «Բայց եթէ կ՚ուզէք՝ կ՚երգեմ» ըսաւ Սողոմոն Վեհափառին, եւ երգեց հայ եկեղեցւոյ նուիրուած «շարականը», խոր յուզում յառաջացնելով Վեհափառին:

     Որպէս բացառիկ կարգադրութիւն, Սողոմոնը Էջմիածնի Դպրեվանք կ՚ընդունուի իր ձայնին համար: Սակայն մէկ տարուան ընթացքին ան հայերէն խօսիլ, գրել եւ կարդալ սորվեցաւ:

Սողոմոնը՝ Կոմիտաս    

Փոքրիկն Սողոմոն Էջմիածնէն ներս արժանացած էր Վեհափառի եւ բարձրաստիճան կղերականներու ուշադրութեան, անոնց սիրոյն ու յարգանքին: Իսկ վանքի այս ժառանգաւորը ոչ թէ ամէն տարի, այլ՝ ամէն օր կը հասուննար եւ կը հրաշագործէր հայ երգի եւ շարականներու կատարելագործութեամբ եւ կրօնագիտութեամբ:

     1883-ին կը ձեռնադրուի վարդապետ եւ կը ստանայ Կոմիտաս անունը, որ 12-րդ դարու ծանօթ Կոմիտաս արուեստագէտին անունն էր:

     Կոմիտաս Վրդ. որպէս երգի ուսուցիչ, խմբավար եւ երաժշտագէտ, ստեղծագործեց տիւ եւ գիշեր գործելով: Ան բազմաթիւ ճամբորդութիւններ կ՚ընէր հայկական գիւղերը եւ հայահոծ քաղաքները այցելելով, հայ երգի ակունքներէն հայ երգը կը հանէր, կը մաքրազտէր եւ ժողովուրդին կը ներկայացնէր, անգնահատելի գանձեր դիզելով հայ երգարուեստի գանձարանին մէջ:

     1910-ին Կոմիտաս կը մեկնի Պոլիս: Հոն եւս հոգեւոր ծառայութեան կողքին կը զբաղի հայ երգով ու երաժշտութեամբ: Կը շարունակէ երգահաւաքի ու երգազտումի իր գործը: Պոլսոյ մէջ կը հիմնէ 300 անդամներէ բաղկացած «Գուսան» հռչակաւոր քառաձայն ժողովրդական երգչախումբը, որ մեծ համբաւ ունեցաւ եւ խանդավառութիւն ստեղծեց ժողովուրդին քով: Այդ տարիներուն էր որ կը մշակէ Ս. Պատարագի Կոմիտասեան կատարումը, որ մինչեւ օրս կ՚երգուի որոշ եկեղեցիներու մէջ:

Կոմիտաս եւ Ցեղասպանութիւնը

     1915-ի հայոց Ցեղասպանութեան սկիզբի օրերուն, մեծն Կոմիտասն ալ ձերբակալուեցաւ եւ Անատոլիա ղրկուեցաւ: Հոն էր որ զգայուն սրտի տէր Կոմիտասը տեսաւ հայ մեծամեծ գրողներու, գործիչներու, կղերականներու հաւաքական չարչարանքները, դժբախտութիւնը, որոնք խորապէս ազդեցին երիտասարդ կղերականի հոգիին, մտքին ու սրտին վրայ: Այդ բոլոր սրտաճմլիկ տեսարանները տանիլ չկարենալով, խելագարեցաւ մեր անմահն Կոմիտասը, եւ ազդեցիկ մարդոց միջամտութեամբ Փարիզ տարուեցաւ բուժուելու համար: Սակայն այլեւս բուժումի ոչ մէկ յոյս կար եւ 1936-ին իր մահկանացուն կնքեց հայ երգի ու երաժշտութեան այս երախտաւոր վարդապետը: Հանգուցեալին մարմինը Հայաստան տարուեցաւ եւ թաղուեցաւ հայ մեծանուն արուեստագէտներու Պանթէոնին մէջ ժողովրդային ծովածաւալ բազմութեան մը մասնակցութեամբ եւ աշխարհի զանազան շրջաններէն ժամանած մեծամեծ արուեստագէտներու ներկայութեամբ:

Կոմիտաս մարդը

Կոմիտասի կենսագրական գիծերու այս շատ ամփոփ տեղեկութիւններէն ետք, կ՚ուզէի յիշել, որ այս խոհուն, լուրջ, խիստ եւ պահանջկոտ կղերական-մանկավարժը, իր ազատ եւ հանգիստ ժամերուն, ընկերներու եւ բարեկամներու շրջանակին մէջ, զուարճախօս, կատակաբան, վառվռուն անձ մըն էր: Զինք մօտէն չճանչցողները մեծ երգահանի մասին զարմանքով կ՚ըսէին, թէ ան արտակարգօրէն հաճելի սրախօս էր:

    Կոմիտասին մօտէն ճանչցողները կ՚ըսէին, որ ան բնաւ բարկանալ չէր գիտեր: Ամենալուրջ խօսակցութեան մէջ ալ Կոմիտաս Վարդապետ կատակ մը, կամ՝ թեթեւ զուարճախօսութիւն մը կը խառնէր այդ խօսակցութեան:

     Այդպիսի դէպքի մասին գրուած է, որ Կոմիտաս Վրդ. ուշադրութիւն կը դարձնէ բառերու շեշտադրութեան վրայ: Ան միշտ կը ծաղրէր այն դպիրները, սարկաւագները կամ կղերականները, որոնք տարօրինակ շեշտեր կը դնէին վանկերու վրայ, որոնց շեշտադրութեան կարիքը չկայ:

     1913-ին Պոլսոյ Սուրբ Հրեշտակապետ Մայր Տաճարին մէջ, նստած Ս. Պատարագի երգեցողութեան կը հետեւէր: Երբ դպիրը կը սկսի թրքական շարքիներու եւ նանիներու պէս «քաշել» «ազատութիւն» բառը, Կոմիտաս չի հանդուրժեր…: Ս. Պատարագի աւարտին Կոմիտաս Վրդ. կը մօտենայ դպիրին կատակով, բայց լուրջ շեշտով կ՚ըսէ. «Տօ՛, զուռնաճի, մի՞թէ կարելի է այդ աստիճան չարչարել մարդկային ազատութիւնը: Եթէ ես Աստուծոյ տեղը ըլլայի, այդ տեսակ ազատութիւն խնդրող մարդուն ստրկութիւն կը շնորհէի»:

    Բազմաթիւ դէպքեր, պատումներ կան Կոմիտաս Վրդ.ի կատակաբանութիւններուն, սրախօսութիւններուն եւ մանաւանդ հաւաքոյթներուն մասին, ուրախ առիթներու անոր շէն ու շէնշող կեանք սփռող ներկայութեան մասին:

Կոմիտաս Վրդ. ազատ ժամերուն նարտի խաղալ շատ կը սիրէր, եւ միշտ իր մրցակիցը շատ լաւ խաղցող պէտք է ըլլար, որ անոր հետ նարտի խաղալու նստէր: Երբ յաղթէր, անմիջապէս պարտուողին կ՚ըսէր. «Դէ գնա՛ պապայիդ բարեւ տար եւ սորվէ նարտի խաղալ»: Իսկ պարտութեան պարագային, միշտ նարտին կը ձգէր եւ արագ մը կ՚անհետանար ըսելով, թէ՝ «Շատ գործ ունիմ ընելիք»:

***

Կոմիտասի մեծագոյն առաքելութիւնն էր ցոյց տալ, որ հայը ունի իր ինքնուրոյն ազգային խոր ակունքներէն բխող հայ երգ ու երաժշտութիւն: Եւ ասիկա փայլուն ձեւով ներկայացուց աշխարհի շատ մը ժողովուրդներուն եւ երկիրներուն: Ան հայ երգը բազմիցս տարաւ Եւրոպա, երգչախմբային կամ առանձին ելոյթներ ունենալով ամենայայտնի համերգասրահներու մէջ եւ հայ երգի սիրով համակեց օտար բազմաթիւ մեծանուն արուեստագէտներու հոգիները եւ արժանացաւ անոնց հիացմունքին եւ բարձր գնահատանքին:

Բազմաթիւ դէպքեր, պատումներ կան Կոմիտաս Վրդ.ի կատակաբանութիւններով, սրախօսութիւններով եւ մանաւանդ ձայնի քաղցրութեան մասին, որոնք մեր գրականութեան անթառամ գանձերն են: Այդ բոլոր գրութիւններուն մէջ յիշուած եւ գնահատուած են արուեստի բազմաթիւ տիտաններու կողմէ, որոնք ամենաջերմ խօսքերով եւ բառերով գնահատած են մեր անմահ Կոմիտասի գործերը:

     Կոմիտասին զանազան առաջարկներ եղած են իրենց մօտ գործելու, Գերմանիա որպէս ուսանող եղած շրջանին,Պուլկարիոյ թագաւորութեան կողմէ եւայլն: Բոլորն ալ մերժած է, ըսելով՝ «Ես վարդապետ եմ, իմ տեղս հայ եկեղեցին է»:

     Կոմիտաս ականատեսը ըլլալով իր գործի յաղթանակին, երբ հարց  կու տան իրեն այդ մասին, իր գործը մեծագոյն յաջողութեամբ պսակած մարդու մը գոհունակութեամբ կ՚ըսէ.

«Ամէնէն աւելի զիս յուզեց այն բանը, որ օտար հեղինակաւոր երաժշտագէտներ, լսելով իմ բացատրութիւնները, երգերը, հասկցան եւ համոզուեցան որ աշխարհի վրայ կայ հայ երաժշտութիւն, ինքնատիպ եւ ինքնուրոյն, այնպէս ինչպէս հայ լեզուն եւ հայ կեանքը, մինչդեռ մեր ժողովուրդը դեռ կը տարակուսի, թէ ինքը լեզու ունի՞, երաժշտութիւն ունի՞, կեանք ունի՞»:

***

     Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան մօտալուտ տօներուն առիթով, սրտանց կը շնորհաւորենք Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ողջ հայութիւնը, մաղթելով հայ ժողովուրդին ամենայն բարիք եւ օրհնաբեր օրեր:

     Թող 2019 տարին ըլլայ Կոմիտաս Վրդ.ի յիշատակով, գործով եւ պատգամներով ապրելու տարի մը ողջ հայութեան համար: Թող Կոմիտաս «Զանգակատունը» միշտ եւ յաւէտ հնչէ բոլոր տուներէն եւ ընտանիքներէն ներս:

    Հազար փառք ու պատիւ հայ ժողովուրդին, որ ծնունդ տուած է Կոմիտասի նման յաւերժալոյս աստղի մը:

Լոս Անճելըս

 

Scroll Up