Գործարարութեան Աջակցութիւն Հայրենադարձներուն

Որպէսզի հայրենիք ժամանած հայրենադարձները կարենան գործարարութեամբ զբաղուիլ Հայաստանի մէջ եւ գրագէտ օգտագործել իրենց գործարարական հմտութիւնները, անոնց մասնագիտական խորհրդատուութիւն եւ աջակցութիւն  հարկաւոր է: Փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն ՏՏ խորհրդատուութիւն տրամադրող «Դէյթաքոմ» ընկերութիւնը օրեր առաջ մեկնարկած է նոր  ծրագիր, որուն նպատակն է ՏՏ աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստան վերադարձած բոլոր գործարարներուն:

Այն պարագային, երբ որեւէ գործարարութեան նախագիծի հիմքին մէջ ՏՏ ոլորտն ու թուային լուծումներն են, ծրագիրի հեղինակները անհրաժեշտ կը համարեն անոնց մասնագիտական գործունէութեան խրախուսումն ու ՏՏ գրագէտ լուծումներ առաջարկելը:
Արհեստագիտութիւններու զարգացման ներկայ իրավիճակին աշխարհն ունի բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, որոնց լուծումն անհնար է պատկերացնել առանց կիբեռանվտանգութեան, տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրներու լուծման: Եւ որքան յաջողի արդիւնաւէտ ըլլալ այս դաշտին մէջ, այնքան աւելի արագ հնարաւոր կ՛ըլլայ ապահովել արհեստագիտութիւններու մուտքն առօրեայ կեանք:

Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ներդրումը նորարարական գործողութիւն է այն իմաստով, որ էապէս կը փոխէ կազմակերպութիւններու մէջ իրականացուող տարաբնոյթ գործունէութեան ողջ բովանդակութիւնը: Գործարարութեան զարգացման հիմնախնդիրները, որոնց կը բախուին հայրենադարձները, հիմնականին մէջ կազմակերպատնտեսական են:

Նոր ծրագիրին նպատակը, ըստ հեղինակ, «Դէյթաքոմ» ընկերութեան տնօրէն Վահագն Նաւասարդեանի, գրագէտ ՏՏ լուծումներու շնորհիւ Հայաստանի մէջ սեփական գործը հիմնող նորեկ գործարարներու գործարարութեան նախագիծերու խրախուսումն է, անոնց մեկնարկային ֆինանսական ծանրաբեռնուածութեան թեթեւացումը եւ արագ անցումը դէպի գործարար մրցակցայի յարմարողական շրջան:
Ընկերութիւնը պատրաստակամութիւն  յայտնած է տրամադրելու անվճար մասնագիտական խորհրդատուութիւն եւ տեխնիկական աջակցութիւն, իրականացնել ցանցային/համակարգչային ենթակառուցուածքի ամբողջականութիւնը, կատարել անվճար բաժանորդագրային տեխնիկական սպասարկում, պատրաստել անվճար տիպային այցեքարտ—կայքեր եւ այլն:
Ծրագիրէն կրնան օգտուիլ ինչպէս փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրական ընկերութիւնները, այնպէս ալ անհատ ձեռներէցները: Ծրագիրը կը գործէ Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր մարզերուն մէջ: Դիմում յայտերու ընդունման մեկնարկն արդէն տրուած է:

Վ. Նաւասարդեանի վստահեցմամբ, 2019–էն սոյն ծրագիրը պիտի գործէ նաեւ հայկական սթարթափներու համար:

Լուսինէ Նազարեան

Հայաստանի Հանրապետութիւն

 

 

Scroll Up