Սփիւռքի նախարարութեան եւ սփիւռքի գոյատեւման խնդիրները
Խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները առիթ են կառավարութեան եւ նախարարութիւններու գործունէութեան եզրափակիչ զեկուցումներու ներկայացումին։ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ելոյթը յատուկ ուշադրութեան արժանի է, որովհետեւ ուղղակի առնչութիւն ունի Սփիւռքին, մեզի հետ։ Այսօրուան դրութեամբ լուրջ խնդիր է Սփիւռքի նախարարութեան գոյատեւումը՝ պիտի մնա՞յ, պիտի վերնա՞յ, թէ՞ պիտի ձեւափոխուի։
Որքա՞ն արդիւնաւէտ էր Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը հիմնադրութենէն ի վեր։ Այս հարցումը կարելի է հարցնել ընդհանրապէս, որքա՞ն արդիւնաւէտ եղած են անցեալ վարչակարգի օրօք Հայաստանի կառավարութեան բոլո՛ր նախարարութիւնները՝ Բնապահութեան, Տնտեսութեան, Առողջապահութեան, Պաշտպանութեան…։ Անկախ՝ նախարարներու աշխատանքէն, երբ համակարգը փտած է՝ ի՞նչ կարելի է սպասել պաշտօնեաներէն՝ կա՛մ համակերպիլ եւ կա՛մ հեռանալ։ Եւ կա՛մ ալ մասնակցիլ թալանին։
Հարցադրումը որքան ալ որ հետաքրքրէ Սփիւռքահայը, Հայաստանի քննչական մարմիններուն կ՚իյնայ անոնց լուսաբանումը։ Այն ինչ որ հետաքրքրական է՝ Սփիւռքի նախարարին վեցամսեայ փորձառութեան եզրայանգումներն են։ Թէեւ անփորձ էր երբ գործի անցաւ, սակայն նորարար է անոր կողմէ Սփիւռքի խնդիրներուն գնահատումը։ Գլխաւոր մտահոգութիւնն է Սփիւռքի կազմակերպումը, Սփիւռքի իւրայատուկ հարցերու լուծումը։ Երբ Սփիւռքահայը կ՚ընկալուի իբրեւ ազգի մասնիկը, Սփիւռքը կը ստանայ ռազմավարական գործընկերոջ կարգավիճակ եւ աւելին։ Պէտք է դուրս գալ անցեալի պարգեւատրումի, նիւթական նպաստ հայթայթողի եւ զբօսաշրջութիւն ապահովողի կարգավիճակէն։ Ինչպէ՞ս։
Քաղաքական կամք ու հեռանկար պէտք է ունենալ գործնական քայլերու դիմելու համար։ Սփիւռքը մինչեւ հիմա չէ ունեցած այդ կամքը եւ հեռանկարը։ Բացի կարգ մը մտաւորական շրջանակներէ, Սփիւռքի ղեկավար ուժերու օրակարգին վրայ չկայ նման խնդիր, այլապէս՝ աշխատանքի լծուած կ՚ըլլային անկախութեան ամբողջ շրջանին։ Եկեղեցին իբրեւ անցեալէն ի վեր համակարգող աւանդական կառոյց՝ շատ աւելի ցաւալի վիճակի մէջ է։ Ինքնիշխան ըլլալէ աւելի ան ենթակայ եղած է աշխարհիկ իշխանութեան կամայականութեան։
Փաշինեանի շարժումը քաղաքական իր տարողութենէն անդին, ունի նաեւ ուժականութիւնը հոգեւոր արժէքները շրջելու, մշակութային կալուածը վերարժեւորելու։ Հայաստանի մէջ այս խնդիրները վերատեսութեան ենթարկելը կ՚օգնէ, որ Սփիւռքի մէջ ալ դռներ բացուին։ Սփիւռքը, որքան ալ ենթարկուի քաղաքական ու կրօնական կարգ մը կառոյցներու եւ համագաղութային կազմակերպութիւններու ղեկավարութեան, իր ամբողջութեան մէջ կը մնայ անողնաշար ու հետեւողական, հիմնական այն պատճառով՝ որ անոր ղեկավարները կամաւորներ են եւ բոլորին աչքերը յառած են դէպի հայրենիք։
Ժիրայր Չոլաքեան
«Նոր Յառաջ»