Սփիւռքի Նախարարութեան Ծրագիրը Նպաստած Է Պապեաններու Ընտանիքին Հայրենադարձուելու

Ռուսաստանի մէջ 25 տարի ապրելէ ետք  Պապեաններու ընտանիքը որոշած է տեղափոխուիլ Հայաստան: Ինչպէս տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող հայ բազմաթիւ ընտանիքներու մօտ ժամանակ առ ժամանակ կը քննարկուի Հայրենիք վերադառնալու հարցը, այնպէս ալ Պապեաններուն հանգիստ չէր տար Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատելու միտքը: Ընտանիքի հայրը` Կարէն Պապեան «Արմէնպրես»–ի հետ զրոյցին նշեց, որ Հայաստան տեղափոխուելու որոշման հարցով վճռական եղաւ երեխաներու ցանկութիւնը:

«Հայաստանէն Ռուսաստան  տեղափոխուած ենք 1993 թուականի սեպտեմբեր 21-ին: Արդէն 25 տարի է կ´ապրինք Փերմի մէջ: Ունինք 5 երեխայ: Անոնք ծնած, մեծցած են Ռուսաստանի մէջ: Այս տարիներուն ընթացքին պարբերաբար հնարաւորութիւն  ստեղծած եմ, որ երեխաներս գան Հայաստան, հայրենիքի հետ կապը միշտ պահեն, սակայն Հայաստան տեղափոխուելու մասին դեռ խօսք չկար: Թէպէտ վերջերս ժամանակ առ ժամանակ կը քննարկէինք այդ հարցը, սակայն մտավախութիւն ունէինք երեխաներու հետ կապուած, կը մտածէինք միգուցէ չկարենան յարմարիլ: Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ հէնց անոնց ցանկութեամբ մենք վերջնական տեղափոխուեցանք»,-ըսաւ Կարէն Պապեան:

Երեխաները նախորդ տարի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրով Հայաստան  եկած եմ: Շատ տպաւորուած  վերադարձած են Փերմ, եւ հէնց այդ ժամանակուընէ ընտանիքին մէջ սկսան լրջօրէն քայլեր ձեռնարկել Հայաստան տեղափոխուելու ուղղութեամբ:

«Ապրելով Ռուսաստան` ես միշտ երազած եմ, որ երեխաներս ամուր կապի մէջ ըլլան հայրենիքի հետ, բայց արի ու տես, որ այսօր աւելին եղաւ. Հայաստանը, հայկական իրականութիւնը, հայրենի հողը դարձան երեխաներուս առօրեան: Մենք այստեղ ենք օգոստոսէն, երեխաներս տեղաւորուած են ուսումնական հաստատութիւններու մէջ: Շատ-շատ գոհ են, որ Հայաստանի մէջ են, մենք ալ կ´ոգեշնչուինք այդ ամէնով»,-աւելցուց Կարէն Պապեան:

Փերմի մէջ ապրելու տարիներուն Կարէն Պապեան եղած է եւ ներկայիս ալ կը հանդիսանայ հայ համայնքի աշխոյժ գործիչներէն: Ան Փերմի հայ առաքելական եկեղեցւոյ ատենապետն է: Կարէն Պապեան կ´ըսէ, որ այնտեղ դեռ ընելիքներ ունի, հետեւաբար  որոշ ժամանակ մը Փերմ այցելութիւններ կ´ըլլան:

«Ռուսաստան ապրած ենք 25 տարի, սակայն այսօր որոշեցինք վերաբնակուիլ Հայաստանի մէջ: Ես ատիկա պատահական չեմ համարեր: Գիտէք, երբ ամբողջ կեանքդ կապուած ես Հայրենիքի հետ, այն քու ներսդ է, քու սրտիդ մէջ, կը սիրես քու երկիրդ, ուրեմն սպասելի է նաեւ մեր ըրած քայլը»,-աւելցուց ան:

Քանի  որ Կարէն Պապեան, մինչ Հայաստան տեղափոխուիլը, յաճախ այցելած է Երեւան, հետեւաբար լաւ ուսումնասիրած է գործունէութիւն ծաւալելու տեղի հնարաւորութիւնները եւ, ինչպէս ինք կ´ըսէ, շատ յստակ գիտէ, թէ ինչով պիտի զբաղուի: Իր սեփական գործը կը ցանկայ հիմնել տեղեկատուական արհեստագիտւթիւններու ոլորտին մէջ: Ներկայիս աշխատանքային անձնակազմ կը հաւաքէ:

Scroll Up