«Նիկոլ Փաշինեան Յուսադրեց Մեզ». Սուրիահայ Հայրենադարձ

Սուրիահայ Սալբի Քելեշեան հիւսիսային պողոտային վրայ սփիւռքի նախարարութեան, Եւրոպական միութեան կողմէ ֆինանսաւորուող «Ճանաչել: Պաշտպանել: Իրագործել:» ծրագիրի ծիրէն ներս`«Հայկական Կարիտաս» բարեսիրական ՀԿ-ի, ՄԱԿ ՓԳՀ հայաստանեան գրասենեակի, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ բացուած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագիրով բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառի մասնակիցներէն է: Սալբիի տաղաւարին մէջ ներկայացուած էր արծաթեայ զարդեր եւ անոր հեղինակային կտաւները:
«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին Սալբին ըսաւ, որ սկսած է նկարել շուրջ երկու տարի առաջ` այդպիսով արտայայտելով իր հոգեվիճակը: Հիմնականին մէջ կը փորձէ ուրախ թեմաներ վրձնել:
Պարզ դարձաւ նաեւ, որ ան 2012 թուականին ընտանիքին հետ Հայաստան տեղափոխուած է, ուր ուրախ եւ ապահով կը զգայ:
Խօսելով հոկտեմբեր 17-ին սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանի ուղեկցութեամբ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի` ցուցահանդէս-տօնավաճառ այցին` Սալբի Քելեշեան ըսաւ, որ անոր հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուցած է իր աշխատանքները եւ խօսած է մտահոգիչ հարցերու շուրջ:
«Նիկոլ Փաշինեան յուսադրեց մեզ` նշելով, որ պիտի աջակցի եւ արձագանքէ մեր խնդիրներուն: Մենք ալ լիայոյս կը սպասենք, որ նոր Կառավարութեան հետ մեր աշխատանքներն աւելի լաւ կ´ ընթանան,-նշեց Սալբի Քելեշեան` ընդգծելով, որ նախօրօք կազմակերպուող ցուցահանդէս-տօնավաճառներու ժամանակ նոյնպէս Նիկոլ Փաշինեան պարբերաբար այցելած է սուրիահայերուն, զրուցած անոնց հետ եւ քաջալերած: