Դասախօսութիւն` «Ֆրանսացի Հայագէտներու Կապը Մխիթարեան Միաբանութեան Հետ` Սկսած 1700 Թուականներէն» Թեմայով

Հոկտեմբեր 17-ին,   սփիւռքի նախարարութեան եւ  Նարեկացի արուեստի միութեան աջակցութեամբ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆրանսացի հայագէտներու կապը Մխիթարեան միաբանութեան հետ` սկսած 1700 թուականներէն» թեմայով դասախօսութիւն: Բանախօսը Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, Սեւրի Սամուէլ Մուրադեան վարժարանի եւ մշակութային կեդրոնի տնօրէն Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանն էր:

«Դեռեւս Լիւդովիկոս 14-րդը կը փնտռէր խելացի մտաւորականներու եւ իր հպատակներուն կ´ուղարկէ հայկական եկեղեցիներ` իր մօտ բերելու հայ վանականերուն. այս մասին կը վկայեն 600 ձեռագիրներ, որոնք կը պահպանուին արխիւներու մէջ»- իր խօսքին մէջ նշեց վարդապետը:

Բանախօսը պատմեց, որ ֆրանսացի հայագէտները ամիսներ, երբեմն տարիներ կ´անցնէին Մխիթարեան միաբանութեան մէջ, անոնք գիտէին հայերէնի արժէքը եւ կը գնահատէին ձեռագիրներու բովանդակութեան հարստութիւնը, քանի որ ատոնց մէջ կար գրականութիւն, որ շատոնց կորած էր Եւրոպայի մէջ, որ 5-րդ, 7-րդ, 9-րդ դարերուն թարգմանուած էր հայերէն:

«Մենք անոնցմէ բան չունէինք սորվելու, բայց, ատոր փոխարէն, մենք անոնց հնարաւորութիւն ընձեռեցինք թարգմանելու մեր ձեռագիրներու բովանդակութիւնը: Հայագէտները տեսան, որ միաբանութեան մէջ կան գիրքեր, որոնց ոչ լատիներէնը պահպանուած է, ոչ յունարէնը: Ատոնք թարգմանելու համար շատերը սկսան հայերէն սորվիլ, զարգացնել այդ լեզուն, եւ այն շատ կարեւոր համարուեցաւ: Վիկտոր Լանգլուան կ´ըսէր, որ հայ  գրականութիւնն արեւելքի ամենահարուստ գրականութիւններէն մէկն է: Այդ գիտակցութիւնը տարածուեցաւ Գերմանիոյ, Իտալիոյ մէջ եւ հայագէտները շատցան»,-շեշտեց Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեան:

Ան փաստեց, որ միաբանութեան  առկայ ձեռագիրներուն մէջ դեռ շատ նիւթեր կան, որոնք ենթակայ են ուսումնասիրութեան եւ հայագիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը մինչ օրս յատկապէս մեծ է ֆրանսացիներուն կողմէ:

Նշենք, որ Յարութիւն Պզտիկեան նաեւ կը նկարէ: Ան կը հանդիսանայ նաեւ ՀՀ նկարիչներու եւ Գրողներու միութեան անդամ:

 

Scroll Up