Հայ  Գիրքը Եւ Մշակոյթը  Պատիւն Է   Հայուն

Ահարոն  Շխրտըմեան կը գրէ.

Արդէն   քանիերորդ տարին ըլլալով Հայկազեան համալսարանը իւրաքանչիւր հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթը կը համախմբէ   լիբանանահայ գրողներ, ուսուցիչներ, մտաւորականներ, ընթերցողներ ու հրատարակչատուներու ներկայացուցիչներ  եւ կ’արժեւորէ տարուան մը   անոնց աշխատանքը:

Այս գնահատելի միջոցառումին առիթով, իբրեւ գիրքը եւ գրականութիւնը սիրող անհատ, կարողութեան սահմաններու մէջ պիտի փորձեմ    իղձերս եւ ցանկութիւններս յայտնել հայ գիրի եւ դպրութեան մասին:

Գիրքը  մարդու խորհրդատուն է, ընկերը, բարեկամը,  մարդկային մտքի  մեծագոյն  հրաշքն է:

Ընթերցանութիւնը կ’օգնէ մարդու երեւակայութեան: Ընդհանրապէս գիրքն է, որ մտքին կու տայ  ճկունութուն,  լեզուին՝  ճարտարութիւն:

Հայ  ժողովուրդը իր ողջ պատմութեան ընթացքին խորագոյն իմացումով ըմբռնեց այս ճշմարտութիւնը` զայն  ապացուցեց  իր կեանքով:

Երբ դպրոց պակսեցաւ՝ անապատը դպրոցի վերածեց, Տէր Զօրի իր  հոգեւարքին մէջ, հայ գիրին հոգեւարքը չտեսնելու համար:

Գիրքի միջոցով սկսած ենք սորվիլ մեր մայրենի լեզուն: Գիրքերու  միջոցով  մեզի փոխանցուած է Հայոց պատմութիւնը:

Մանուկ հասակէս առ այսօր, շնորհիւ ծնողքիս, գիրքը դարձած է իմ ամենամտերիմ բարեկամն ու  ընկերը:

Ընթերցած գիրքերուս միջոցով սորված եմ հայրենասիրութիւն,  ընկերասիրութիւն, գտած եմ զիս յուզող բազմաթիւ հարցերու պատասխանը:

Երբ կը կարդայի «Սամուէլ», «Գէորգ Մարզպետունի», «Վարդանանք» պատմավէպերը, ընթերցանութեան զուգահեռ՝ անոնց հերոսներուն հետ իմ հայրենիքի ազատութեան համար կը կռուէի եւ աւելի կ’իմաստաւորուէր հայ  ըլլալս:

Կրթական մշակներ համոզուած են, որ  մանուկը  փոքր տարիքէն ընթերցանութեան մղելով՝  անոր մէջ  սկիզբը  բնազդական, հետագային գիտակցական   սէր պիտի արթնցնեն  ընթերցանութեան  հանդէպ  եւ այդ սէրը վառ պիտի մնայ  յաջորդող տարիներուն:

Այս իմաստով մանուկ աշակերտին ներաշխարհին եւ կազմաւորման մէջ անջնջելի ազդեցութիւն կը գործեն անոր ծնողքը եւ առաջին  ուսուցիչը:

Ֆինլանտացիները կը նկատուին աշխարհի ամենագրագէտ եւ ընթերցասէր ժողովուրդը: Անոնց անմիջապէս կը յաջորդեն նորվեկիացիները, իսլանտացիները, տանիմարքացիները եւ  շուէտացիները:

Իւրայատուկ մշակոյթի տէր այս երկիրներու ժողովուրդները  մեծ արժէք կու տան  ընթերցանութեան:

Այս երկիրներուն մէջ ընթերցանութիւնը իբրեւ պարտադիր դասապահ կը սկսի  դպրոցական տարիներէն, ուր կրթական ծրագիրին մէջ  հաւասարապէս զիրար կ’ամբողջացնեն  ուսումն ու   ընթերցանութիւնը:

Ո՞ւր է հայ մարդը այսօր հայ գիրքին դիմաց… թող ինք գտնէ  պատասխանը խղճին դպող, միտքը   ցնցող  այս  հարցումին:

Հայերէնը  ինչպէ՞ս  եւ ինչպիսի՞  եղանակներով կը մատուցուի  մեր  վարժարաններուն մէջ: Չերկարեմ՝ կարծէք կրկին յունարէնով, ասորերէնով  կը կարդանք մեր վարժարաններուն  եւ ակումբներուն մէջ: Կարծէք Սուրբ Մեսրոպը  անգամ մը եւս  պէտք է գայ  գտնէ   հայերէն տառերը մեր վարժարաններուն համար:

Միւս կողմէ, հայերէն  խօսիլ եւ գրել իմացող  ծնողներ կը ճանչնանք, նոյնիսկ մտաւորականներ, որոնք անփոյթ  եղած են իրենց զաւակներուն  մայրենի լեզուով գրել, կարդալ սորվեցնելու, եւ իրենց այդ անփութութիւնն ու ծուլութիւնը պարտկելու առարկութիւնն ունին՝ մոլորեցնելով ուրիշներ եւս:

Ձեռքերնիս ծալած պէտք չէ սպասենք մինչեւ անփութութեան եւ անտարբերութեան  հոգին կատարելապէս իշխէ հասարակութեան մէջ, որ իսկական մահուան կարապետը  պիտի  ըլլայ:

Այստեղ անմիջապէս ընդգծեմ, թէ գիրքի  եւ ընթերցանութեան հանդէպ անտարբերութիւնը համընդհանուր մտահոգութիւն դարձած է անդիմագիծ մշակոյթի մէջ խրած մեր աշխարհին մէջ: Մշակոյթի անունով այլանդակութիւններ կը տեսնենք քիչ մը ամէն տեղ:

Երբ գիրքի եւ ընթերցանութեան մասին կը խօսինք, քաջութիւնը ունենանք խոստովանելու, թէ հայ գիրքը  կ’ապրի տագնապ, որովհետեւ հայ անհատը զանազան պատճառներով հեռու կը մնայ  գիրքէն:

Եւրոպական Միութենէն դուրս հնդիկ մը միջին հաշուով շաբթական տասը ժամ կը տրամադրէ ընթերցանութեան: Թուրքը՝ 5,5 ժամ: Ընթերցասէր ժողովուրդներու համաշխարհային ցուցակի առաջին  երեսուն դիրքերէն կը բացակայի Հայաստանը, երբ ոչ շատ հեռու անցեալին այնտեղ ձեռքէ-ձեռք կը խլէին 40  հազար տպաքանակով   հրատարակութիւնները:

Ցաւալի է տեսնել, որ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հայ գիրքի հանդէպ  մեր վերաբերումը դարձած է մակերեսային:

Մեզի նման  փոքրաթիւ ժողովուրդի մը համար աններելի է գիրքի եւ ընթերցանութեան հանդէպ այս անտարբերութիւնը: Ինչպէս որ Հայ եկեղեցին,  դպրոցները,  հաստատութիւնները նուիրական են, հայ գիրքը առաւել եւս նուիրական է:

Մենք՝ իբրեւ գրող, հրապարակագիր, պարտաւոր ենք  ճշմարտութիւնները  ըսելու ընթերցողին եւ ժողովուրդին:

Մինչեւ ե՞րբ հայ կեանքը յուզող հարցերու մէջ ներկայանանք ծպտուած բառերով: Մեր լռութիւնն իսկ յաճախ  դիմակաւոր է:

Գաղութահայ կեանքի ամենակարեւոր օղակը հայ դպրոցն է: Եթէ մենք կ’ուզենք, որ չմեռնի մեր լեզուն  եւ  նոր սերունդը որոշ չափով  հաղորդակից մնայ մեր ազգային կեանքին, պարտաւոր են պատրաստելու կրթական մշակներ:

Մենք մեր կարելին պիտի ընենք, որպէսզի ներկայ սերունդը ծանօթանայ, սորվի եւ պահպանէ մեր ազգային ինքնութեան երաշխիք հանդիսացող  աւանդոյթները, գիրքը  պահպանելու  հինէն  եկած պատգամը:

Յարգելով հանդերձ բացառութիւնները, պարտաւոր եմ ահազանգելու: Անհրաժեշտ է մատը վէրքին վրայ դնել եւ խոստովանիլ՝ հայ դպրոցն ու հայ  ծնողքը հաւասարապէս կը թերանան  իրենց առաքելութեան մէջ:

Ի՞նչու այս անտարբերութիւնը հայ գիրքի եւ ընթերցանութեան հանդէպ: Մեր դպրոցներուն մէջ դասաւանդութեան  եղանակն է արդե՞օք պատճառը, գիրքերուն  արտաքին տեսքը, դասանիւթը  մատուցելու  եղանա՞կը, հայերէնի գիրքերուն ոչ նկարազարդ   բովանդակութիւնը,  գիրքերուն ծաւալը:

 Ի՞նչ ընել, որպէսզի հայ պատանին փնտռէ գիրքը, սիրէ ընթերցանութիւնը:

Խօսքս  դարձեալ պիտի ուղղեմ մեր  ծնողներուն, կրթական մշակներուն, ուսուցիչներուն,կրթական հարցերու պատասխանատուներուն:

Մեր ծնողներէն կը խնդրուի տարեկան նուազագոյնը մէկ գիրք յանձնարարել իրենց  զաւակներուն եւ մղել զանոնք կարդալու: Բայց ու՞ր են   մեր ծնողները, ի՞նչով զբաղած են անոնք…

Մեր  ծնողներէն կը խնդրուի օրաթերթերէն յաճախակի քաղուածքներ կարդալ, հեքիաթներ պատմել, պատմուածքներ ընթերցել իրենց զաւակներուն հետ: Ծնողները, անձնական օրինակով, ընթերցելու ցանկութիւն կրնան յառաջացնել իրենց զաւակներուն մէջ:

Մեր վարժարաններուն մէջ պատանիներուն ազատութիւն տալ  ընտրելու  իրենց նախասիրութիւններուն գոհացում տուող գիրքեր: Հայերէնի ուսուցիչներէն կը խնդրենք աւելի հրապուրիչ դարձնել մայրենիի դասապահերը: Հայերէնի դասապահերը սերտողութեան եւ կամ այլ դասեր նախապատրաստելու համար չեն…

Մեր մանկապարտէզներուն մէջ փոքրիկներուն համար անհրաժեշտ է կարդալ հեքիաթ: Ընթերցանութեան անհրաժեշտ է հրաւիրել  մանկագիրներ, երիտասարդ գրողներ:

Օրինակներ  տանք. պատմուածք   մը սկսիլ, չաւարտել զայն, թելադրել աշակերտներուն գրադարանէն  վերցնել  տուեալ գիրքը, տան մէջ շարունակել անոր ընթերցանութիւնը, ապա դասարանին մէջ պատմել դասընկերներուն: Խրախուսել նմանօրինակ աշակերտները: Աշակերտներուն   հետ  ընտրել պատմուածքի  մը մէկ  փոքր հատուածը եւ  բեմադրել դասարանին մէջ: Աշակերտին  արտօնել  ընտրած գիրքերէն  հատուածներ  ընթերցելու  դասարանին մէջ: Դասապահեր անցնել գրադարանին մէջ: Առաջարկներս կրնան շատ համեստ, նոյնիսկ  ծիծաղելի ըլլալ, սակայն  տեղէ մը անհրաժեշտ է սկսիլ…

Տառապած հայ ժողովուրդը դժուար թէ դիմանար ու յարատեւեր, եթէ  սուրի հետ  մէկտեղ չունենար  իր ամենազօրաւոր զէնքերէն մէկը՝   մայրենի լեզուն եւ գրականութիւնը:

Այնտեղ, ուր  հայը  ձախողած է  յաղթել սուրով, յաղթած է  գիրով՝ եկող սերունդներուն  փոխանցելով իր երազը, յոյսը եւ հաւատը:

Իմ հասակակիցներուն նման  կը սիրեմ համակարգիչի տեղեկատուական  ովկիանոսը, սակայն անհամեմատելի հաճոյք կը ստանամ գիրքի ընթերցանութենէն:

Ցաւ ի սիրտ,   մեզմէ    շատերը այսօր կը նախընտրեն հեռատեսիլային հաղորդումներ դիտել, քան գիրք կարդալ:  Մեր ծնողներէն  շատեր անգիր կրնան  պատմել   արաբերէնի թարգմանուած թրքական  հեռատեսիլային հաղորդումները, թափանցել եւ վերլուծել  անոնց  կերպարներուն ներաշխարհը,  ներբողել թրքական   բարքերը եւ… եւ …: Անոնք  ժամեր կը սպառեն  հեռատեսիլի առջեւ եւ այնքան ալ նախանձախնդիր  չեն իրենց զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեամբ: Ապացոյց մը եւս, որ մարդիկ կ’երթան դէպի կործանում: Մեր անտարբերութեան  պատճառով մեր զաւակները  շատ կը տարուին համակարգիչով,  համակարգիչային խաղերով եւ յաճախ անտեղի կը վատնեն իրենց ժամանակը: Համակարգիչը երբեք պիտի  չգրաւէ գիրքին տեղը:

Պիտի   փափաքիմ Ձեր ազնիւ ուշադրութեան յանձնել վիճակագրական ուշագրաւ նորութիւն մը.

Եթէ ելեկտրոնային գիրքերու  վաճառքը  զգալի   մագլցում արձանագրած էր  2008–2015ս, 2016-էն սկսեալ զգալապէս նուազած է անոնց վաճառքը: Մարդիկ կը վերադառնան տպագիր ընթերցանութեան: Տպագիր հրատարակութիւններու վաճառքը սկսած է բարձրանալ:  Որովհետեւ ընթերցողին  ձանձրոյթ կը  պատճառէ ժամերով ելեկտրոնային պաստառին առջեւ կախեալ մնալու երեւոյթը, մինչդեռ  տպագիր  գիրք մը աւելի  դիւրին  օգտագործելի է. կրնայ  որեւէ տեղ ընկերակցիլ ընթերցողին:  Համակարգիչի  լուսաւոր պաստառը միաժամանակ  կրնայ ազդել անհատին առողջութեան:

Ուրեմն՝ գիրով եւ գիրքով խօսքը աւելի մնայուն է, գիրով եւ  գիրքով  յայտնուած միտքն ու գաղափարը ոչ միայն յարատեւ է, այլ եւ  ծաւալուած  ըստ ժամանակի եւ տարածութեան:

Ուրեմն՝ աւանդութեան անհրաժեշտ է վերածել ընթերցանութեան մշակոյթը, հայ գիրքի հանդէպ հոգատարութիւնը:

Ի զուր, չէ որ Յովհաննէս Թումանեան ըսած է՝ «Լեզուն մեր պատմութիւնն է, մեր լեզուամտածելակերպի մէջ խտացած է մեր ողջ պատմութիւնը»:

Սփիւռքի մէջ Լիբանանը, յատկապէս Պէյրութ քաղաքը, եղաւ ու կը  շարունակէ մնալ գիրքի հրատարակութեան կարեւորագոյն  եւ ամենէն բազմարդիւն օճախներէն մէկը:

Վկայ՝  մեր մամուլը. վկայ՝  անոնց մէջ լոյս ընծայուող «լոյս տեսաւ»ները, վկայ՝ այս   հանդիսութիւնը:

Հայ գիրքի եւ դպրութեան ծառաներ, կը գիտակցիմ՝ գիրք գրելը տառապանք մըն է:

Հայ գրողը սփիւռքի մէջ հեղինակ է եւ ցրուիչ: Փաստօրէն,  հեղինակներու  ուսերուն վրայ կ’իյնայ գիրքը գրելու, հրատարակելու եւ  ցրուելու պարտականութիւնը, եւ պէտք է  ըսել, որ  անոնք արժանապատուօրէն կը կատարեն այս բոլորը:

Հայ գրականութիւն մշակելը մանաւանդ այսօր Սփիւռքի մէջ հերոսութիւն է: Եւ սակայն  այն ազգը, որ կը մոռնայ իր հերոսները, ինք  կը  հողանայ, ինք կը խաւարի…:

 Դուք  ոչ-հայկական  հողի վրայ  ծնաք եւ կ’ապրիք, ուր ամէն բան օտար է: Ուրկէ՞ պիտի ճարէք ձեր հայեցի ապրումները: Գնահատելի է, որ դուք կը պայքարիք  տէր կենալու մեր գրական ժառանգութեան:

Դուք կոչուած էք մղելու հայութեան ամենէն արի ու ամենէն  ճակատագրական կռիւներէն մէկը, որ է օտար հորիզոններու վրայ  գրականութեան պայքարը:

Դուք  վճռած էք դիմանալ, դիմադրել  եւ  ստեղծագործել: Փաստն այն, որ  մեր հրատարակչատուները իւրաքանչիւր տարի կը հրատարակեն  պատկառելի թիւով   ու բարձրորակ   հայերէն գիրքեր, անոնցմէ մէկն է, եւ ոչ վերջինը, «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ը: Այսպիսի հրատարակութիւններ խթան կը հանդիսանան հայ  լեզուի եւ  գրականութեան  պահպանման:

Բազում  շնորհակալութիւն մեր հեղինակներուն, հրատարակիչներուն, մեկենասներուն, հիմնադրամներուն, բոլոր այն անհատներուն եւ կառոյցներուն, որոնք  իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ կը զօրակցին եւ  նեցուկ  կը  կենան հայ գիրին եւ գրականութեան:

Մեր ցաւերը   նշելով  հանդերձ,  մենք կը մնանք լաւատես, կը հաւատանք  հաւաքական աշխատանքին:

Խօսքս  աւարտելէ առաջ  պիտի ներկայացնեմ երկու համեստ առաջարկ.

Հայաստանի մէջ 2008-էն սկսեալ, 19 փետրուարը յայտարարուած է «Գիրք նուիրելու օր», իսկ 12–19 ապրիլի միջեւ յայտարարուած է «Ազգային  գրադարանային շաբաթ»:

Լիբանանի մէջ եւս կարելի  է աւանդութեան վերածել այս տօները:  Այս տօներուն նպատակն է սէր սերմանել երիտասարդ սերունդին՝ պատմութեան  եւ մշակոյթի,  ընթերցանութեան  նկատմամբ:

Մտերիմ բարեկամիդ գիրք մը նուիրելով՝ անհատը, ժողովուրդը հաղորդակից կը դառնայ  մշակոյթին:

Հայ  մշակոյթը պատիւն է հայուն: Զայն պահպանենք, ինչպէս պիտի պահպանէինք մեր  կեանքն  ու արժանապատւութիւնը:

Անցեալի գիտակցութիւն, ներկայ եւ գալիք սերունդներու կողմէ, ազգի անմահութեան երաշխիք է:

Հետեւաբար, սիրելիներ, եկէք պահպանենք մեր թանկագին  ժառանգութիւնները եւ ամրապնդենք անոնց արժէքի գիտակցութիւնը մեր ժողովուրդի հոգւոյն մէջ:

Scroll Up