Մամլոյ Ասուլիս` Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ
Հոկտեմբեր 9-ին սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս Ուքրանիայէն ժամանած շարք մը յառաջատար լրատուամիջոցներու մասնակցութեամբ: Ասուլիսի բանախօսներն էին փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակի ղեկավար Վարագ Սիսեռեան, սփիւռքի նախարարի տեղակալ Արամայիս Գրիգորեան եւ նախարարի օգնական Վաղարշակ Յակոբեան:
Լրագրողները հարցեր յղեցին հայ-ուքրանական յարաբերութիւններու, Ուքրանիոյ հայ համայնքի վիճակի, թաւշեայ յեղափոխութեան, յետյեղափոխական Հայաստանի տեսլականի, արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու, կաշառակերութեան դէմ պայքարի եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի վերաբերեալ: