Աւստրալաբնակ Զոհրապ Պոյաճեան Կը Ցանկայ Հայրենադարձուիլ

Զոհրապ Պոյաճեան ծնած է Լիբանան: Նախնիներն Արեւմտեան Հայաստանի Ուրֆա քաղաքէն են: Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուելով` անոր ընտանիքը փախած է Սուրիա, ապա տեղափոխուած Լիբանան:

Զոհրապ Պոյաճեան տասնվեց տարեկանէն Քուէյթ  ապրած է` հօրեղբօր հետ, յետոյ տարբեր քաղաքներ գացած, իսկ 1978 թուականին հաստատուած է Աւտրալիա:

«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Զոհրապ Պոյաճեան ըսաւ` ապրելով օտար միջավայրի մէջ, միշտ մտքով Հայաստանի մէջ  եղած է եւ վերադառնալու ուղիներ որոնած:

Հետեւելով սրտի ձայնին` 2009 թուականին առաջին անգամ Հայաստան  եկած է, որմէ յետոյ այցելութիւններն աւելի յաճախակի  դարձած են:

«Աւստրալիոյ մէջ միշտ կը խօսէինք Հայաստան գալու մասին: Ինը տարի առաջ առաջին անգամ եկայ եւ միանգամէն հաւնեցայ Հայրենիքս: Տարուան գրեթէ կէսը Հայաստանի մէջ կ´ըլլամ, իսկ երբ կը վերադառնամ Աւստրալիա` անհամբերութեամբ կը սպասեմ ոտքս կրկին մայր հողի վրայ դնելուն»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ  Զոհրապ Պոյաճեան` աւելցնելով, որ կը ցանկայ իր վերադարձն ինքնանպատակ չըլլայ, այլեւ նպաստէ հայաստանեան կեանքի զարգացման: Այս ուղղութեամբ կապի մէջ է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներուն հետ` միասին քննարկելով հնարաւոր նախագիծերու իրականացման հարցերը:

Հայաստանի մէջ  գտնուելու օրերուն մեր զրուցակիցը շատ կը սիրէ շրջիլ գիւղերով, զրուցել գիւղացիներու հետ` ծանօթանալով անոնց առօրեայ  հոգերուն: Յատկապէս թումանեանական Դսեղի մէջ  յաճախակի կ´ըլլայ` վայելելու գեղեցիկ բնութիւնն ու մաքուր օդը:

Զոհրապ Պոյաճեանն իր հնարաւորութիւններու սահմանին մէջ բարեգործական նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ. մինչ այժմ դրամական աջակցութիւն  տրամադրած է երկու գիւղերու մանկապարտէզի` սնունդ եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ գնելու համար: Դսեղ գիւղին մէջ  մէկ անապահով ընտանիքի  օգնութեան ձեռք մեկնած է:

Նման նախաձեռնողականութեան պատճառը այն է, որ ան խղճին առջեւ հանգիստ  զգայ, ինչպէս նաեւ կը յորդորէ բոլոր կարող ուժերուն` իր քայլով քաջալերուիլ եւ այցելել մոռացուած գիւղեր` նեցուկ ըլլալով  գիւղացիներուն:

Այս տարուան այցելութիւնը Հայաստան Զոհրապ Պոյաճեան դեռ երկար տարիներ պիտի յիշէ, քանի որ այն համընկած է Թաւշեայ յեղափոխութեան բախտորոշ օրերուն հետ: Ան ալ, մէկ բռունցք դարձած, դուրս  եկած է փողոց, կանգնած հայրենակիցներու կողքին` սպասելով հայ ժողովուրդի արդար յաղթանակին:

«Յոյսով եմ` Թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ Հայաստան, իսկապէս, դրական մեծ փոփոխութիւններ կ´ըլլան, մարդիկ առաւել բարեկեցիկ կեանքով կ’ապրին եւ կը ստեղծուին այնպիսի նպաստաւոր պայմաններ, որ վերջնականապէս կ’որոշեմ հայրենադարձուիլ»,-զրոյցն ամփոփեց Զոհրապ ՊոյաՃեան:

Գէորգ  Չիչեան

 

 

Scroll Up