Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատակիցներու Այցելութիւնը Մխիթարեան Կեդրոն
Սփիւռքի նախարարութեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան, Հայաստանի մէջ Մխիթարեան կեդրոնի հետ համագործակցութեան շրջանակները վերջին տարիներուն զգալիօրէն ընդլայնուած են: Իրականացուած համատեղ ձեռնարկները, գիտաժողովները, հանդիպումները Մխիթարեան միաբանութեան հոգեւոր հայրերու, պատկառելի մխիթարեանականներու հետ, հայ գիտնականներու հետ անոնց աշխոյժ մասնակցութիւնը արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման, ուղղագրութիւններու խնդիրներուն նուիրուած քննարկումներուն եւ բազմաթիւ այլ ձեռնարկներուն` վկայութիւնն են գործընկերային յարաբերութիւններու զարգացման:
2017թ. սեպտեմբերէն մեկնարկած Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ Մխիթարեան Մայրավանքի հաստատման 300-ամեակին ձեռնարկներուն ծիրէն ներս Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ կը նախատեսուի հոկտեմբերին կազմակերպել հայկական ամենահին եւ ամենաերկարակեաց հանդէսի` «Բազմավէպ»-ի 175-ամեակին նուիրուած գիտաժողովը:
Պատմութեան յայտնի Մխիթարեաններու կրթական, ազգային-քրիստոնէական դաստիարակութեան ուղղութեամբ բազմաբովանդակ գործունէութեան արգասիքներէն եղած են Մխիթարեան դպրոցներու հիմնումը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ` 1736 թուականէն սկսած: Մինչեւ վերջին ժամանակները գործած է շուրջ 30 Մխիթարեան վարժարան: Այսօր Մխիթարեաններու տնօրինութեան տակ կը գործեն մէկ տասնեակի չհասնող հոգեւոր կրթարաններ` վարժարան, ընծայարան, լիցէյ: 1994 թուականէն Երեւանի մէջ հիմնուած Մխիթարեաններու կեդրոնին մէջ բացուած է Ժառանգաւորաց դպրոց, ուր կը գործեն նաեւ մատուռ եւ գրադարան:
Հոկտեմբեր 4-ին սփիւռքի նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ հոգեւոր կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան աշխատակիցները` գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնակատար Երեմ Սիմոնեանի ղեկավարութեամբ աշխատանքային այց կազմակերպեցին Հայաստանի մէջ Մխիթարեան կեդրոն` ծանօթանալու կեդրոնի, դպրոցի գործունէութեան: Հայաստանի Մխիթարեան կեդրոնի տնօրէնն է Հայր Եղիա վարդապետ Քիլաղպեան, իսկ փոխտնօրէնը` Հայր Գէորգ վարդապետ Սարգիսեան:
Կեդրոնին մէջ հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան աբբահայր Հայր Պօղոս ծ. Վրդ. Գոճանեան եւ Ֆրանսայի Մխիթարեան կեդրոնի տնօրէն Հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան: Նախարարութեան աշխատակիցները իրենց հետ տարած էին մօտ 120 կտոր գիրքեր` գիտահանրամատչելի, հայագիտական, ներառեալ` սփիւռքագիտական, պատմական ուսումնասիրութիւններ, հոգեւոր, մշակութային, գեղարուեստական գրականութիւն, խտասալիկներ, այլ նիւթեր, որոնք նուիրեցին կեդրոնին` գրադարանային ֆոնդը համալրելու համար:
Նախարարութեան աշխատակիցները շրջայց կատարեցին կեդրոնին մէջ, այցելեցին դասասենեակները, ծանօթացան ուսումնական ծրագիրին, դպրոցի սաներուն հետ: Ներկայ գտնուեցան նաեւ մատուցուած Սուրբ պատարագին: