«Փթիթ»-ն Իր Փոքր Եւ Պատանի Ընթերցողներերուն Կ՛օգնէ Հայեցի Ծաղկելու

«Մանկական հրատարակութիւնը «ռմբակոծում» պէտք է ըլլայ: Երեխան յաճախակի պէտք է նոր մանկական հրատարակութիւն տեսնէ, որպէսզի խանդավառուի հայերէն մանկական թերթ կարդալով: Պէտք է բոլոր հնարաւոր միջոցներով սատարել «Փթիթ»-ի յետագայ գործունէութիւնը»,- Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Հատտեճեանն այս խօսքերով  բնութագրած է Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող «Փթիթ» մանկապատանեկան ամսագիրի աշխատանքները, որոնք պարբերաթերթի հիմնադիրներ Կարօ եւ Վերժինէ Աբրահամեաններու համար խմբագրական աշխատանքները նոր աւիւնով շարունակելու ուղենիշ  դարձած են:

«Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթը հիմնադրուած է 2010 թուականին` Պէյրութի մէջ: Այն ստեղծուած է հայկական վարժարաններուն մէջ հայերէնի նահանջի վտանգը կանխելու նպատակով: Պարբերաթերթի մտայղացումը ծագած է պարբերաթերթի խմբագիր Վերժինէ Աբրահամեանի գլխուն մէջ, երբ Պոլսոյ մէջ  շուրջ քսան տարի հրատարակուող «Ժպիտ» պարբերաթերթը մշտապէս կարդալով` որոշած է Լիբանանի մէջ նոյնպէս մանկապատանեկան թերթ մը հրատարակել (մանաւանդ, որ այդպիսի թերթ Լիբանանի մէջ չէ եղած):

«Ամուսնուս առաջարկով  «Փթիթ» անուանած ենք: Հայերէն գեղեցիկ բառ է, որ կը նշանակէ ծաղկում: Հետեւաբար, «Փթիթ»-ն իր փոքր եւ պատանի ընթերցողներուն կ՛օգնէ հայեցի «ծաղկելու», բարոյական վեհ սկզբունքներ ունենալու, ինչպէս նաեւ` հարստացնելու Մայրենիի բառապաշարը»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին նշեց Վերժինէ Աբրահամեան` աւելցնելով, որ ընթերցողներուն կը ներկայացուին ոչ միայն խաղեր, այլեւ` յօդուածներ, հետաքրքաշարժ պատմութիւններ` այդպիսով բարձրացնելով անոնց բարոյահոգեբանական նկարագիրը:

Վերժինէ Աբրահամեան նշեց, որ «Փթիթ»-ի էջերուն վրայ երեք կարճ հեքիաթ, մէկ առակ, խմբագրական, առողջապահական եւ երեխաներու մասին ուսուցողական հետաքրքիր յօդուածներ եւ տարաբնոյթ խաղեր կ՛ընդգրկուին: Հասկնալու համար, թէ ընթերցողներու շրջանին մէջ թերթը որքան պահանջ ունի, լիբանանահայ հինգ վարժարաններու միջեւ հարցում մը իրականացուած է, որուն արդիւնքով արժանացած է բարձր գնահատանքի: Հարցման հիման վրայ ալ որոշուած է յաջորդ համարներու էջերու թիւն ու նիւթերու բաժանումը:

Ի դէպ, ընդհանուր առմամբ, տասնըհինգ համար  լոյս տեսած է: Պարբերաթերթը հասանելի է Լիբանանի հայկական վարժարաններուն մէջ, սփիւռքեան համայնքներուն, իսկ Հայաստանի մէջ կարելի է ձեռք բերել Խնկո-ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանին մէջ, Հայաստանի ազգային գրադարանին եւ  շարք մը թերթերու խմբագրութիւններու մէջ:

2015 թուականին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հայկական բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ գործարկուած է պարբերաթերթի ելեկտրոնային տարբերակը` http://www.e-ptit.com/, իսկ 2016 թուականին` PTIT կամ ՓԹԻԹ յաւելուածը(app):

«Պարբերաթերթի ելեկտրոնային տարբերակը լայն արձագանք գտաւ աշխարհի հինգ մայրցամաքներուն մէջ: Այս երեւոյթն ապացոյցն է այն բանին, որ թերթը յաջողութեամբ  կատարած է իր առաքելութիւնը, որովհետեւ կրցած ենք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բնակող, տարբեր լեզուակիր, մշակոյթ ունեցող փոքրիկներուն եւ պատանիներուն ուշադրութիւնը գրաւել»,-ըսաւ Վերժինէ Աբրահամեան եւ ընդգծեց, որ ելեկտրոնային տարբերակի բաղկացուցիչ մասը նոյնպէս դաստիարակչական բնոյթի բազմապիսի լեզուական, թուային եւ տրամաբանական խաղեր կը կազմեն:

Աւելցնենք, որ այս տարի փետրուարին Լիբանանի Հայկազեան համալսարանին մէջ «Փթիթ»-ին նուիրուած ձեռնարկ կազմակերպուած է, ուր լիբանանահայ ազգային կեանքին մէջ ունեցած վաստակին եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման համար Կարօ եւ Վերժինէ Աբրահմայնները պարգեւատրուած են Հայկազեան համալսարանի  եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներով:

Մաղթե՛նք «Փթիթ»-ին արգասաբեր աշխատանք, բազում հետաքրքիր եւ բովանդակալից թողարկումներ, որոնք, իրապէս, կը նպաստեն աշխարհասփիւռք հայ երեխաներուն` հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն տալու գործին: Թո՛ղ յարատեւէ «Փթիթ»-ը` դառնալով փոքրիներու եւ պատանիներու ամենասպասուած «հիւրը»:

Գէորգ Չիչեան

Scroll Up