Սփիւռքի Նախարարի Աշխատանքային Այցը Լիբանան

Սեպտեմբեր 22-ին Լիբանան կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան այցելեց Այնճար եւ հանդիպեցաւ քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեանի, հոգեւոր հայրերու, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեանի, Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի տնօրէն Պատուելի Յակոբ Ագբաշարեանի, համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներու, գործարարներու ու այնճարցիներու հետ:

Սեպտեմբեր 23-ին նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Արժանապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի Կապրոյեանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմնի ատենապետ, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանի հետ:

Աշխատանքային երկրորդ օրուան ընթացքին Մխիթար Հայրապետեան Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան յարկէն ներս աշխատանքային հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի ՀՅԴ կուսակցութեան ղեկավար կազմին հետ` Լիբանանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի գլխաւորութեամբ, Լիբանանի ՍԴՀԿ-ի ղեկավար կազմին հետ` ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանային վարիչ մարմնի ատենապետ Սեպուհ Գալփաքեանի գլխաւորութեամբ, Լիբանանի ՌԱԿ-ի ղեկավար կազմին հետ` ՌԱԿ կեդրոնական վարչութեան համաշխարհային կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր, «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ, ՀԲԸՄ Լիբանանի շրջանակային վարչութեան ղեկավար կազմին հետ` ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային վարչութեան ատենապետ Ժերար Թուֆէնքճեանի գլխաւորութեամբ:

Սփիւռքի նախարարը հանդիպեցաւ նաեւ Լիբանանի հայ համայնքի կրթական, մշակութային կառոյցներու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու, համայնքային գործիչներու եւ լիբանանահայ գործարարներու հետ:

Աւելի ուշ Մխիթար Հայրապետեան հանդիպում  ունեցած է Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ եւ քննարկած Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ առկայ խնդիրները, Հայաստանի մէջ լիբանանեան փորձի ներդրման հնարաւորութիւնները: Նախարար Կիտանեան մանրամասն ներկայացուցած է իր ղեկավարած կառոյցի գործունէութիւնը, կառուցուածքը, իրաւասութիւններու շրջանակները, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջիկներու ներգրաւման, զբօսաշրջիկներու առանձին խումբերու հետ աշխատանքի առանձնայատկութիւնները:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկային հանդիպիլ Երեւանի մէջ եւ աւելի մանրամասն քննարկել համատեղ ընելիքները եւ գործնական քայլերը:

Scroll Up