Պատուոգիրներու Յանձնում` ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

Սեպտեմբեր 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Երեմ Սիմոնեան պատուոգիրներ յանձնեց «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրի անցումային փուլի ծիրէն ներս հայոց լեզու դասաւանդած ուսուցիչներուն:

Հանդիպման ներկայ էին ՌԴ-ի մէջ  ՀՀ դեսպանութեան կից գործող «Վերածնունդ» հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի տնօրէն, մանկավարժական գիտութիւններու թեկնածու Շողիկ Փահլեւանեան, ՀՀԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող, բ.գ.թ.  Լուսինէ Հայրիյեան, Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան թիւ 67 հիմնական դպրոցի ուսուցչուհի Անի Խալաթեան եւ Ստեփան Զօրեանի անուան թիւ 56 դպրոցի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Գայեանէ Բաբլոյեան:

Երեմ Սիմոնեան, շնորհակալութիւն յայտնելով ուսուցիչներուն կատարած ազգանուէր աշխատանքին համար, կարեւոր համարեց անոնց մասնակցութիւնը ծրագիրին` նշելով, որ անոնք նպաստած են սփիւռքահայ երիտասարդներու հայապահպանութեան, հայրենաճանաչութեան եւ հայոց լեզուի գիտելիքներու խորացման:

Ուսուցիչները նոյնպէս երախտագիտութեան խօսք յայտնեցին եւ ընդգծեցին համագործակցութիւնը սփիւռքի նախարարութեան հետ` շեշտելով այն հանգամանքը, որ նման ծրագիրները Հայաստան-Սփիւռք փոխգործակցութեան, սփիւռքահայ երիտասարդներու հոգիին մէջ հայրենասիրութիւն սերմանելու, պատմամշակութային արժէքներուն հաղորդակից դարձնելու լաւագոյն դրսեւորումներէն մէկն են:

 

 

Scroll Up