ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Պատուոգիրի Յանձնում

Սեպտեմբեր 17-ին սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ հասարակական- մշակութային գործիչ, լրագրող Րաֆֆի Հերմոն Արաքսի պատուոգիրի շնորհման արարողութիւնը` հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման տարբեր բնագաւառներու մէջ ակնառու ներդրումներուն, նաեւ լրագրութեան 40-ամեայ վաստակին եւ ծննդեան 60-ամեակին առթիւ:

Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սարգսեան, ողջունելով ներկաները, շնորհաւորեց յոբելեարը` մաղթելով անոր արգասաբեր գործունէութիւն:

Րաֆֆի Հերմոնն իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքի նախարարին եւ նախարարութեան  աշխատակազմին ջերմ ընդունելութեան եւ բարձր գնահատանքի արժանացնելու  համար:

Նշենք, որ Րաֆֆի Հերմոն Արաքսը Ֆրանսայի, Թուրքիոյ եւ ՀՀ-ի լրագրողներու միութեան անդամ է:

Scroll Up