Փարիզի ՄԷջ Սփիւռքի Նախարարութեան Եւ «Հայասա» Միութեան Միջեւ Ստորագրուեցաւ Յուշագիր

Սեպտեմբեր 14-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքի նախարարութեան եւ Ֆրանսայի հայկական համայնքի «Հայասա» միութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրման արարողութիւնը, որուն ներկայ էր սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան: Յուշագիրին նպատակն է ամրապնդել նախարարութեան եւ միութեան միջեւ առկայ կապերը:

Յիշեցնենք, որ Մխիթար Հայրապետեան Ֆրանսա կը գտնուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան կազմին մէջ: Այցի ծիրէն ներս սփիւռքի նախարարը վարչապետ Փաշինեանի հետ միասին կը հանդիպի ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ Մխիթար Հայրապետեան անհատական հանդիպում կ’ունենայ համայնքի աշխոյժ երիտասարդ գործիչներու հետ:

Scroll Up