Սփիւռքի Նախարարութիւնը Ականջալուր Է Մեր Համայնքներու Առկայ Խնդիրներուն. Մխիթար Հայրապետեանի Հարցազրոյցը Պոլսոյ «Ժամանակ» Օրաթերթին

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան յայտարարեց, որ կառավարութեան գլխաւոր նպատակն է ապահովել երկրի բնականոն կեանքը։ Նախարար Մխիթար Հայրապետեան վերջերս ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին տուաւ բացառիկ հարցազրոյց մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք թերթիս Երեւանի աշխատակից Սագօ Արեանի կողմէ իր հետ կատարուած շահեկան տեսակցութիւնը։

*

-Պրն. Հայրապետեան վերջերս իր լրումին հասաւ ձեր նախարարական աշխատանքի 100-րդ օրը։ Այս փուլին՝ որպէս սփիւռքի նախարար ո՞րն էր ամենադժուար պահը ձեզի համար։

-Նախ ըսեմ, որ ո՛չ միայն Սփիւռքի նախարարութեան, այլեւ՝ կառավարութեան գլխաւոր նպատակն էր ապահովել երկրի բնականոն կեանքը եւ օգնել, նպաստել երկրի զարգացման։ Կը կարծեմ, թէ ինչպէս վարչապետը իր խօսքին մէջ եւս, կառավարութեան նախորդ նիստին հաստատեց, մենք յաջողած ենք՝ որպէս նոր կառավարութիւն, որ ստանձնած է բաւական ծանր քաղաքական ժառանգութիւն, այնուամենայնիւ ապահովել այդ երկու գլխաւոր խնդիրները:

Իսկ մենք՝ որպէս առանձին նախարարութիւն, մեր առջեւ դրած ենք վերատեսութեան ենթարկել նախարարութեան ընդհանուր կառուցուածքային ոլորտները։ Պէտք է նշել նաեւ, որ նախարարութեան մէջ առկայ ստորաբաժանումները՝ իրենց կառուցուածքով ու գործառոյթներով արդիւնաւէտ կառավարում չեն ապահոված մեզի համար եւ հարկաւոր է նոր կառուցուածք մը, որ բնականաբար մէկ օրուան ընթացքին կարելի չէ իրականացնել: Սա իսկապէս բարդ խնդիր է, բայց կը կարծեմ, թէ մենք կը կարողանանք աւարտին հասցնել մէկ-մէկուկէս ամսուան ընթացքին: Այդ մէկը անշուշտ մեզի թոյլ կու տայ իրականացնել մասնագիտական ու ծրագրաւորուած կառավարում նախարարութեան մէջ: Միւս խնդիրը նաեւ սփիւռքը ճանչնալու, սփիւռքի առկայ խնդիրները ճանչնալու, զանոնք խորապէս հասկնալու եւ հնարաւոր լուծումներ գտնելու հարցն է։ Բաց աստի, կը մտածենք նաեւ գործակցիլ լաւագոյն սփիւռքագէտներու եւ ուսումնասիրողներու հետ ու անոնց հետ ալ ստեղծել սփիւռքի հարցերը ուսումնասիրող յատուկ խորհուրդ մը, որու շնորհիւ մեր կառավարութիւնը կարելիութիւն պիտի ունենայ սփիւռքի նկատմամբ որդեգրել նոր եւ արդիական մեթոտներ՝ ճանչնալու համար այսօրուան սփիւռքի իրական պահանջներն ու խնդիրները։ Նախկին իշխանութիւններու, ինչպէս նաեւ մեր նախարարութեան մօտեցումը եղած է շատ ընդհանրական։ Սփիւռքը ընկալուած է՝ որպէս մէկ մարմին, ինչ որ մեր գնահատմամբ սխալ մօտեցում մըն է եւ այդ մօտեցումը անպայման պէտք է փոխուի։ Ասոր զուգահեռ, ի հարկէ, Սփիւռքի նախարարութիւնը ականջալուր է մեր համայնքներու առկայ խնդիրներուն եւ հնարաւորութիւններու շրջանակներուն մէջ պիտի փորձէ գործնական լուծումներ տալ՝ համագործակցելով այլ պետական մարմիններու հետ։ Ըսեմ նաեւ, որ մասնաւորապէս կրթական ոլորտի մէջ բազմաթիւ մտահոգութիւններ կան սփիւռքէն ներս: Օրինակ՝ կրթական ոլորտի պարագային ունինք տեղեկութիւններ, ըստ որոնց կան հայկական դպրոցներ, ուր կը յաճախեն տուեալ համայնքի աշակերտութեան լաւագոյն պարագային տասը տոկոսը: Սա, ի հարկէ, բազմաթիւ հարցադրումներ կը յառաջացնէ մեր մօտ եւ մեր պատկերացումը հետեւեալն է։ Ի հարկէ, բազմաթիւ նիւթական խնդիրներու եւ այլ մարտահրաւէրներու հետ միասին կայ գլխաւոր խնդիր մը. սփիւռքի մեր համայնքներու հայկական դպրոցները շատ յաճախ չեն համապատասխաներ տուեալ երկրի դպրոցներու մակարդակին եւ շատ տրամաբանական ու հասկնալի է, որ ինչ-ինչ պատճառներու բերումով ծնողները նման ծայրայեղական քայլերու կը դիմեն։ Եթէ մենք ձեւով մը կարողանանք քիչ մը օգնել մեր դպրոցներու մակարդակը բարձրացնելու, ապա ընդհանուր պատկերը շուտով կրնայ փոխուիլ եւ սփիւռքի կրթական համակարգը վստահաբար կը բարելաւուի։ Այդ կերպով կը վերանայ կրթական հաստատութիւններու, դպրոցներու, նախակրթարաններու փակուելու խնդիրը, որ այսօր եւս անորոշ վիճակի մէջ է: Անընդհատ մտահոգիչ տեղեկութիւններ կը ստանանք սփիւռքէն, որովհետեւ տրամաբանական է, որ աշակերտներու թիւի նուազումի պատճառով դպրոցը կրնայ յայտնուիլ փակման վտանգի առջեւ։ Օրինակ մը տալով՝ նշեմ Յորդանանի միակ վարժարանի պարագան, որ վերջերս յայտնուած էր փակուելու վտանգին առջեւ, բայց բարեբախտաբար այդ մէկը յետաձգուեցաւ… Այդ, անշուշտ, ժամանակաւոր լուծում մըն էր եւ մենք նման հարցերու պարագային կը քաջալերենք երկարաժամկէտ եւ ուսումնասիրուած լուծումներու ձեւաչափը։ Բանակի հետ կապուած, պարտադիր զինուորական ծառայութեան հետ կապուած բազմաթիւ հարցեր կան, ես որպէս սփիւռքի նախարար, բնականաբար, այդ խնդիրներն ալ պիտի արծարծեմ։ Յառաջիկային պիտի ստեղծենք պաշտօնական յանձնաժողով մը, որուն պիտի անդամակցին Հայաստանի պաշտպանութեան եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարարները։ Ինծի համար շատ կենսական է, որ տուեալ յանձնաժողովը ստեղծը-ւի այնպիսի ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ, որոնք կը կատարուին համայնքներու դպրոցներու տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն հետ։ Բացի այդ, կան բազմաթիւ խնդիրներ՝ կապուած գոյքի տեղափոխման հետ, մասնաւորապէս, սփիւռքահայ մեր հայրենակիցներու կողմէ Հայաստան բերուած գոյքերը մաքսազերծելու, ինչպէս նաեւ հայրենադարձ գործարարներու ունեցած հաստոցները տեղափոխելու առումով։

Վարչապետը, ես եւ կառավարութիւնը առհասարակ մշտապէս կը յայտարարենք, որ սփիւռքի ներուժը օգտագործելու, ինչպէս նաեւ զայն կառավարման համակարգի մէջ ներգրաւելու նպատակ ունինք, սակայն քաղաքացիական ծառայութեան մասին օրէնքը չի թոյլատրեր, որպէսզի կարելի ըլլայ որոշում ընդունող դիրքերու վրայ ընդգրկել սփիւռքահայերը։ Այստեղ եւս մենք կարեւոր եւ անհրաժեշտ ընելիքներ ունինք։ Սփիւռքահայերու համար պէտք է ստեղծուին որոշ արտօնութիւններ։

-Սփիւռքի մէջ կայ հատուած մը, որ Հայաստանի կառավարութենէն, անձամբ ձեզմէ՝ սփիւռքի նախարարէն կարեւոր անկնկալութիւններ ունի յատկապէս կրթական ոլորտէն ներս առկայ խնդիրներու վերաբերեալ։ Ակնարկութիւնս կը վերաբերի մանաւանդ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան փակման։ Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս առընչութեամբ։

-Ես կրնամ ըսել, որ ակնկալութիւններէն բացարձակապէս չեմ խուսափիր, պատասխանատուութենէ չեմ վախնար: Մելգոնեանի խնդիրը առաջին իսկ օրուընէ եղած է իմ ուշադրութեան կեդրոնին: Ես պաշտօնական այցելութեամբ գտնուեցայ Նիկոսիոյ մէջ, ուր այցելեցի Մելգոնեան կըր-թական հաստատութիւն, շատ ծանր տարի դպրոցի այսօրուան վիճակը, լսեցի նաեւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան ղեկավարութեան տեսակէտը, Հայկական բարեգործական ընդանուր միութեան տեսակէտը, միւս կողմէ նաեւ ծանօթացայ մելգոնեանցիներու դիրքորոշման։ Անոնք կը բողոքեն վարժարանի փակման որոշման դէմ: Ի դէպ, առաջին անգամ է, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին խօսելով այս նիւթին կ՚անդրադառնամ ու կը վստահեցնեմ, թէ յառաջիկային ալ այս մասին մանրամասնօրէն պիտի խօսիմ։ Մինչ այդ զերծ կը մնամ որոշ մեկնաբանութիւններէ՝ հաշուի առնելով քանի մը հարցեր: Միակ բանը, որ կրնամ ըսել, հետեւեալն է. ես եւս մտահոգ եմ Մելգոնեանի խնդիրով եւ այս փուլին ես լսողի ու վերլուծողի դերին մէջ կը գտնուիմ:

-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ տուած ձեր այցը բաւական հետաքրքրական էր։ Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները: Ամերիկահայութիւնը այսօր կարող ե՞նք լուրջ ներուժի տէր համայնք մը համարել։

-Այո՛, ամերիկահայութիւնը կարեւոր ներուժ ունի։ Բաց աստի, մենք ունինք խըն-դիր կապուած Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն։ Տեսէ՛ք, Հայաստանի մէջ յեղափոխութիւն տեղի ունեցաւ եւ ես չեմ յաւակնիր սփիւռքի մէջ ալ յեղափոխութիւն մը կատարելու, բայց կը յաւակնիմ յեղափոխութիւն կատարել Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ։ Որովհետեւ կը կարծեմ, թէ այդ յարաբերութիւնները եւ կապը առողջացնելու խնդիր ունինք: Առաջին հերթին Սփիւռքի նախարարութիւնը նորովի պէտք է ընէ հետեւեալը. մեզի համար պիտի չըլլան արտօնեալներ եւ մերժուածներ: Ես յստակ պատգամ յղած եմ բոլոր համայնքներուն՝ որպէսզի բոլոր անոնք, որոնք պատրաստ են ծառայել Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ օգտակար ըլլան Հայաստանի եւ Արցախի կայուն զարգացման, անվտանգութեան ամրացման, Հայաստան-սփիւռք կապերու հզօրացման ու առողջացման, սփիւռքի մէջ հայկականութեան ամրապնդման եւ ուժեղացման, ես առանց որեւէ նախապայմանի պատրաստ եմ օժանդակել այդ կողմին ու ստեղծել առիթ՝ այդ ծրագիրները կեանքի կոչելու համար։ Սա է միակ նախապայմանը, որ սփիւռքը կրնայ իմ առջեւ սահմանել եւ ես կրնամ սփիւռքի առջեւ սահմանել, այլ նախապայմաններ չեն կրնար դրուիլ անոնց առջեւ:

Բնականաբար Ամերիկա կատարած այցէս ետք ես կարողացայ աւելի մօտէն ծանօթանալ սփիւռքի այդ կարեւոր հատուածի դիմագրաւած խնդիրներուն ու անոնց լուծումներուն, անշուշտ կը կարօտին երկարաժամկէտ եւ առողջ մօտեցումներու։ Անշուշտ, յաւակնութիւն չունիմ, որ պիտի կարողանամ հարթել սփիւռքի առկայ բոլոր վէճերը, սակայն, կը կրկնեմ, որ մենք յարաբերութիւններուն մէջ իրական յեղափոխութեան մը պէտք ունինք։ Այլ խօսքով, պէտք է մէկ կողմ դրուին բոլոր փառամոլութիւնները, սեփական օրակարգերը եւ մէկ հայեցակարգի շուրջ ըլլայ միասնական մօտեցում:

Սփիւռքի մէջ ալ զանազան հակասական մօտեցումներ եւ տեսակէտներ կան եւ անոնք յաճախ կ՚արտայայտուին։ Օրինակ մը տալու համար նշեմ, որ Նիւ Եորքի մէջ կայ միութիւն մը, որ աջակցութիւն կը բերէ կառավարական որոշ ծրագրի մը։ Այդ միութիւնը, իր կարգին, նեցուկ կը ստանայ հայկական այլ կազմակերպութենէ մը, սակայն ոչ-բոլոր կազմակերպութիւնները համաձայն են այդ միութեան որդեգրած գործելաոճին եւ այսպէս մենք ականատես կ՚ըլլանք զանազան մակարդակի անհասկացողութիւններու ու յաճախ սուր տարակարծութիւններու։ Ինծի համար այս վիճակը իսկապէս, եթէ չչափազանցեմ, անձնական ողբերգութիւն մըն է, որովհետեւ ես կը կարծեմ, թէ մենք յայտնուած ենք բաւական բարդ վիճակի մը մէջ։ Բայց, միւս կողմէ, չեմ ուզեր յանձնուիլ, որովհետեւ առաւել քան վստահ եմ, թէ բոլոր խնդիրները լուծելի են։ Իսկ միւս կողմէ, նաեւ չեմ ուզեր ընդունիլ կամ հաւաստիացնել, թէ խնդիրները միայն սփիւռքէն կը ծագին: Կը կարծեմ, թէ Հայաստանի մէջ անգործնականութիւնն ու անտարբերութիւնը եղած են այս վիճակներուն տուն տուող հիմնական պատճառները։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ որպէս հայրենիք կամ հայութեան կեդրոն, հայութեան համար պէտք է ստանձնէ նախաձեռնողի եւ համակարգողի դերակատարութիւն: Հայաստանէն պէտք է ըլլան պատգամներ՝ Հայաստանի, Արցախի կարիքներու մասին եւ Հայաստան պէտք է փորձէ, գոնէ քանի մը կէտերու շուրջ, համակարգողի դեր ստանձնել եւ ես տուեալ պարագային առաւել քան վստահ եմ, թէ սփիւռքը, առնուազն, կը կրկնեմ, պետութեան պաշտպանական, պետութեան տնտեսական զարգացման, արտասահմանի մէջ Հայաստանի շահերը պաշտպանելու, միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանը ներկայացնելու առումով շատ կարեւոր ընելիք ունի։

Ի հարկէ, այդ բոլորը կը պահանջեն ժամանակ եւ մեծ ջանքեր, բայց մենք պիտի երթանք ամենաբարդ ճանապարհով, որովհետեւ ամենաբարդ ճանապարհն է, որ պիտի ապահովէ սպասելի արդիւնք: Սա ընդամէնը օրինակ մըն է այսօր տիրող ընդհանուր իրականութեան մէջ, սակայն այսպիսի օրինակները եւ հայկական կազմակերպութեանց միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները կ՚ունենան իրենց բացասական ազդեցութիւնը պետական շահերու վրայ եւ երբեմն ազգային-պետական մտածելակերպը երկրորդական կը դառնայ։ Բայց, կը կրկնեմ, Հայաստանի օգնութեամբ եւ գըլ-խաւոր հայեցակարգերու շուրջ նախնական համաձայնութեամբ, մենք պիտի կարողանանք հանդէս գալ համահայկական, միասնական ոգիով։

Միւս կարեւոր կէտը, որ կ՚ուզեմ ընդգծել, հետեւեալն է. Սփիւռքի նախարարութիւնը պատրաստ է համագործակցիլ բոլոր ուժերուն հետ։ Այսինքն, ես կ՚ուզեմ ըսել, որ եթէ աշխարհի ամենահեռաւոր ծայրը կայ մէկ հայ եւ ան կը փափաքի մեզի հետ աշխատիլ, ապա մենք պարտաւոր ենք կամուրջ դառնալ եւ սատարել՝ որպէսզի այդ հայ մարդը կարողանայ իր ներդրումը ունենալ ու մասնակցիլ պետականաշինութեան գործին։

-Պրն. Հայրապետեան, Սփիւռքի նախարարութեան ղեկը ստանձնելէ քիչ անց դուք յայտարարեցիք, որ լուրջ կասկածներ ունիք նախարարութեան մէջ հաշուապահական անճշդութիւններու եւ կաշառակերութիւններու մասին։ Բաւական ժամանակ անցած է ձեր յայտարարութենէն ի վեր, ի՞նչ կ՚ըսէք այդ մասին։

-Կաշառակերութեան վտանգներու հետ կապուած ո՛չ թէ դուք միայն տեղեակ չեղաք, այլեւ՝ մենք եւս սպասողական վիճակի մէջ ենք։ Որովհետեւ սփիւռքի նախարարը չէ, որ պէտք է իրականացնէ անհրաժեշտ հետաքննութիւնը: Այս պահուն գործը կը գտնուի Պետական վերահսկողութեան ծառայութեան յարկին տակ եւ ան այդ գործը պէտք է յանձնէ դատախազութեան: Եւ, ցաւօք սրտի, մտահոգիչ տեղեկութիւններ ստացած ենք եւ այն կասկածները կամ մտահոգութիւնները, որոնք մենք ունէինք, որոշակիօրէն արդէն իսկ հաստատուած են… Այսինքն խօսքը այն մասին չէ, որ մենք յայտարարութիւն մը ըրած ենք եւ յետոյ մոռցած։

-Պարոն նախարար, նախքան այս կառավարութեան կազմութիւնը, շատ խօսուեցաւ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը կրնայ լուծարուիլ կամ կրնայ վարչութեան մը վերածուիլ. այս առումով ի՞նչ կ՚ըսէք։

-Սփիւռքի նախարարութիւնը փակելու մասին խօսակցութիւններ, այո՛, նախքան այս պաշտօնին կոչուիլս իմ մօտ եւս եղած են։ Շատ մեծ հարց մըն է, թէ ինչո՞ւ Հայաստան պէտք է ունենայ Սփիւռքի նախարարութիւն, այն ալ բաւական մեծ անձնակազմով՝ շուրջ 90 հոգիէ բաղկացեալ աշխատակազմով, եթէ այդ մէկը պէտք է միայն շքանշաններ, պարգեւներ շնորհէ եւ փառատօններ կազմակերպէ: Բայց, խնդիրը այն է, որ մեր ու մեր խումբին պատկերացումները Սփիւռքի նախարարութեան գործառոյթներու եւ առաքելութեան վերաբերեալ՝ ընդհանուր առմամբ կը տարբերին նախկին իշխանախումբի կամ նախկին իշխանութիւններու պատկերացումներէն: Կը կարծենք, թէ Սփիւռքի նախարարութիւնը իրաւունք ունի գոյութիւն ունենալու, եթէ իր առջեւ դնէ ամենաբարդ, ամենախրթին հարցերը։ Շատ կարեւոր որոշումներ կայացնել՝ հիմնուելով գիտական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու վրայ… Սփիւռքի հետ աշխոյժ կապեր ստեղծելը եւ սփիւռքի խնդիրները լսելը եւ սփիւռքի տեսակէտը հաշուի առնելը հիմնարար մօտեցումներ են՝ մեր աշխատանքները յաջողութեամբ պսակելու համար։ Այո՛, մենք կրնայինք շարունակել նոյն քաղաքական գիծը, ընտրել դիւրին ճանապարհը, բայց տուեալ պարագային մենք մեր սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ չէինք ըլլար, որովհետեւ մենք, ինչպէս ես վարչապետին կողմէ եւ վարչապետը ժողովուրդին կողմէ նշանակուած ենք խնդիրներ լուծելու, այլ ո՛չ թէ աչք գոցելու կամ առաւել եւս նոր խնդիրներ ստեղծելու համար:

-Դուք մասնագիտութեամբ թրքագէտ էք եւ լաւ կը ճանչնաք Թուրքիան: Այսօր ինչպէ՞ս կը գնահատէք Պոլսոյ հետ կապերը։ Բնականաբար, ինծի հետ պիտի համաձայնիք, թէ Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունի Թուրքիոյ հետ եւ մենք այնտեղ պատմական եւ, իմ կարծիքով՝ շատ կարեւոր առաքելութիւն ունեցող համայնք մը ունինք։ Եւ անցնող տարիներուն չստեղծուեցաւ այն դաշտը, ուր երկու կողմերը պիտի կարողանային իրարու հետ լիարժէք գործակցիլ։ Ի՞նչ կը դիտարկէք այս առումով։

-Այո՛, ճիշդ է, կայ շատ մեծ աւանդական ներուժ ունեցող համայնք մը, որու ներուժի նոյնիսկ կէսը չէ օգտագործուած երկկողմանի յարաբերութիւններու կապակցութեամբ։

Կ՚ուզեմ կրկնել, որ ինծի համար, ինչպէս Պոլսոյ հայ համայնքը, այնպէս ալ Պոսթոնի կամ Նիկոսիոյ հայ համայնքը չափազանց կարեւոր են: Ի վերջոյ բոլոր համայնքներն ալ կարեւոր են ու չկան կարեւոր կամ ոչ-կարեւոր համայնքներ։ Ինչ կը վերաբերի Պոլսոյ համայնքին, ապա ըսեմ՝ որ այդ պատմական համայնքին հետ կապերը սերտացնելու միտումով մտադիր ենք յառաջիկային երկար ժամկէտով Պոլիս գործուղղել իմ խորհրդական Գէորգ Պետրոսեանը, որ նոյնպէս մասնագիտութեամբ թրքագէտ է, համայնքին հետ շատ աւելի սերտ աշխատանքներ իրականացնելու, համայնքը աւելի լաւ ճանչնալու՝ թէ՛ իր ներուժով եւ թէ իր մարտահրաւէրներով։ Միւս կողմէ, ինծի համար, որպէս ոլորտի մասնագէտ՝ երբեք ընդունելի չեն այն թերի գնահատականները, որոնք յաճախ Հայաստանէն կը հնչեն եւ կը փորձեն քննադատական մօտեցումներ ունենալ պոլսահայութեան մասին։ Ի վերջոյ այդ մարդիկ լաւ չեն ճանչնար Թուրքիան եւ չեն գիտեր, թէ ինչքան բարդ է Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը, պահպանել հայութիւնը եւ աւելի՛ն, մտածել Հայաստանին աջակցելու մասին։ Ես յոյս ունիմ, թէ այդ փոքրիկ, համեստ ծրագիրը, լաւ հող կը նախապատրաստէ մեզի համար, համայնքի վերաբերեալ մեր պատկերացումները շատ աւելի հարստացնելու եւ աւելի խորքային պատկերացումներ եւ ընկալումներ ունենալու համար։

Մենք այս պահուն արդէն իսկ կապ հաստատած ենք պոլսահայ համայնքի զանազան գործիչներու հետ եւ յանուն արդարութեան ըսեմ, որ այդ կապերը կային նաեւ նախկին նախարարի օրօք։ Եւ անշուշտ, այդ կապերուն հիմնական նպատակն է աւելիով ամրապնդել երկուստեք յարաբերութիւնները եւ անցնիլ գործնական ծրագիրներու իրականացման։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

jamanak.com/

Scroll Up