Հայաստան Մեկնիլն Ի՞նչ Է, Որ Չեմ Կրնար Ընել. Ֆրանսահայ Երիտասարդը Որոշած Է Հայրենիք Տեղափոխուիլ

«Հայերն այսօր» Օգոստոսին, երբ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տիկին Աննա Յակոբեանը Ֆրանսա կատարած այցի ընթացքին հանդիպած էր հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, հաւաքին ներկայ երիտասարդներէն մէկը` Իշխան Թովմասեան անունով, հարց  ուղղած էր Աննա Յակոբեանին, թէ Սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդներն ի՞նչ կրնան տալ, ինչպէ՞ս կրնան օգտակար ըլլալ Հայաստանին:

Ֆրանսահայ երիտասարդին հարցը պատահական չէր: Ան ծրագրած է տեղափոխուիլ Հայաստան: Եթէ առաջ Իշխան ընդամէնը կը մտածէր այդ ուղղութեամբ, Թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ յստակ որոշում կայացուցած է. «Այսօր Հայաստանը պատմական շրջան կ՛ապրի: Եթէ հիմա իմ քայլս չընեմ, գիտեմ, որ յետոյ անպայման պիտի զղջամ»: Երբ կը հակադարձեմ, որ եթէ չստացուի Հայաստանի մէջ աշխատանք գտնել կամ յաջողիլ, ան շատ վստահ կը պատասխանէ. «Չէ՞ որ ամէն քայլդ չէ, որ կրնայ ստացուիլ: Իսկ երբ քու կատարած համարձակ քայլդ Հայաստանին կը վերաբերի, աւելորդ չէ փորձելը: Կը մտածեմ, որ այսօր Հայաստանին աւելի շատ կրնամ օգտակար ըլլալ: Չեմ գիտեր, որ ոլորտին մէջ, բայց այդտեղ իմ կարիքս աւելի շատ կը զգացուի այս պահուն, քան Ֆրանսայի մէջ»:

Իշխան Թովմասեան ծնած եւ մեծցած է Ռուսաստան, մօտ 17 տարի է` կը բնակի Ֆրանսայի մէջ: Աւարտած է Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մէջ յայտնի Քաղաքական հետազօտութիւններու Փարիզի հիմնարկին մէջ (Sciences Po): Պաքալաւրի որակաւորումը ստացած է «Հասարակական գիտութիւններ եւ քաղաքագիտութիւն» մասնագիտութեամբ, իսկ մագիստրատուրան` «Մարդկային պաշարներու կազմակերպում եւ կառավարում»: Մէկ տարի փոխանակման ծրագիրի ծիրէն ներս ուսանած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան առընթեր Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկին մէջ (МГ�?МО):

Ուսումն աւարտելէ յետոյ աշխատանքի ընդունուած է «Հերմես» ընկերութեան գլխամասային գրասենեակին մէջ` անձնակազմի ընտրութեան ու անոնց հետ տարուող աշխատանքներու բաժինին մէջ:

Այն հարցին, թէ ինչ կրնայ տալ Սփիւռք ապրող երիտասարդը Հայաստանին, Իշխան կը պատասխանէ. «Հնարաւոր է` դուրսը կրթութիւն ստացած երիտասարդներն այնպիսի հմտութիւններ, ունակութիւններ կրցած են ձեռք բերած ըլլան, որոնք այսօր Հայաստանի մէջ երիտասարդները չեն կրնար ստանալ կամ շատ քիչ հնարաւորութիւններ ունին իւրացնելու: Նաեւ կը կարծեմ, որ այսօր Հայաստանի մէջ նոր անձնակազմերու պակաս  կը զգացուի: Հետեւաբար, մեր սորված գիտելիքները, ունակութիւնները ներդնելով միայն` կրնանք Հայաստանին օգտակար դառնալ: Շատերը կը կարծեն, որ կրնան ապրիլ արտերկրի մէջ եւ հեռուէն տարբեր ձեւաչափերով օգտակար ըլլալ Հայաստանին` բարեգործութիւն, ներդրումներ եւ այլն: Իսկ ես կը մտածեմ, որ Հայաստանին առաւել օգտակար կրնաս ըլլալ միայն հայրենիք տեղափոխուելով: Այդ է պատճառը, որ կը ծրագրեմ   յաջորդ տարի տեղափոխուիլ Հայաստան: Դեռ յստակ չեմ կրնար ըսել, թէ ինչպէս: Պարզ է միայն այն, որ Հայաստան պիտի գամ: Ուսումս այս տարի աւարտած եմ: Առաջարկ ունիմ շարունակելու աշխատանքս «Հերմես»-ի մէջ, բայց Հայաստան գալու ցանկութիւնն աւելի մեծ է: Այդ ուղղութեամբ արդէն որոշ քայլեր կը ձեռնարկեմ: Քանի դեռ պատասխան չունիմ, յստակ ոչինչ ըսել չեմ կրնար»:

Անվիճելի է, որ Իշխանը (եւ անոր նման հազարաւորներ Սփիւռքի մէջ) հեռանկարային երիտասարդ է, լաւ կրթութիւն  ստացած, ունի բարձր վարձատրուող աշխատանք, լաւ ապագայ Ֆրանսայի մէջ: Ո՞ր, սակայն, անոր չի գոհացներ, կ՛ուզէ Հայաստան տեղափոխուիլ: Անոր պատասխանը շատ պարզ է. «Այդ հարցն ինծի շատ կու տան, յատկապէս ծանօթներս կը զարմանան: Ինչո՞ւ  նման որոշում կայացուցած եմ, որովհետեւ հեռուէն Հայաստանի քաղաքականութեան, խնդիրներու մասին խօսիլը իրատեսական չէ: Եթէ կ՛ուզես ինչ-որ բանով օգնել կամ թէկուզ հասկնալ, թէ ինչ կը կատարուի, պէտք է այնտեղ ըլլաս : Այնտեղ ըլլալով միայն` կրնաս ճիշդ որոշում ընդունել: Նման քայլը նաեւ խորքին մէջ  քիչ մը հայրենասիրական տարրեր ունի: Իմ նախընտրած պատմական կերպարը Նժդեհն է: Եթէ կը սիրես Նժդեհ, չես կրնար չսիրել Հայաստան: Իսկ սիրելով Հայաստան` կ՛ ուզես ինչ-որ կերպ քու քայլդ ընել, քու լումադ ներդնել, , հայրենիքդ ոտքի կանգնեցնելու համար: Շատերը կ՛ըսեն` սխալ քայլ կ՛ընեմ, բայց ես լաւատես եմ: Շատ մարդիկ ցանկութիւն ունին, սակայն հնարաւորութիւն չունին: Երջանիկ եմ, որ այսօր ունիմ ո՛չ միայն ցանկութիւն, այլեւ հնարաւորութիւն: Եւ յետոյ, երբ տարբեր գիրքեր կը կարդաս եւ կը տեղեկանաս, որ օրինակ` ինչ-որ  ժամանակ մէկը այսինչ բանը ըրած է Հայաստանի համար, շատ յաճախ իր կեանքը զոհած, Հայաստան մեկնիլն ի՞նչ է, որ ես չեմ կրնար ընել: Ատեն մը կու գայ, որ անկախ քու ունեցածէդ ու գրաւած դիրքէդ,ինքզինքդ օտար կը զգաս այն երկրին մէջ, ուր կ՛ապրիս»:

Հայաստան մեկնիլն ի՞նչ է, որ ես չեմ կրնար ընել. Իշխանի խօսքերը դեռ երկար ժամանակ կը հնչէին ականջիս մէջ: Բայց չէ՞ որ շատերը կը հեռանան Հայաստանէն` շատ յաճախ այրելով բոլոր կամուրջները: Իրենց ծննդավայրը, հայրենիքն այնքան կ՛օտարանայ անոնց համար, որ կարճ ժամանակ անց անգամ կը դադրին հայերէն խօսելէ: Իշխանը ինծի զարմացուց, նաեւ ուրախացուց ո՛չ միայն Հայաստան տեղափոխուելու ոգեւորութեամբ: Ան ծնած է եւ կ՛ապրի Սփիւռքի մէջ, կը տիրապետէ 5 լեզուի, բայց նաեւ վարժ կը խօսի հայերէն, կրնայ գրել ու կարդալ: Իշխանի պնդմամբ` դաստիարակութեան հարց է, եթէ ծնողները խիստ կ՛ըլլան` կը ստացուի. «Մեր տունը արգիլուած է այլ լեզուով խօսիլը, որ մեզի  պարտադրած եմ: Ծնողներս կ՛ըսեն, որ դուրսը միեւնոյնն է, օտար լեզուով պիտի խօսիք, տունն է միայն, որ հայերէնը պէտք է պահէք: Այդ է պատճառը, որ հայերէն կը խօսիմ, դժուարութեամբ, բայց կրնամ նաեւ կարդալ եւ գրել: Ցաւօք, հակառակ օրինակներ ալ կան, երբ Հայաստան ծնած, մեծցած երիտասարդները 3-4 տարի դուրսը ապրելով` այլեւս հայերէն չեն խօսիր: Հայերէնը իմ մայրենին է, ինչպէ՞ս կրնաս չխօսիլ: Եւ ընդհանրապէս, լեզուն առաջին յատկանիշն է հայ ըլլալու, հայ մարդ զգալու: Եթէ դուն մայրենիով չես խօսիր, որքան ուզես մշակոյթը, պատմութիւնը տիրապետէ, միեւնոյնն է, լեզուով շատ բան կը փոխանցուի: Մայրենիի հանդէպ սէրը ծնողներէս  ժառանգած եմ: Ես կը տիրապետեմ քանի մը լեզուներու, սակայն հայերէնն ուրիշ հարթակի վրայ է ինծի համար: Միւս կողմէն ալ, բոլոր ընտանիքներուն մէջ չէ, որ ժամանակ կամ հնարաւորութիւն կայ տան պայմաններուն մէջ լեզուն փոխանցել: Այդ է պատճառը, որ Սփիւռքի մէջ կարեւոր են ամէնօրեայ, կիրակնօրեայ դպրոցները»:

Իշխան այնքան կարեւոր համարեց ծնողներուն դերն իր դաստիարակութեան հարցով, որ հետաքրքիր էր իմանալ, թէ արմատներով ուրկէ  են անոնք: Պարզուեցաւ, որ մօրը կողմը Դաշտային Ղարաբաղէն են, սակայն շատոնց Ռուսաստան  տեղափոխուած են: Հօրը նախնիները Մուշէն, Ղարսէն գաղթած են Ապարանի շրջան, թէեւ Իշխանի հայրը շատ երիտասարդ տարիքին Ռուսաստան տեղափոխուած է: Երբ կը հարցնեմ` ծնողներն ինչպէս  ընդունած են Հայաստան տեղափոխուելու որոշումը, Իշխան ծիծաղելով կը պատասխանէ. «Ինչպէս եւ բոլոր ծնողները,  քիչ մը անհանգիստ են: Անոնք այնքան ալ դէմ չեն, կը համարեն, որ սա իմ ընտրութիւնս է: Չէ՞ որ հասուն մարդ եմ եւ կրնամ ինքնուրոյն որոշում ընդունել: Բայց եթէ ըսեմ, որ չեմ երթար,կը  մնամ Ֆրանսա, անոնք ալ աւելի ուրախ կ՛ըլլան»: Այնուհետեւ կը շարունակէ, որ իր որոշմամբ շատերուն  վարակած է: Քիչ մըն ալ կը զարմանամ, որ իր հետ համակարծիք են յատկապէս իր այն ընկերները, որոնք Հայաստանի հետ որեւէ կապ չեն ունեցած. «Անոնք հայրենիքի մէջ չեն ծնած, մեծցած, այնտեղ հարազատներ չունին: Բայց աւելի ոգեւորուած են, քան անոնք, որոնք իրենց կեանքի որոշ հատուածն անցուցած են Հայաստանի մէջ»: Երբ կը հետաքրքրուիմ` ինչ է պատճառը, Իշխան կը պատասխանէ. «Ինծի կը թուի, երբ հեռուն կը  մեծնաս, աւելի շատ կը գնահատես այդ ամէնը: Օտար երկրի մէջ մեծնալով, այլ մշակոյթներուն առաւել ծանօթ ըլլալով`  քեզի համար անոնք, միեւնոյնն է, իտէալ չեն ձեւաւորեր: Դուն միշտ կը ձգտիս քեզի հարազատ ինչ-որ բանի, թէկուզ այդ ինչ-որ բանը քեզ անծանօթ է»:

Զրոյցն աւարտելէ առաջ Իշխանէն կը հետաքրքրուիմ, թէ ինչ բանի կարիքը կը զգայ  Ֆրանսայի մէջ, որ կրնայ գտնել միայն Հայաստանի մէջ: Ան ատեն մը  կը լռէ, յետոյ կը պատասխանէ. «Հետաքրքիր հարց է: Ամէն ինչին` սկսած ուտելիքէն, օդէն, մարդոցմէ: Հայաստանի մէջ ուրիշ մշակոյթ է, ինքզինքդ հոգեհարազատ կը զգաս այդ մշակոյթին հետ: Կը կարծեմ, ես այսօր շատ բախտաւոր եմ, որ կրնամ այսպիսի որոշում ընդունիլ: Այսպէս հանգիստ կը խօսիմ, որովհետեւ ինչ-որ առումով ապահովուած եմ: Եթէ որեւէ բան այնպէս չստացուի, կրնամ վերադառնալ Ֆրանսա: Բայց այդ ապահովուածութիւնն ինծի չի ոգեւորեր: Այո՛, այստեղ ես կրնամ  հանգիստ, ապահով կեանքով ապրիլ: Լաւ աշխատավարձ կը ստանամ, շատերը կը զարմանան` ոնց կրնամ այդ աշխատավարձէն հրաժարիլ եւ գալ Հայաստան: Այն պատճառով, որ ամէն ինչ կեանքի մէջ յարաբերական է: Գումարը, ֆինանսները քեզի չեն կրնար երկարաժամկէտ ինչ-որ տեղ պահել: Ուրիշ ձգտում մը  պէտք է ըլլայ: Մէկը հայրենասիրութիւն կրնայ համարել, միւսը` կարօտ, արեան կանչ, տարբեր անուններ կրնանք տալ, բայց հաստատ ինչ որ  բան մը կայ, որ քեզի կը գրաւէ  երկիր մը, որ հայրենիք  կ՛անուանեն»:

Կ՛աւարտեմ Իշխանի հետ զրոյցը, մտածելով, որ հայրենասիրութիւն բառը շօշափելի  կը դառնայ նաեւ նման պարզ ու անկեղծ խօսքերու տողատակը: Չեմ գիտեր, երբ Իշխանը կու գայ Հայաստան, կը յաջողի այստեղ, թէ` ոչ: Բան մը յստակ է. Հայաստանի հետ այն աներեւոյթ կապը, որ արդէն ունի իր մէջ, բաւական է, որ չկորսնցնէ  իր տեսակն ու իր երկրին օգտակար ըլլալու պատրաստակամութիւնը: Եւ ամենեւին ալ կարեւոր չէ, Հայաստան կ՛ապրի, Ֆրանսա, թէ  այլ հեռաւոր երկրի մը մէջ: Կարեւոր է, որ ան իր մէջ արդէն կը կրէ  փոքրիկ Հայաստան մը:

Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up