Քննարկուած Են Սփիւռքի Նախարարութեան Եւ Վերակառուցման Եւ Զարգացման Եւրոպական Դրամատան Միջեւ Համագործակցութեան Հնարաւորութիւնները

Սեպտեմբեր 12-ին սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան հանդիպեցաւ Լոնտոնէն ժամանած Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան (ՎԶԵԲ)` European Bank for Reconstruction and Development (EBRD) պատուիրակութեան հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկեցին կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները: Մասնաւորապէս, անդրադարձան սփիւռքի ֆինանսական, մարդկային եւ մասնագիտական ներուժի ներգրաւման երկրի զարգացման գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ հանրային կառավարման բարեփոխումներուն վերաբերող շարք մը հարցերու:
Հանդիպման ընթացքին կողմերն անդրադարձան նաեւ սփիւռքեան պարտատոմսի (Diaspora Bonds) գաղափարին եւ իրականացման տարբեր ձեւերու առաւելութիւններուն ու թերութիւններուն: Մասնաւորապէս, այն տարբերակներուն, որոնք կը խթանեն տեղական արժոյթային պարտատոմսի շուկայի զարգացման: