Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Պատուիրակութիւնն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Սեպտեմբեր 10-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պատուիրակութիւնը` Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի (Լիբանան) գլխաւորութեամբ: Պատուիրակութեան կազմին  էին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Թամար Գապագեան-Հաշէոլեան (Լիբանան), Լորիկ Սապունճեան (Լիբանան), Լուիզա Պապոյեան (Լիբանան), Սեպուհ Այնթապլեան (Լիբանան), Սպարտակ Ղարաբաղցեան (Հայաստան), Կարօ Ալեքսանեան (Սուրիա), Սելլա  Թնճուկեան (Եւրոպա), Վիգէն Թիւֆէնքճեան (Գանատա), Տիգրան Պապիկեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ), Մանուկ Չուխաճեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ) եւ Հրայր Պարոնեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ): Ողջունելով հիւրերը` սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան կարեւոր համարեց 90-ամեայ կազմակերպութեան ներդրումը հայակերտման ու Հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուժեղ Հայաստանի շահերէն կը բխի ունենալ ուժեղ սփիւռք, ուժեղ սփիւռքի շահերէն կը բխի ունենալ ուժեղ Հայաստան: Պէտք է լծուինք նաեւ սփիւռքի խնդիրներու լուծման գործին: Պետութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան շահերէն կը բխի խորքային աշխատանք տանիլ կրթական հարցերու լուծման ուղղութեամբ: Կրթութիւնը, մշակոյթը կարեւոր արժէքներ են հայակերտման համար: Մարտահրաւէրներու հարցով յստակեցուած են ընելիքները: Սփիւռքը պէտք է զգայ, որ իր թիկունքին կայ հզօր պետութիւն»:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ արեւմտահայերէնի, հայկական դպրոցներու, ատոնց մրցունակութեան խնդիրներուն:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան շնորհակալութիւն յայտնեց արդիւնաւէտ հանդիպման համար, ներկայացուց կառոյցի գործունէութեան ուղղուածութիւնը, նպատակները եւ յառաջիկայ ընելիքները, վստահեցուց, որ համագործակցութիւնը կը շարունակուի նոր ոգեւորութեամբ ու գործնական քայլերով:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը (Hamazkayin Armenian Educational and Cultural Society) ՀՅԴ-ին կից կառոյց է, որ հիմնադրուած է 1928թ. մայիս 28-ին, Գահիրէ, մասնաճիւղեր ունի Միջին Արեւելքի բոլոր հայկական համայնքներուն մէջ, Եւրոպայի, ԱՄՆ-ի, Գանատայի, Հարաւային Ամերիկայի, Աւստրալիոյ մէջ: Միութիւնն ունի 7 շրջանային վարչութիւն եւ 8 մեկուսի մասնաճիւղ: Կեդրոնական վարչութիւնը կը գտնուի Լիբանան: Համազգայինի երեւանեան գրասենեակը հիմնադրուած է 1991թ., այն ներկայիս կը գործէ որպէս Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամ: Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը կ՛իրականացնէ մշակութային, կրթական, գիտական, հրատարակչական եւ այլ աշխատանքներ ՀՀ-ի եւ սփիւռքի մէջ: Համազգայինի եւ սփիւռքի նախարարութեան միջեւ կնքուած է յուշագիր` կրթական եւ մշակութային հիմնախնդիրներու լուծման գործին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ:

 

Scroll Up