Այսօր Ուիլեամ Սարոյեանի ծննդեան օրն է
Այսօր` Օգոստոս 31-ին, ամերիկահայ հանճարեղ գրող Ուիլեամ Սարոյեանի ծննդեան օրն է:
«…Ես չեմ կրնար իմ ինքնութեանս մասին մտածել հայութենէն հեռու: Սա ինծի համար այնքան հիմնական է, որքան առաջին կայծը կեանքի: Ես ամէն բան պարտական եմ այն անպատմելիին, որ մեր իւրաքանչիւրի ներսը, եւ որ կու գայ իւրաքանչիւրի կեդրոնէն, եւ՛ ընտանիքի մէկ մասէն, եւ՛ հողի մէկ մասէն, եւ՛ մշակոյթի մէկ մասէն: Ես վատ ուսանող եմ: Ես մշակոյթները չեմ իմանար պատմականօրէն կամ ըստ գիտութեան, ես ատոնք ապրելով միայն կը ճանչնամ: Ուրեմն, պատասխանս Ձեր հարցին պիտի ըլլայ. իմ պարտքս Հայաստանի եւ հետեւաբար բոլոր հայերու հանդէպ անհաշուելի, անչափելի է, վիթխարի է ատիկա, այո, վիթխարի…»,-հարցազրոյցներէն մէկուն ժամանակ ըսած է Ուիլեամ Սարոյեան:
Ուիլեամ Սարոյեան ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Պիթլիս (Պաղէշ) քաղաքէն Ֆրեզնօ գաղթած հայու մը ընտանիքին մէջ: 4 տարեկանին զրկուած է հօրմէ, որոշ ժամանակ ապրած է որբանոցի մէջ: Այնուհետեւ մայրը որդին հանած է որբանոցէն, կրթութեան տուած: Ընտանիքի հոգը ստիպած է պատանիին ձգել դպրոցը եւ փողոցներուն մէջ լրագիր վաճառել, ապա դարձած է հեռագրատան ցրիչ: Աշխատանքը, սակայն, անոր չէ խանգարած զբաղիլ ընթերցանութեամբ, ստեղծագործած, գրած է փոքրիկ պատմուածքներ:
Պօսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթին մէջ 1933թ. տպագրուած է անոր առաջին պատմուածքը` Սիրակ Գորեան ստորագրութեամբ: Սարոյեանի պատմուածքներու անդրանիկ ժողովածուն` «Խիզախ պատանին թռչող ճօճաձողի վրայ…», լոյս տեսած է 1934թ. եւ միանգամէն ճանաչում բերած երիտասարդ գրողին:
1939թ. «Կեանքիդ ժամանակը» գրութեան համար Սարոյեան արժանացած է Նիւ Եորքի քննադատներու եւ Փուլիցերեան մրցանակներու, բայց վերջինէն (10 հզ. տոլար) հրաժարած է` պատճառաբանելով, որ պետութիւնը պէտք չէ խառնուի գրականութեան գործերուն:
Իր գրական կեանքի առաջին տասնամեակին Սարոյեան գրած է հարիւրաւոր պատմուածքներ, որոնց մէկ մասը զետեղուած է աւելի քան 10 ժողովածուի մէջ («Փոքրիկ երեխաներ», 1937թ., «Ողջոյն քեզ, սէր», 1938թ., «Անունս Արամ է», 1940թ., «Սիրելիս», 1944թ., եւ այլն): Ատոնք բնական եւ ճշմարիտ պատկերներու ու կերպարներու ամբողջ շարք մըն են: Սարոյեան ընթերցողին հետ կը խօսի պարզ ու մատչելի լեզուով, իր իսկ բնորոշմամբ` «Մարդկային սրտի համընդհանուր լեզուով, որ յաւերժական է եւ նոյնն է բոլորին համար ողջ աշխարհի մէջ»:
Սարոյեանի հերոսներէն շատերը հայեր են, որոնք կը ներկայացնեն հայկական միջավայրը` ազգային սովորոյթներով ու բարքերով, հայրենիքի պատմական յիշողութեամբ: Հայրենիքի թեման, անոր դարաւոր աւանդոյթները պահպանող մարդոց ինքնատիպ կերպարները կը հակադրուին ամերիկեան ապրելակերպի համահարթեցնող չափանիշներուն: Սարոյեանի հերոսները, յատկապէս` մանուկներու ու պատանիներու տպաւորիչ կերպարները, համաշխարհային գրականութիւն մտած են որպէս հոգիի մաքրութեան եւ անկեղծութեան խորհրդանիշներ:
Սարոյեանի վիպակներուն եւ պատմուածքներուն մէջ մարմնաւորուած իրականութեան ու երազանքի հակադրութեան, անհատի ներքին ազատութեան ու հոգեւոր գեղեցկութեան, սիրոյ եւ բարիի հաստատման հիմքերը հետաքրքիր լուծում ստացած են նաեւ թատերախաղերուն մէջ` «Իմ սիրտը լեռներու մէջ է» (բեմադրուած է 1939թ., հայ բեմի վրայ` 1961թ., Մոսկուայի մէջ` 1962թ.), «Կեանքիդ ժամանակը» (բեմադրուած է 1939թ., հայ բեմի վրայ` 1981թ.), «Հէ՛յ, ո՞վ կայ այդտեղ» (բեմադրուած է 1942թ., հայկական հեռուստատեսային ֆիլմ` 1981թ.), «Կոտորածը մանկանց» (բեմադրուած է 1952թ., հայ բեմի վրայ` 1986թ.), «Քարանձաւի մարդիկ» (բեմադրուած 1957թ., Մոսկուայի մէջ` 1968թ.), «Խաղողի այգին» (հայ բեմի վրայ` 1971թ.), «Գաւաթ մը բարութիւն» (հայ բեմի վրայ` 1994թ.):
1942թ. Սարոյեան զօրակոչուած է բանակ: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը (1939– 1945թթ.) ան ընկալած է որպէս մարդկութեան մեծագոյն աղէտ: Այդ թեման արտացոլուած է «Մարդկային կատակերգութիւն» (1942թ., համանուն ֆիլմի սենարի համար 1944թ. արժանացած է «Օսկար» մրցանակի) վիպակին համար եւ «Ուեսլի Ճեկսոնի արկածները» (1946թ.) վէպին համար:
1950–1960-ական թթ. գրողը ապրած է Եւրոպայի մէջ, ստեղծած ինքնակենսագրական բնոյթի հոգեբանական վիպակներու շարք` «Ինչ-որ ծիծաղելի բան» (1953թ.), «Հայրիկ, դուն խենթ ես» (1956թ.), «Մայրիկ, ես կը սիրեմ քեզի (1957թ.), «Տղաներ եւ աղջիկներ» (1963թ.), «Մէկ օր յետկէսօրեայ աշխարհի մէջ» (1964թ.) եւ այլն:
1960թ. ան վերադարձած է ԱՄՆ, գրած է գլխաւորապէս յուշագրական ժանրի գործեր` նուիրուած Չառլի Չափլինին, Պեռնարդ Շոուին, Թոմաս Էլիոթին, Ճոն Ստայնբեկին, Փափլօ Փիքասոյին, Եղիշէ Չարենցին եւ ուրիշներու: Ուշագրաւ են նաեւ անոր մտորումները գրականութեան, արուեստի դերի ու կոչման, սկզբունքներու ու խնդիրներու վերաբերեալ:
Ուիլեամ Սարոյեան երազանքներով ու խոհերով, ողջ էութեամբ կապուած էր Հայաստանին, հայ ժողովուրդին: Առաջին անգամ հայրենիք այցելած է 1935թ., այնուհետեւ` 1960, 1976 եւ 1978 թթ.: Սարոյեան ՀԽՍՀ «Խաղաղութեան պահպանման եւ հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ աշխոյժ գործունէութեան համար» մրցանակի առաջին դափնեկիրն է:
Մահէն առաջ կտակած է` իր աճիւնի մէկ մասը թաղուի հայրենի հողին մէջ:
Սարոյեանի գործերը թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներով, հայերէն` բոլոր ստեղծագործութիւնները:
Սարոյեանի անունով Երեւանի մէջ կոչած են փողոց, դպրոց եւ համալսարան, կանգնեցուած է յուշարձանը: 2008թ. գրողի ծննդեան 100-ամեակի առթիւ ՀՀ-ի մէջ յայտարարուած էր «Սարոյանական տարի»: