«Երրորդ Անգամ Վերջապէս Ամուսնացայ Անոր Հետ, Որուն Մասին Միշտ Երազած էի». Ազնաւուրի Անկեղծ Հարցազրոյցը «Maxim» Ամսագիրին

Ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ-երգահան Շառլ Ազնաւուր ռուսական «Maxim» ամսագիրին տուած հարցազրոյցի ժամանակ բացայայտած է իր երկարակեցութեան գաղտնիքը, ինչպէս նաեւ պատմած անձնական կեանքին մասին:

94-ամեայ երգիչը խոստովանած է, որ աւելի քան 40 տարիէ չի ծխեր եւ թունդ ոգելից ըմպելիքներ չ՛օգտագործեր, առողջ սնունդ կ՛օգտագործէ եւ լողով կը զբաղի:

Խօսելով իր կնոջ` Ուլլա Թորսելի հետ փոխյարաբերութիւններու մասին` ան ըսած է, որ երջանիկ ամուսնութեան գաղտնիքը յարաբերութիւններու մէջ անկեղծ ըլլալն է:

«Առաջին անգամ ես ամուսնացայ, երբ շատ երիտասարդ էի: Երկրորդ անգամ` երբ շատ յիմար էի: Երրորդ անգամ ես վերջապէս ամուսնացայ անոր հետ, որուն մասին միշտ երազած էի` բաց գոյնի աչքերով եւ մետաքսեայ մաշկով շիկահերի հետ: Բացի այդ, Ուլլան փոքր է ինձմէ 17 տարիով: Հիասքանչ տարիքային տարբերութիւն է, կը կարծեմ: Իսկ, ընդհանուր առմամբ, երկարատեւ ամուսնութեան գաղտնիքը իրարու հետ առաւել բնական ըլլալու եւ կողակիցին ուզածը ըսելու մէջ է: Թէեւ հիմա բոլորին կ՛ըսեմ ճշմարտութիւնը:

«Իմ տարիքիս կարնամ ինծի թոյլ տալ ընել ատիկա»,- ըսած է Ազնաւուր:

Ան նաեւ պատմած է իր ստեղծագործական ծրագիրներուն մասին եւ վստահութիւն յայտնած, որ իր 100-ամեակը ան պիտի նշէ բեմի վրայ:

«Ես կը ծրագրեմ համերգ ունենալ 2024 թուականի Մայիս 22-ին` ծննդեանս 100-ամեակին: Յետոյ տեսնենք»,- ըսած է ան` աւելցնելով, որ մտադիր չէ «մեռնիլ տունը` բազկաթոռին նստած»:

 

Scroll Up