«Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրի Մասնակիցներու Ճամբարային Առօրեան. Նարնջագոյն Ճամբար
Սփիւռքահայ շուրջ 440 պատանի ու երիտասարդ, որոնք Հայաստան ժամանած են մասնակցելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրին, օգոստոս 10-էն` բաժնուելով հոսքերու ու խումբերու, ծրագիրի կրթական եւ ճանաչողական մասի ծիրէն ներս մեկնեցան Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր, եկեղեցիներ, թանգարաններ, Հայ-ռուսական համալսարանին մէջ մասնակցեցան հայերէնի դասընթացներու:
Օգոստոս 21-ին մասնակիցներն ուղեւորուեցան Ծաղկաձոր` ուր տեղի կ՛ունենայ ծրագիրի եզրափակիչ` ճամբարային փուլը:
Ճամբարային օրերուն ընթացքին սփիւռքահայ երիտասարդներն ու պատանիները բաժնուելով ճամբարներու` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն, իրենց հանգիստը կը վայելեն ծաղկաձորեան բնութեան գիրկը, կը սորվին ազգային երգ ու պար, կը մասնակցին մարզական, մտաւոր խաղերու:
«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ Նարնջագոյն ճամբարի առօրեան` լուսանկարներով.