«Իմ Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Անունով Շնորհակալ Եմ Ձեզ, Իրաքի Հայ Համայնքին». Մխիթար Հայրապետեան

Օգոստոս 14-ին Սփիւռքի նախարարութիւն այցելեցին Իրաքի Հանրապետութեան մէջ ՀՀ դեսպան Կարէն Գրիգորեան, Իրաքի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Գէորգ Գատոյեան` տիկնոջ` Սիլվա Մանուկեանի հետ, գանձապահ Վարդան Վարդանեան, ատենադպիր Արամ Քէթէնճեան, Հայ մշակութային միութեան փոխատենապետ Նուշիկ Մելքոնեան, ՀՀ-ի մէջ իրաքահայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարանդ Պետրոսեան` տիկնոջ` Սօսի Աւագեան-Պետրոսեանի հետ:

Ողջունելով հիւրերը` Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան նշեց. «Ուրախ եմ ընդունելու ձեզ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ, ինծի համար մեծ պատիւ է, որ այստեղ էք: Չնայած բոլոր դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, որոնց կ՛առերեսուի Իրաքի հայ համայնքը, Հայաստանի կառավարութիւնը, Սփիւռքի նախարարութիւնը մեծ ընելիքներ ունին ձեր թիկունքին կանգնելու համար: Այսօր, սակայն, դուք  կանգնած էք Հայաստանի թիկունքին: Չափազանց կարեւոր է, անգնահատելի է ձեր աջակցութիւնը սահմանամերձ Խաչիկ գիւղին: Թէեւ նախաձեռնութիւնը նախորդ կառավարութեանն է, բայց մեր կառավարութիւնը չափազանց կարեւոր կը համարէ սահմանամերձ շրջաններու կայուն զարգացումը: Եթէ կ՛ուզենք կառուցել ուժեղ պետութիւն` ուժեղ անվտանգութեամբ, ուժեղ տնտեսութեամբ, պէտք է լծուինք սահմանամերձ գիւղերու զարգացման գործին: Իմ եւ ՀՀ կառավարութեան անունով շնորհակալ եմ ձեզ, Իրաքի հայ համայնքին: Վստահ եմ, որ այս նախաձեռնութիւնը վարակիչ կը դառնայ միւս հայկական համայնքներուն համար»:

Հայանպաստ աշխոյժ գործունէութեան, հզօր, խաղաղ եւ ապահով Հայաստան ունենալուն, սահմանամերձ գիւղերու համաչափ զարգացման ուղղուած ազգանուէր գործունէութեան համար նախարարը Իրաքի հայ համայնքին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ յուշամետալով:

Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան շնորհակալագիրներ յանձնեց Իրաքի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Գէորգ Գատոյեանին, Իրաքի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան գանձապահ Վարդան Վարդանեանին, ՀՀ-ի մէջ իրաքահայ համայնքի ներկայացուցիչ Վարանդ Պետրոսեանին:

Իրաքի Հանրապետութեան մէջ ՀՀ դեսպան Կարէն Գրիգորեան խօսելով համայնքին առջեւ ծառացած դժուարութիւններուն մասին` շեշտեց, որ համայնքն իր ունեցած փոքր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ կատարած է առաւելագոյնը, որ հայրենիքին հանդէպ ունեցած վերաբերմունքի դրսեւորումն է:

Իր շնորհակալական խօսքին մէջ Գէորգ Գատոյեան նշեց Հայրենիքին օգտակար ըլլալու, անոր զարգացման նպաստելու` Իրաքի հայ համայնքի պատրաստակամութեան մասին:

 ՀՀ-ի մէջ իրաքահայ համայնքի ներկայացուցիչ, 2003թ ընտանիքով հայրենադարձուած  Վարանդ Պետրոսեան աւելցուց. «Այս հողին վրայ է, որ պիտի կերտենք մեր ներկան ու ապագան»:

2017թ. ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած` սահմանապահ բնակավայրերու աջակցութեան ծրագիրին ծիրէն ներս նախարարութեան եւ Իրաքի Հանրապետութեան մէջ հայ համայնքի համագործակցութեան արդիւնքով Իրաքի Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը պատրաստակամութիւն  յայտնած է աջակցութիւն տրամադրելու `ՀՀ Վայոց ձորի մարզի Արէնի համայնքի Խաչիկ բնակավայրին մէջ առկայ հիմնախնդիրները լուծելու նպատակով: Աշխատանքերու մեկնարկը տրուած է 2018թ. մարտ ամսուն: Իրականացուած է ջրազտիչ աւազանի  կառուցում, 500մ խմելու ջուրի խողովակի տեղադրում, երեխաներու համար նախատեսուած ջրաւազանի կառուցում, խաղահրապարակի վերանորոգում, ինչպէս նաեւ 2500 պտղատու ծառերու տնկիներու տրամադրում:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Խաչիկ բնակավայրի մշակոյթի տունը վերանորոգելու վերաբերեալ: Բարեգործական աշխատանքները պիտի կրեն շարունակական բնոյթ, նախնական բանակցութիւններ կ՛իրականացուին բնակավայրին մէջ արտեզեան ջուրի ջրամբար եւ ջրագիծ կառուցելու վերաբերեալ:

Scroll Up