Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Հանդիպում Համահայկական 8-րդ Կրթական Խորհրդաժողովի Մասնակիցներուն Հետ

Օգոստոս 6-ին Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Համահայկական 8-րդ կրթական խորհրդաժողովի մասնակիցներուն հետ, որուն կը մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի 24 երկիրներու 120 ներկայացուցիչ:

Սփիւռքէն ժամանած ուսուցիչները ողջունեց Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմը` փոխնախարար Դաւիթ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: Իր խօսքին մէջ Դաւիթ Սարգսեան նշեց, որ այսօրուան հանդիպման նպատակն է լսել Սփիւռքի կրթօճախներուն մէջ առկայ խնդիրները եւ փորձել հնարաւորինս այդ խնդիրներուն լուծում տալ:

Ուսուցիչներուն հնչեցուցած հարցերը հիմնականին մէջ կը վերաբերէին դասագիրքերուն, վերապատրաստման խնդիրներուն: Նախարարութեան աշխատակիցները ամենայն ուշադրութեամբ լսեցին մանկավարժներու հարցերը եւ առաջարկները, քննարկեցին եւ յետագայ համագործակցութեամբ որոշեցին կարգաւորել Սփիւռքի մէջ յառաջացած խնդիրները:

Քննարկման մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին Սփիւռքի նախարարութեան ջերմ ընդունելութեան եւ իրենց հարցերուն սպառիչ պատասխաններ տալու համար:

 

Scroll Up