Կլենտէլի Քաղաքային Խորհուրդը Միաձայն Հաստատած Է Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Նախագիծը

Կլենտէլի քաղաքային խորհուրդը յուլիս 31-ին կայացած նիստին ընթացքին միաձայն հաստատած է Հայ-ամերիկեան թանգարանի նախագծման 2-րդ փուլը:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով «Ասպարէզ» օրաթերթին, կը յայտնէ, որ խորհուրդը տարածքի վարձակալման մասին վերջնական որոշում պէտք է կայացնէ օգոստոս 14-ին: Այն պիտի տրուի վարձակալութեամբ` տարեկան 1 տոլար խորհրդանշական վարձավճարով: Հայ-ամերիկեան թանգարանի տարածքը, որ կը գտնուի Կլենտէլի կեդրոնական զբօսայգիին մէջ, կը տրամադրուի 55 տարի ժամկէտով եւ եւս 40 տարի երկարաձգելու հնարաւորութեամբ:
«Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Կլենտէլի քաղաքապետին, քաղաքային խորհուրդի անդամներուն նախագիծի իրականացման աջակցելու համար, ինչպէս նաեւ մեզ օժանդակելու` ստեղծելու թանգարան եւ մշակութային կեդրոն, որ հպարտութիւն կը բերէ Կլենտէլին,- իր խօսքին մէջ նշած է Հայ-ամերիկեան թանգարանի գործադիր նախագահ Պերճ Կարապետեան եւ աւելցուցած, – Մենք կը շարունակենք համագործակցութիւնն այս կարեւոր նախագիծը կեանքի կոչելու հարցով, որ մարդոց հնարաւորութիւն կու տայ զգալ մշակութային բազմազանութիւնը, ուսուցանելու հանրութիւնը հայ-ամերիկեան պատմութեամբ»:
Աւելցնենք, որ 1,7 հա մակերեսով Կլենտէլ քաղաքի Կեդրոնական զբօսայգիին մէջ կառուցուելիք Հայ-ամերիկեան թանգարանը եռայարկ պիտի ըլլայ, պիտի ներառէ ցուցասրահներ, ուսուցողական կեդրոններ, փոքրիկ թատրոն ու դասասենեակներ: