Սփիւռքի Նախարարը ՀՄԸՄ 100-ամեակի Ձեռնարկներու Ծիրէն Ներս Դիտեց Տօնական Քայլերթը

Յուլիս 21-ին 11-րդ համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի մասնակիցները տողանցքով Ազատութեան հրապարակէն քալեցին դէպի Հանրապետութեան հրապարակ:

Տօնակատարութեան ծիրէն ներս Հանրապետութեան հրապարակ բերուեցան հինգ կարեւորագոյն դրօշները` ՀՀ դրօշը, ՀՄԸՄ-ի դրօշը, ՀՄԸՄ- ՀԱՍԿ դրօշը, ՀՄԸՄ 100 ամեակին նուիրուած դրօշն ու համաշխարհային սկաուտական շարժման դրօշը:

Ձեռնարկին սկիզբն ազդարարեց ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ-ի շեփորային նուագախումբը, որմէ ետք մեծ շուքով մէկը միւսին ետեւէն Հանրապետութեան հրապարակ մտան տողանցքի մասնակիցները` աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան` նշելով, որ  քանի մը օր առաջ, երբ Բիւրականի մէջ հանդիպեցաւ հարիւրաւոր ՀՄԸՄականներու, զրուցեց  անոնց հետ, տեսաւ անոնց ոգեւորուածութիւնը` հպարտութեամբ լեցուեցաւ:

Նախարարը նաեւ շեշտեց, որ թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակին մէջ անուրանալի է նաեւ սփիւռք ապրող իւրաքանչիւր հայու դերը:

«Դեռ  քանի մը ամիս առաջ, նոյն այս հրապարակին վրայ կանգնած, մենք կը զգայինք ձեր աջակցութիւնը ու նաեւ հէնց ձեր շնորհիւ է, որ թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ մենք ունեցածք փառահեղ յաղթանակ»,-ըսաւ նախարարը:

Յուլիս 19-29 Հայաստանի մէջ մեծ շուքով կը նշուի ՀՄԸՄ-ի մէկդարեայ յոբելեանը` ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի, Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ:

Scroll Up