«Հայաստանի ՄԷջ Երբեք Օտարութիւն Չզգացի». Իրաքահայ Պատանի
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրի անցումային փուլի մասնակից 14-ամեայ Մարինա Պետրոսեան կ՛ապրի Իրաքի Պասրա քաղաքին մէջ, կը յաճախէ հայկական դպրոց, ուր կը դասաւանդեն հայոց լեզու, կրօն, հայոց պատմութիւն եւ այլ առարկաներ:
Մարինան ոգեւորութեամբ կը յաճախէ դասերուն` գիտակցելով օտարութեան մէջ ազգային դիմագիծի ու հարազատ լեզուի պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Տան մէջ ալ անվերապահօրէն հայերէն կը խօսին, կը հետեւին հայկական աւանդոյթներուն, կը նշեն տօները:
Սուրբ Ծննդեան տօնը Մարինայի համար մեծ խորհուրդ ունի, ամէն տարի սրտի թրթիռով կը սպասէ ընկերներուն եւ ընտանիքի անդամներուն հետ հայկական եկեղեցի երթալուն, որպէսզի Սբ.Պատարագին մասնակցին:
«Իրաքահայ հասակակիցներուս հետ մասնակցած եմ «Արի տուն» ծրագիրին: Յագեցած օրեր անցուցած եմ, տպաւորութիւններս աննկարագրելի են: Ամէն ինչ լաւ կազմակերպուած էր. մարդիկ ամէնուր մեզի հոգատար վերաբերմունքի կ՛արժանացնէին»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Մարինան` աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ ամէն ինչ կը սիրէ, յատկապէս` բնութիւնն ու համեղ ուտելիքները:
Մարինան կարեւոր նուաճում կը համարէ ծրագիրի ծիրէն ներս հայրենագիտութեան դասընթացներուն մասնակցիլը: Ան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչուհիին` Սօսի Աւագեանին, որ դասընթացներուն ժամանակ սրտբաց ամէն ջանք գործադրած է` բազմաբնոյթ տեղեկութիւններ հաղորդելու համար:
Ան նշեց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ հոգեպէս հանգիստ եղած է, կարծես իր տան մէջ էր, քանի որ օտարութիւն չէ զգացած:
Մարինան քաջատեղեակ է, որ Հայաստանի մէջ որակեալ կրթութեան համար բոլոր նպաստաւոր պայմաններն առկայ են, եւ գուցէ ատիկա ալ դառնայ պատճառ, որ յետագային բարձրագոյն կրթութիւնը այստեղ ստանայ:
Գէորգ Չիչեան