«Գործնական Նոր Առաջարկս Սփիւռքահայերու Համար Է». Կիրակոս Գույումճեան
Քուէյթաբնակ հալէպահայ գործարար, գրող, հրապարակախօս Կիրակոս Գույումճեան Հայաստանի ընկերային-տնտեսական վիճակը բարելաւող եւ ներդրումները խթանող նախագիծ մը կը ցանկայ իրագործել, որուն մանրամասնութիւնները կը ներկայացնէ «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցի ընթացքին:
-Պարոն Գույումճեա՛ն, վերջերս հանդիպած էք Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին: Ին՞չ հարցեր արծարծած էք հանդիպման ընթացքին:
-Նախ շնորհաւորեցի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը նոր պաշտօնի ստանձման համար` Հայաստան-Սփիւռք փոխգործակցութեան ճանապարհին մաղթելով արգասաբեր համատեղ աշխատանք: Խօսեցանք նաեւ թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակի մասին:
Զրոյցի ընթացքին նախարարին յայտնեցի սփիւռքահայերուն գործնական առաջարկ ունենալուս մասին, որ իրականացնելու պարագային Հայաստանի մէջ կը խթանենք տնտեսութեան զարգացման ու ներդրումներու աճին:
-Ինչ՞ առաջարկի մասին է խօսքը:
–Այս գաղափարիս իրագործումը նախ օգտակար կ՛ըլլայ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման համար: Կ՛առաջարկեմ, որ սփիւռքահայերը զբօսաշրջութեան կամ այլ նպատակով Հայաստան գալու ժամանակ իրենց երկիրներէն գնումներ չկատարեն, այլ անհրաժեշտ ամէն ինչ գնեն հէնց Հայաստանէն. այստեղ ամէն ինչ բարձրորակ է եւ համեմատաբար` մատչելի: Այդպիսով անոնք կը խնայեն իրենց ժամանակն ու ջիղերը, ճամպրուկները չեն ծանրաբեռներ եւ, միաժամանակ, ազգանպաստ գործունէութիւն կը սկսին:
Մեր ընտանիքին օրինակը ներկայացնեմ. Երեւան գտնուող մեր բնակարանին համար ամբողջ կահոյքը, առաջին անհրաժեշտութեան տնտեսական, կենցաղային ապրանքները Հայաստանէն գնած ենք եւ շատ գոհ մնացած: Նոյնիսկ եղբօրս աղջկան հարսանիքի ոսկեղէնը` որպէս նուէր, այստեղէն գնեցինք:
Այս նախագիծն իրագործելու համար անհրաժեշտ է ուշագրաւ անուն մտածել, որ կը դպչի սփիւռքահայերու սրտերուն եւ գործուն քայլերու կը տրամադրէ: Նաեւ անհրաժեշտ է համապարփակ քարոզչութիւն իրականացնել:
-Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք քարոզչութիւնը:
-Կը կարծեմ` մեզի շատ կ’օգնեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գործող լրատուամիջոցները` յօդուածներ, հարցազրոյցներ, տեղեկատուական նիւթեր հրապարակելով, որպէսզի հնարաւորինս շատ մարդիկ տեղեկանան եւ մեր համախոհները դառնան: Ինչու ոչ, կրնանք համահայկական շարժում սկսիլ:
Եթէ նոյնիսկ մեծ ցուցանիշ չգրանցենք, միեւնոյնն է, այն բարոյահոգեբանական դրական մթնոլորտ պիտի ստեղծէ սփիւռքահայերուն մօտ:
-Պարո՛ն Գույումճեան, ինչպէ՞ս որոշեցիք կեանքի կոչել այս գաղափարը:
– Այս կարեւոր գործը սկսիլը ինծի խանդավառեց ազգիս եւ Հայրենիքիս հանդէպ ունեցած սէրս:
Ակամայէն յիշեցի զօրավար Անդրանիկի խօսքերը` «Ամէն գիշեր գլուխդ բարձին դնելէ առաջ պահ մը մտածէ՛, թէ ինչ ըրած ես քու ազգիդ համար»: Այս անգին խօսքերը պէտք է ուղենիշ եւ ամէնօրեայ նշանաբան ըլլան բոլորիս համար:
Զրուցեց Գէորգ Չիչեան